Սահմանային Ապահովութեան Մարզին Մէջ Օժանդակութեան Վերաբերող Համաձայնագիրի Ստորագրութիւն` Միացեալ Նահանգներու Հետ

Երէկ Հայաստանի արտաքին գործոց  նախարարի տեղակալ Աշոտ Յովակիմեան եւ Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճոն Հեֆըրն արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ ստորագրեցին «Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային անվտանգութեան ծառայութեան եւՄիացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան միջեւ սահմանային ապահովութեան մարզին մէջ օժանդակութեան եւ զանգուածային ոչնչացման զէնքերու տարածման կանխարգիլման ուղղութեամբ համագործակցութեան վերաբերեալ» համաձայնագիրը:

Համաձայնագիրը նպատակ կը հետապնդէ կանոնակարգել Հայաստանի ազգային անվտանգութեան ծառայութեան եւ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան հետաքրքրութիւններու շրջագիծին Հայաստանի տարածքով զանգուածային ոչնչացման զէնքի եւ յարակից արհեստագիտութեան եւ նիւթերու անօրինական փոխանցումը եւ փոխադրումը կանխելու, կասեցնելու, բացայայտելու ու արգելելու համար Միացեալ Նահանգներու կողմէ Հայաստանի տրամադրուող պարագաներու, սարքաւորումներու, գործիքներու մատակարարման, զանգուածային ոչնչացման զէնքի բացայայտման եւ գրաւման դէպքերու առնչութեամբ տեղեկատուութեան փոխանակման, թեքնիք մասնագէտներու վերապատրաստման, ինչպէս նաեւ թեքնիք ներկայացուցիչ կամ ներկայացուցիչներ նշանակելու ու անոնց գործունէութեան հետ կապուած յարաբերութիւններ:

 

Share this Article
CATEGORIES