Կոչ Ուղղելով Խաղաղարար Շարժումի Նախաձեռնութեանց. «Սուրիական Տագնապէն Դուրս Գալու Միակ Ելքը Երկխօսութեան Սեղանն Է» Ըսաւ Լեւոն Զաքի Ետալեան
Սուրիական-հայաստանեան գործարար խորհուրդի նախագահ Լեւոն Զաքի Ետալեան կոչ ուղղեց ազգային ընդդիմութեան, երկխօսութեան հաստատ ենթահողէ մեկնելով, համաձայնիլ հասարակաց եզրերու շուրջ ու իր տեսակէտը ներկայացնել խաղաղարար լուծման գծով ու այս` վերջ տալու համար սուրիական տագնապին, որ իր պայթելէն աւելի քան տարի մը ետք աւելի սաստկացաւ զէնքին կառչելու ընտրանքին պատճառով:
Ետալեան կոչ ուղղեց յաջողեցնելու ՄԱԿ-ի ու Արաբական լիկայի կողմէ Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Քոֆի Անանի առաքելութիւնը, զայն նկատելով պատմական առիթ մը` վերջ տալու բռնարարքներուն եւ անդորրութեան ու ապահովութեան վերահաստատման: Այս բոլորը` այն իրողութեան լոյսին տակ, թէ` միջազգային դէտերու առաքելութեան ցուցանիշները այնքան ալ յուսատու չեն թուիր, ապահովական այն պատգամներուն պատճառով, որոնք կ՛իյնան խաղաղարար միջնորդութեան ճիգերը ձախողեցնելու միտող զինուորականներու թէ քաղաքայիններու դէմ սպանութեան ու ահաբեկչական արարքներու ոլորտին մէջ: Նմանապէս, այդ պատգամները կը միտին ծուղակի մէջ ձգել Սուրիան` զայն յառաջիկայ փուլին լծելով արտաքին ծրագիրներու եւ օրակարգերու, որոնք խոտոր կը համեմատին մէկ հայրենիքի զաւակներու շահերուն:
Տեղական արաբատառ «Մատինաթունա» կայքէջի խմբագրապետին հարցումներուն պատասխանելով` Ետալեան կոչ ուղղեց զգուշանալու արտաքին լուծումներու թէ օտար ուժերու տեղակայման վճռումով յուսադրուող ընդդիմութեան գրաւի շարունակութենէն: Սահմանային ճակատէն մեկնող զինուորական վճռումի ու «Լիպիական օրինակ»-ին հետեւող ընդդիմութեան այդ գրաւը, բազմաթիւ պատճառներով, կարելի չէ բաղդատել Սուրիոյ ներքին կառոյցին, որ կրնայ տագնապը մղել նաեւ սահմանէն անդին:
Ան դիտել տուաւ, թէ միաժամանակ շրջանային ու միջազգային շահերու բախումն ու խաչաձեւումն են պատճառը Սուրիոյ տագնապի երկարաձգման, որ կրնայ աւելի սաստկանալ, եթէ ազգային ընդդիմութիւնն ու նորակազմ կուսակցութիւնները չանդրադառնան, թէ երկխօսութեան սեղանն է միակ ելքը` երկիրը փրկելու եւ կանխարգիլելու քաղաքացիական պատերազմ մը, որ ոչ ոքի կը նպաստէ: Նմանապէս, զինեալ խմբակցութիւններուն ալ նպաստաւոր չէ Սուրիոյ «իրաքացում»-ը (Իրաքի ճակատագրին յանգիլը) եւ արիւնահեղ վէրքերու խորացումը` զինուորական ընտրանքը վճռումի իբրեւ միակ ելք որդեգրելու պատճառով:
