Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՓՈԽԱԴՐԱՄԻՋՈՑՆԵՐՈՒ մարզի պատասխանատուներ երէկ յայտնեցին, որ երկրի վերջին իրադարձութիւններուն լոյսին տակ կ՛առկախեն նախօրօք յայտարարած իրենց գործադուլի կոչը:

ՔԱՐԻՒՂԻ ընկերութեանց աղբիւրներ հաւանական նկատեցին, որ թիթեղ մը պենզինին սակագինը այսօր 900 լիբ. ոսկիի նուազում արձանագրէ:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Իպրահիմ Քանաան, երեսփոխան Մոհամետ Քապպանիի հետ բուռն բանավէճէ ետք ընդհատելով Ժալ էլ Տիպի կամուրջին յատկացուած նիստը` դուրս եկաւ ժողովէն քննադատելով արծարծուած տեսակէտները:

 

Share this Article
CATEGORIES