Շէյխ Ապտել Ուահետի Ընտանեկան Պարագաները Կ՛Առկախեն Ցաւակցական Ընդունելութիւնները

Քուէյխաթի միջադէպին ընթացքին սպաննուած շէյխ Ահմետ Ապտել Ուահետի եւ անոր ընկերակիցին ընտանեկան պարագաները երէկ յայտարարեցին, որ կը մերժեն ցաւակցական այցելութիւններ ընդունիլ, մինչեւ այս հարցին Դատական իշխանութիւններու գերագոյն խորհուրդ փոխանցումը:

Նշենք, որ երկու շէյխերու յուղարկաւորութեան վաղորդայնին, երէկ ճամբաները շարունակուեցան փակ մնալ իբրեւ բողոքի արտայայտութիւն: Սակայն երեսփոխաններ Մույին Մերեհպիի եւ Խալետ Տահերի միջամտութիւններէն ետք, շէյխ Ահմետ Ապտել Ուահետի եղբայրը` շէյխ Ալա, կոչ ուղղեց «շէյխ Ապտել Ուահետը սիրողներուն` վերաբանալու բոլոր ճամբաները»` առիթ տալու համար խաղաղարար միջնորդութեանց ճիգերու արդիւնաւորման:

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ կապի մէջ մտաւ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանիի հետ եւ Հըզպալլայի քաղաքական դիւանին ու սէյրիտ Հասան Նասրալլայի անունով ցաւակցութիւն յայտնեց շէյխ Ապտել Ուահետի սպանութեան առիթով:

 

Share this Article
CATEGORIES