Պէյօղլուի Հայկական Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Հրդեհը Կանխարգիլուած Է

Պոլսոյ Պէյօղլու թաղամասին մէջ գտնուող հայկական Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մօտ հրդեհ ծագած է:

Տակաւին անյայտ պատճառներով այրած է եկեղեցւոյ կից գտնուող չորս յարկանի շէնք մը:

Դէպքը տեղի ունեցած է երէկ առաւօտեան ժամը 7:00-ի սահմաններուն մէջ, կրակը շատ արագ տարածուած է բոլոր յարկերուն վրայ եւ հասած մինչեւ հայկական եկեղեցին:

Այրած է եկեղեցւոյ պատին մէկ մասը, սակայն դէպքի վայր հասած հրշէջները յաջողած են կանխարգիլել կրակի հետագայ տարածումը: Հրդեհին պատճառով զոհեր եւ վիրաւորներ չեն արձանագրուած:

Share this Article
CATEGORIES