Սամպօ. Հայաստանի Մարզիկները Պիտի Փորձեն Թիւով Աւելի Շատ Ոսկի Մետալներու Տիրանալ
Հայաստանի Սամպոյի ֆետերասիոնի նախագահ Լեւոն Հայրապետեան, իր կողքին ունենալով հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Յովհաննէս Խոջոյեանը, տուաւ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին անդրադարձաւ 2012-ին տեղի ունեցած սամպոյի մեծերու, երիտասարդներու եւ պատանիներու Եւրոպայի ախոյեանութեան մասնակցած հայրենի մարզիկներուն, որոնք տիրացան 20 մետալի (1 ոսկի, 2 արծաթ եւ 17 պրոնզ):
Մամլոյ ասուլիսին ընթացքին անոնք երկուքն ալ շեշտեցին այն կէտը, որ յառաջիկային տեղի ունենալիք այլ մրցաշարքերու ընթացքին հայրենի մարզիկները կրնան եւ պէտք է փորձեն շատ աւելի լաւ արդիւնք արձանագրելով տիրանալ ոսկի մետալներու:
CATEGORIES Մարզական

