Հովանաւորութեամբ Հայաստանի Դեսպանատան` «Արամէ» Արուեստի Ցուցասրահի «Գոյներու Սիմֆոնիա» Ցուցահանդէսը

Անգամ մը եւս Հայաստան-Լիբանան գեղարուեստի զարգացման գլխաւոր կամուրջներէն մէկը` Երեւանի «Արամէ» արուեստի ցուցասրահը, համագործակցութեամբ Միջին Արեւելքի եւ Արաբական Ծոցի ներկայացուցչութեան Պէյրութի կեդրոնին, կը ներկայացնէ Հայաստանի հռչակաւոր գեղանկարիչներուն ստեղծագործութիւնները: Իբրեւ «հիւր» արուեստագէտներ նկատի առնուած են Գարզուն եւ Ժանսեմը:

Ժամանակակից գեղարուեստի հանրայայտ վարպետներ Ռուբէն Աբովեանի, Սարգիս Համալպաշեանի, Շոթա Ոսկանեանի, Վարդան Ռումելեանի, Ռոմէօ Մելիքեանի եւ այլոց աշխատանքին արգասիքը պիտի վայելեն լիբանանահայ արուեստասէրները 23 մայիս 2012-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին` «Պէյրութ սուքս»-ի գոհարներու շուկային մէջ տեղի ունենալիք բացման հանդիսութեան ընթացքին: Նշենք, որ անիկա բաց պիտի մնայ մինչեւ 6 յունիս:

Այս առիթով «Արամէ» արուեստի ցուցասրահի տնօրէն Արամ Սարգսեանի եւ շրջանի ներկայացուցիչ Մայք Վայէճեանի հետ կը հանդիպինք եւ արուեստի մասնագէտին հարց կու տանք առաքելութեան-այցելութեան նպատակին մասին` Երեւանէն Լոս Անճելըս եւ Պէյրութ` «Արամէ» ցուցասրահներու ցանցի ստեղծումով: Արամ Սարգսեան կը պատասխանէ.

«Այս մէկը «Արամէ» ցուցասրահի կողմէ Լիբանանի մէջ կայացող աւանդական ցուցահանդէսն է: Առանձնայատկութիւնը այն է, որ նշանաւոր գեղանկարիչներու կողքին կը ներկայացնենք նոր անուններ: Անոնք են` Շոթա Ոսկանեան, Ֆելիքս Սողոմոնեան, Արթուր Յովհաննիսեան, Ռոմէօ Մելիքեան, որոնք խոստմնալից ապագայ ունին: «Արամէ» ցուցասրահը հիմնադրուած է 2003 թուականին, եւ գրեթէ 10 տարուան գործունէութեան ընթացքին մեր շուրջ համախմբած ենք Հայաստանի ամէնէն շնորհալի եւ յայտնի գեղանկարիչները: Պարբերաբար ցուցահանդէսներ կը կազմակերպենք տարբեր երկիրներու մէջ: Սակայն Լիբանանի հանրութիւնը առանձնայատուկ տեղ կը գրաւէ արուեստի նկատմամբ իւրայատուկ հետաքրքրութեամբ: Նորութիւններով եւ իւրայատկութիւններով յատկանշուող այս ցուցահանդէսը լիբանանահայ արուեստասէրներուն ուշադրութեան պիտի արժանանայ»:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արուեստի ինչպիսի՞ գաղափարներով է, որ կ՛առաջնորդուի «Արամէ»-ն` Արամ Սարգսեան բացատրեց.

«Գաղափարական կողմը հայ ժամանակակից արուեստը քարոզելն է: Մենք ունեցած ենք հանճարեղ հեղինակներ, ինչպէս` Սարեան, Բաշինջաղեան, Մենա եւ ուրիշներ, զորս, ցաւօք, աշխարհը չի ճանչնար: Պէտք չէ տրտնջանք, այլ ամէն ինչ ընենք, որպէսզի մեր արուեստը ծանօթացնենք աշխարհին: Մենք խորապէս համոզուած ենք, որ հայ կերպարուեստը հայ մշակոյթի հզօր ոլորտներէն է, եթէ ոչ ամէնէն հզօրը… Ես կրնամ ըսել, որ հայ ժամանակակից արուեստը  հայ մշակոյթի մարզին մէջ ամէնէն մրցունակ ճիւղն է իբրեւ կերպարուեստ: Փաստօրէն, մենք կրնանք միջազգային բեմերու վրայ ներկայանալ, ըլլալ մրցունակ ու հպարտ զգալ, որ այդպիսի հզօր արուեստ ունինք»:

Իսկ թէ ինչպէ՞ս հայ ժամանակակից կերպարուեստը կրցաւ իր առանձնայատուկ տեղը գրաւել խորհրդային կարգերու անկումէն ետք` իբրեւ ամէնէն ժողովրդական ու պահանջուած մշակութային մարզը աշխարհի բազմաթիւ երկիրներուն մէջ` Արամ Սարգսեան յայտնեց.

«Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք մեր ձեռք բերած առաւելութիւնը այն էր, որ Հայաստանի արուեստը առանց միջնորդի կրցաւ միջազգային բեմին ներկայանալ: Խորհրդային ժամանակներուն հայ հեղինակներու գործերը Հայաստանէն դուրս կու գային միայն Արեւմուտքի մէջ «Խորհրդային մշակութային օրեր»-ու շրջագիծին մէջ: Խորհրդային կարգերու փլուզումով հայ հեղինակները Արեւմուտքի ամէնէն նշանաւոր ու հեղինակաւոր ցուցասրահներուն մէջ ներկայացուցին իրենց գործերը: Մենք կը ներկայանանք հայ արուեստի դրօշին տակ:

«Երկու շաբաթ առաջ Երեւանի մէջ բացումը կատարուեցաւ «Արամէ» ցուցասրահի նոր մասնաճիւղին` Մաշտոցի պողոտային վրայ, որ կը համապատասխանէ եւրոպական բոլոր չափանիշներուն: Իսկ Լիբանանի մեր մասնաճիւղը, Միջին Արեւելքի եւ Արաբական Ծոցի երկիրներու ներկայացուցիչ Մայք Վայէճեանի գլխաւորութեամբ, մեր ամէնէն աշխուժ կեդրոնն է արտասահմանի մէջ»:

Գեղարուեստական այս կարեւոր իրադարձութեան առիթով «Արամէ»-ի տնօրէնին խօսքն ու մաղթանքը Լիբանանի արուեստասէրներուն.

«Սփիւռքահայութեան հետ մշակութային կապի կոմիտէին մէջ աշխատած ատենս միշտ ունեցած եմ այն կարծիքը, որ լիբանանցի արուեստասէրը բացառիկ տեղ կը գրաւէ համապատկերին մէջ: Ես կ՛ուզէի, որ Լիբանանի հայութիւնը պահպանէր իր աւանդութիւններն ու մնար արուեստի նուիրեալ»:

ՀԱՄՕ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES