Նալբանդեան Շիքակոյի Մէջ Մասնակցեցաւ Աֆղանիստանի Հարցով Վեհաժողովին

Նախանցեալ օր Շիքակոյի մէջ տեղի ունեցաւ Աֆղանիստանի մէջ ապահովութեան աջակցութեան ուժերուն մասնակցող երկիրներու ղեկավարներուն հանդիպումը, որուն ընթացքին Հայաստանի պատուիրակութիւնը գլխաւորեց արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան:

Աֆղանիստանի մէջ տիրող իրավիճակին եւ միջազգային հանրութեան աշխատանքներուն նուիրուած հանդիպումին մասնակցեցան ՕԹԱՆ-ի անդամ եւ Աֆղանիստանի մէջ ապահովութեան աջակցութեան միջազգային ուժերուն մասնակցող շուրջ հինգ տասնեակ երկիրներու ներկայացուցիչներ:

Ելոյթ ունենալով հանդիպման ընթացքին` Նալբանդեան վերահաստատեց  Հայաստանի յանձնառութիւնը շարունակելու օժանդակութիւնը Աֆղանիստանի մէջ ապահովութեան եւ ներազգային համերաշխութեան հաստատման ուղղութեամբ գործադրուող ջանքերուն:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES