Հարկրէյվզ Պիտի Լքէ Մանչեսթըր Սիթին
Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին միջնապահ Օուըն Հարկրէյվզ պիտի լքէ իր ակումբը Մանչեսթըր Սիթին, երբ անոր ստորագրած մէկ տարուան պայմանագրութիւնը աւարտի:
31 տարեկան Օուըն, որ նախորդ օգոստոսին միացաւ Սիթիի` լքելով Մանչեսթըր Եունայթըտը, ընդհանրապէս վիրաւոր ըլլալով դաշտ ներկայացաւ միայն չորս անգամ եւ նշանակեց կոլ մը միայն:
Նշենք, որ ան Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին շապիկը կրած է 42 անգամ: Կ՛արժէ նշել, որ ան 2006-ի Մոնտիալին Անգլիոյ լաւագոյն մարզիկներէն մէկն էր:
CATEGORIES Մարզական


