ԼՕԽ-ի «Աշխէն» Մասնաճիւղի «Մայրերու Օր»-ուան Հանդիսութիւնը
Մայիս ամիսը մայրութեան նուիրուած խորհրդանիշ ամիսն է:
Մեր կնոջական կազմակերպութիւնները ուրախութեամբ կը սպասեն այս առիթով կատարուած հանդիսութիւններու: Լիբանանահայ օգնութեան խաչի գրեթէ բոլոր մասնաճիւղերը կը յարգեն մայիսեան ժամադրութիւնը` ամսուան ընթացքին կազմակերպելով «Մայրերու օր»-ը, իւրաքանչիւրը իր եղանակով: Ոմանք կը նախընտրեն դաշտագնացութիւն մը, ուրիշներ կը կազմակերպեն հանդիպումներ` տարբեր սրահներու մէջ:
ԼՕԽ-ի «Աշխէն» մասնաճիւղը (Պուրճ Համուտ, Նոր Մարաշ), իր անդամուհիները եւ բարեկամուհիները հրաւիրեց 10 մայիս 2012-ին, տօնական հանդիսութեամբ մը, Ազգային «Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան» քոլեճի սրահը: Հանդիսութիւնը սկսաւ ունկնդրութեամբ ԼՕԽ-ի քայլերգին, ապա մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհի Իսկուհի Գափլանեան բարի գալուստի եւ մայրերու շնորհաւորական խօսքերով ողջունեց ներկաները, որոնք բազմաթիւ էին: Ան սեղմ խօսքերով արտայայտեց գարնանային այս ամսուան զուգադիպող եւ մայրութեան նուիրուած տօնին խորհուրդը մայրութեան առաքելութեան եւ զոհաբերումին շուրջ:
Ներկաները բոլորուած էին վարչութեան անդամուհիներուն պատրաստած սեղաններու շուրջ:
Օրը խանդավառելու հրաւիրուած էին ժողովրդային երգիչ Արմէն Տէրտէրեան, որուն նուագով կ՛ընկերանար օրկանիսթ Հայկազ Պեքերեճեան: Մթնոլորտը ջերմացաւ հայկական եղանակներով եւ շուրջպարերով:
Համբարձման մօտալուտ տօնին առիթով Իսկուհի Գափլանեան ներկայացուց հայրենական տոհմիկ աւանդութիւններու Համբարձման տօնին վերապահուած սովորութիւններ, որոնք կը պարփակէին խմբական պտոյտներ, վիճակախաղեր, «Ջան գիւլիւմ» քառեակներով հիւսուած երգեր: Այս առիթով ներկաները իմացան Վառվառէ սրբուհիին պատմութիւնը, որ մասնաւորաբար կը յիշատակուի Համբարձման տօնին, ուխտագնացութեամբ դէպի սրբուհիին քարայրը, ուր ըստ աւանդութեան, կը հոսի պաղ աղբիւր` սրբուհիին արցունքով կաթ-կաթ ծորած:
Վարչութեան պատրաստած փոքր կողովները ծաղիկներով զարդարուած եւ Համբարձման վիճակի քառեակներով իմաստնացած` նուիրեցին իւրաքանչիւր ներկայ հանդիսականին: Նոյն ատեն անոնք ունեցան բուրումնաւէտ վարդեր` իբրեւ սիրոյ խորհրդանիշ մեր մայրերուն:
Օրը ունեցաւ նաեւ դասախօսական բաժին, զոր ներկայացուց բժշկուհի Սիրուն Վարդապետեան: Ան մայրերու տօնին սկզբնաւորման պատմականը ներկայացուց ամփոփ ձեւով, ապա մայրերուն թելադրեց հայկական աւանդութեանց հետեւողութեամբ դաստիարակել նոր սերունդը:
Յայտագիրը ունեցաւ օրուան մեծ մայրը պատուելու բաժինը: Այս առիթով մեծարուեցաւ մասնաճիւղի երէց անդամուհի Էլմաստ Մսըրլեան, որուն ընծայեցին ծաղկեփունջ մը, փոխան ներկայ մայրերուն:
Ներկաները ամենայն հաճոյքով ճաշակեցին վարչութեան եւ ընկերային յանձնախումբին պատրաստած հայկական ֆրիքէ-եղինձը եւ այլ համադամներ: Այս ուրախ տրամադրութիւնը քաջալերեց ներկաները, որոնք իրենց ցնծուն նուիրատուութեամբ օգտակար եղան ԼՕԽ-ի ստանձնած առաքելութեան: Հաճելին օգտակարին միացած ձեռնարկ մըն էր այս, որ գոհունակութիւն ներշնչեց բոլորին:
Ս. Պ.