«Ազգային ընդդիմութենէն ու նորակազմ կուսակցութիւններէն կ՛ակնկալենք ըմբռնել Սուրիոյ եւ շրջանին դէմ շղթայազերծուող պայքարի ապագան ու անոր վտանգին ահաւորութիւնը ու առ այդ` ներկայացնել լուծման քաղաքական, տնտեսական ու բարգաւաճման համապարփակ պատկերացումներ, առանց անտեսելու կամ զանց առնելու երիտասարդները», աւելցուց Ետալեան ու շարունակեց. «Ա՛յն երիտասարդները, որոնց հարկ է ցուցմունքներ կատարել` խթանելով զանոնք ու մղելով, որ մասնակցին ժողովրդային խաղաղարար շարժումին, որ կը միտի ճշմարիտ ու հարազատ պատկերացումներ դրսեւորել` տագնապի լուծման մէջ երիտասարդութեան դերակատարութեան գծով ու զայն ներկայացնել որպէս յանձնառու պատասխանատուութեամբ յատկանշուող «ազգաին նմուշ»:
Ինչ կը վերաբերի ընթացիկ ամսուան 7-ին կայացած խորհրդարանական ընտրութեանց, Սուրիոյ վաճառականական գրասենեակներու դաշնութեան տնօրէն խորհուրդի անդամ Լեւոն Զաքի Ետալեան յստակացուց, որ թեկնածուներու անուանացանկերը զերծ էին կամ անտեսած էին ընտրական նպատակայարմար ծրագիրներ, զորս կարելի էր քաջալերել ու որդեգրել անոնց նախաձեռնութիւնները: «Արդարեւ, այն, ինչ որ ներկայացուցին, պարզապէս լոզունգներ ու սպառիչ խօսքեր են», շարունակեց Ետալեան` դիտել տալով, որ ընտրութեանց թուականը կամ «թայմինկ»-ը նկատի չէր առած Սուրիոյ ապրած փափուկ հանգրուանը: «Կը փափաքէի, որ ընթացք տրուէր խորհրդարանի կարգ մը անդամներու ներկայացուցած առաջարկին` յետաձգելու ընտրութիւնները, պայմաններու հասունացման եւ աւելի ժողովրդավար ու առողջ մրցակցութեամբ ընտրապայքար մղելու համար սուրիական բոլոր նահանգներուն մէջ` հակառակ քաղաքական բարեկարգումները ճշդուած ժամկէտին իրագործելու գծով տրուած պատրուակներուն»:
Ետալեան հաւանական նկատեց կազմութիւնը ընդլայնուած կառավարութեան մը, որ ընդգրկէ ազգային ընդդիմութեան զանազան կողմերը` առանց նկատի ունենալու Արաբական ընկերվար Պաաս կուսակցութեան տիրապետումը նախարարական մեծամասնութեան: Արդարեւ, կարեւորը` վերջերս լոյս տեսած բարեկարգչական օրէնքներու եւ ծրագիրներու գործադրութիւնն է:
Հալէպի վաճառականական գրասենեակի տնօրէն խորհուրդի անդամ Լեւոն Զաքի Ետալեան վերահաստատեց իր քննադատութիւնները կառավարութեան կիրարկած քաղաքականութեան դէմ, որ` «կը թերանայ քաղաքացիներու կարիքներու հոգատարութեան ու անոնց բարեկեցիկ կեանք ապահովելու ճիգերուն մէջ` ներկայ տագնապի տեւողութեան, որ աւելի արմատացուց աղքատութիւնը, կարգ մը նահանգներու զաւակները մղելով լքելու իրենց տուները, անօգնական` զիրենք դիմակալող տագնապին դէմ»:
Առանց ծածկելու իր մտահոգութիւնը կարգ մը անկեղծ քաղաքացիներու խաղաղարար գործընթացի գրաւին գծով` Ետալեան զգուշաւոր լաւատեսութեամբ արտայայտուեցաւ խաղաղարար վերջին ցոյցերուն եւ բարեկարգչական նախաձեռնութեանց նպատակներու իրագործման գծով, յատկապէս` ժողովրդային շարժումը թեքելու խաղաղարար լուծման ուղղութեամբ, «որուն կը ձգտինք բոլորս, մեր անկեղծ պատրաստակամութիւնը յայտնելով լրջօրէն գործակցելու ընկերային, տնտեսական որեւէ ճիգի հետ, որ կը ձգտի վերանորոգ Սուրիոյ կերտումին, առանց խտրականութեան անոր ընկերային կառոյցի բաղադրիչ որեւէ տարրին միջեւ»:

