Ռուստամեան. «Հանրապետական Կուսակցութիւնը ՀՅԴ-ին Համագործակցութեան Առաջարկ Չէ Ներկայացուցած»
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան երէկ հերքեց խօսակցութիւնները այն մասին, թէ նախագահ Սերժ Սարգսեան վերջին շրջանին քաղաքական խորհրդակցութիւններ կը վարէ Դաշնակցութեան հետ:
Ռուստամեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցին ընթացքին յայտարարեց, որ Հանրապետական կուսակցութեան ղեկավարը ՀՅԴ-ին համագործակցութեան առաջարկ չէ ներկայացուցած:
Նշենք, Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան գործադիր մարմինի նիստէն ետք կուսակցութեան բանբեր Էդուարդ Շարմազանով յայտարարած էր, որ Հանրապետական կուսակցութիւնը Բարգաւաճ Հայաստանէն բացի բանակցութիւններ կը վարէ նաեւ այլ քաղաքական ուժերու հետ:
«Յետընտրական տրամաբանութեան մէջ որոշ համագործակցութիւններու ձեւաչափեր, տարբեր տեսակի խնդիրներ քննարկել` ոչ® այդպիսի քննարկումներ տեղի չեն ունեցած, որովհետեւ մենք մեր տեսակէտները յստակօրէն յայտնած ենք: Ճիշդ ընտրութիւններէն ետք մենք ըսինք, որ համաձայնական կառավարութեան ձեւաւորուելու խնդիր չկայ, մեր ծրագիրը հիմնուած է ամբողջական իշխանափոխութեան օրակարգին վրայ: Այդպիսի հարց մեզի հետ չէ քննարկուած», ըսաւ Ռուստամեան:
5-րդ գումարման Ազգային ժողովին մէջ Դաշնակցութիւնը պիտի ունենայ ընդամէնը հինգ պատգամաւոր: Նախորդ գումարման Ազգային Ժողովին մէջ կուսակցութիւնը ունէր 16 պատգամաւոր: Բացի անկէ, որ Դաշնակցութիւնը այս ընտրութիւններուն ընթացքին կորսնցուց 11 տեղ Ազգային Ժողովին մէջ, անիկա նաեւ կորսնցուց մեծամասնական ընտրակարգով յաղթած միակ պատգամաւորը` «Աւշար» գինիի գործարանի սեփականատէր Արայիկ Գրիգորեանը: Վերջինս յայտարարեց, որ պիտի ըլլայ անկախ պատգամաւոր եւ հիմնականին մէջ պիտի համագործակցի Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան հետ:
«Ատիկա մեր նախաձեռնութիւնն է, որ Արայիկ Գրիգորեան կաշկանդուած չզգայ այն քաղաքականութեամբ, որ մենք կը պատրաստուինք Ազգային ժողովին մէջ իրականացնել: Մենք շատ լուրջ, ամբողջական եւ լիարժէք ընդդիմութեան դաշտին մէջ գործող խմբակցութիւն պիտի ըլլանք, եւ Արայիկ Գրիգորեան կրնար կաշկանդուիլ, մեր այդ խիստ, կարծր կեցուածքները որոշ տեղ չկիսէր կամ խնդիրներ յառաջանային», այդ առնչութեամբ ըսաւ Ռուստամեան:
Ամենայն հաւանականութեամբ Դաշնակցութիւնը փոփոխութիւններ պիտի մտցնէ իր հինգ հոգինոց պատգամաւորական խումբի կազմին մէջ, մասնաւորաբար, խորհրդարան անցած հինգ պատգամաւորներէն մէկը յառաջիկայ օրերուն պէտք է ինքնաբացարկ ներկայացնէ, որպէսզի խորհրդարան անցնի Դաշնակցութեան համամասնական ցուցակի 7-րդ տեղը զբաղեցնող «Կրանտ քենտի» ընկերութեան գործադիր տնօրէն Արմէն Բաբայեան: Համամասնական ցուցակով խորհրդարան անցած են ցուցակի առաջին հինգ տեղերը զբաղեցնող Վահան Յովհաննիսեան, Արմէն Ռուստամեան, Արտաշէս Շահբազեան, Աղուան Վարդանեան եւ Արծուիկ Մինասեան: Դաշնակցութիւնը տակաւին կը քննարկէ, թէ անոնցմէ ո՛վ պիտի զիջի իր տեղը «Կրանտ քենտիի» տնօրէնին:
«Մենք իսկապէս ունինք մէկ բաց, որ պէտք է լրացնենք: Մեր տնտեսական պլոքը այս ձեւաչափով թոյլ է եւ միւս աւելի մօտիկ անձը, որ տնտեսական գործունէութեան մէջ կը բաւարարէ իր իմացութիւններով, մասնագիտական կարողութիւններով, Արմէն Բաբայեանն է: Բնական է, որ ան Ազգային Ժողով մտնելէն ետք պէտք է վար դնէ այդ լիազօրութիւնները», յայտնեց Ռուստամեան:
Անդրադառնալով «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի այն դիտարկման, թէ տեսակէտ կայ, որ «Կրանտ քենտի»-ի տնօրէնը մեծ գումարներ ներդրած է քարոզարշաւի ընթացքին եւ հիմա պէտք է փոխհատուցուի աթոռով մը, Ռուստամեան արձագանգեց, որ «եթէ այդպէս մտածենք, ուրիշներն ալ կային, որոնց մասին կը խօսէին, ուրեմն իրենք ալ պէտք է փոխհատուցուէին: Դաշնակցութիւնը այսպիսի փոխհատուցման խնդիր չունի»:


