Հայկական Հարցի Արդար Լուծումովը Ոչ Մէկ Ննջեցեալ Ետ Պիտի Գայ. Հարցազրոյց` Ռաքէլ Տինքի Հետ

Անհաւանական ջանքերու գնով Պոլսոյ մէջ հանդիպեցայ Հրանդ Տինքի այրիին` Ռաքէլին, որ համաձայնեցաւ պատասխանել «Թերթ. ամ»-ի հարցումներուն:

Հանդիպեցայ մի էակի, որ, ամբողջ Թուրքիոյ մէջ իր առաւելագոյն հայանպաստութեամբ, նոյնիսկ հայկականութեամբ հանդերձ, ինչպէս ինքը ըսաւ, «սիրածդ էակը սպաննած, առջեւդ դրած է»` նկատի ունենալով իր ու բոլորիս անդառնալի կորուստը: Սակայն ինք, ինչպէս եւ կը պատկերացնենք, նոյն այդ երկրի մէկ էակն է, որ ոչ միայն ճակատագրի անողոք հարուածները արժանապատուօրէն ընդունած է, այլ յաջողած է մեծահոգի մնալ` «սիրոյ լեզուն չկորսնցնելու» աստիճան:

Քիչ մարդոց հանդիպած եմ, որոնք այդ աստիճան կը համապատասխանեն իրենց դիրքին կամ բարձր ծագումին: Ան հարաւարեւելեան Անատոլիոյ ամէնէն մեծ գերդաստաններէն մէկուն` Վարդոյի ցեղախումբէն է, գերդաստանին` այժմ Թուրքիոյ մէջ ապրող միակ ներկայացուցիչը: Պելճիքայի եւ Ֆրանսայի մէջ կ’ապրի այս գերդաստանի 1200 ներկայացուցիչ: Ինք` Ռաքէլը, զուգահեռ կը բնակի նաեւ Զուիցերիա: Ի դէպ, ան իր տոհմին առաջին կինը եղած է, որ խախտած է աւանդոյթը` ամուսնանալով ոչ թէ իր տոհմակցէն մէկու մը հետ, այլ` Հրանդ Տինքի:

Ան նաեւ վեհ էր իր վիշտին մէջ: Զարմանալիօրէն խաղաղ էութեամբ, որ կրնար նոյնիսկ իբրեւ անտարբերութիւն ընկալուիլ: Խորհրդաւոր էր: Բայց ամէն բանէ առաջ` անասելի տոկուն: Իր համարձակ եւ ուժեղ ըլլալուն համար իմ կատարած դիտարկմանս ի պատասխան` ըսաւ, թէ` «զօրեղն Աստուած է»:

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Ձեր կարծիքով, որքանո՞վ կ՛իրականանայ անկեղծ համերաշխութեան այն դրսեւորումները Թուրքիոյ մէջ, երբ մարդիկ ժամանակ առ ժամանակ կը հաւաքուին, կ՛ըսեն` «Ես Տինք եմ, ես հայ եմ»:

ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Ձեր տեսած այդ բազմութեան գոնէ 90 տոկոսը, կրնամ ըսել, անկեղծ են: Անոնք Թուրքիոյ մէջ փոփոխութիւն ուզող անձեր են, եւ բոլորը հարազատ կերպով ջանք կը թափեն Հայկական հարցին գծով: 1915-ի հարցով Թուրքիոյ պաշտօնական դասախօսութիւններուն դէմ` մարդոց պատմել կ՛ուզեն իրականութիւնը, անցեալը, որ գոնէ նոր երիտասարդութիւնը, նոր սերունդները հասկնան, որպէսզի նորէն նոյները տեղ չգտնեն…

Հ.- Ի՞նչ կը կարծէք, Հայկական հարցը, յանուն որուն, ի վերջոյ, կը պայքարէր նաեւ Հրանդ Տինքը, իրականութեան մէջ լուծում ունի՞ն, արդար լուծում:

Պ.- Արդար լուծում ըսածդ… ասկէ ետք արդար լուծումովը ոչ մէկ ննջեցեալ ետ պիտի գայ, անշուշտ: Արդար լուծումը հիմակուան սերունդներուն իրականութիւնը հասկնալն է, իրենց պապերուն հանդէպ… գոնէ իրենք չընդունին այդ եղածը, գոնէ իրենք տարբեր հոգի ունենան: Մարդկութեան համար խնդիր է ասիկա, ոչ միայն հայերուն:

Հ.- Հայաստանի հայութիւնը որքանո՞վ ձեզի կ՛աջակցի այդ գործին մէջ, աւելի ճիշդ, ինչպէ՞ս կրնայ սատարել:

Պ.- Ես գիտեմ ու վստահ եմ, որ հոգիով մեզի հետ են, եւ վստահ եմ, որ իրենք հոգիով հետերնիս են: Բայց ո՞վ ի՛նչ կրնայ ընել… Օրինակ` տեսայ ձեր կայքի յայտարարութիւնը, որ կամաւորներ հարկաւոր են եւ այլն… Մեր աշխատելու ձեւը միայն իրականութիւնները խօսքի բերել եւ խօսքի բերած ատեննիս ալ ոչ մէկը չանարգելն է, մէկը վար չառնել, չզարնել. սիրոյ լեզուն` յարաբերութեան լեզուն չկորսնցնելն է:

Հ.- Այցելելով Տինքի գերեզման` իմ աչքով տեսայ, որ տեսակ մը ուխտատեղի դարձած է այդ վայրը: Հայերը պարտքի, խոնարհումի համար կու գան: Իմացայ, որ այստեղ թուրք բեմադրիչներ շարժանկարներ կը նկարահանեն` Տինքի գործերէն ոգեշնչուած, եւ այլն: Ձեր կարծիքով, ճի՞շդ է այդ ամէնը:

Պ.- Տինքի աշխատելակերպը անոնց վրայ ազդեց: Ամէն մէկուն հոգիով, մարմինով դպաւ: Եւ ազդուեցան: Իրենց ալ խմորին մէջը կար, ուրեմն, ազդուեցան եւ հիմա անոր աշխատութիւնը յառաջ տանելու համար ջանք կը թափեն: Եւ ամէն մէկը կ՛ընդունի, որ Հրանդը հերոս էր: Անոնք կ՛ըսեն, թէ Հրանդը յանկարծակի հերոսութեան հասնող մէկը չէ, այլ` դիտմամբ… մեծ գին տալով, իր կեանքով տուաւ. գիտնալով հանդերձ, շարունակեց իր գործը, իր ուղղութիւնը, արդարութեան հանդէպ եղած պայքարը եւ անոր համար ամէն եկողը իրեն յարգանքով կը խոնարհի:

Մարդկութիւնը, եթէ արդարութիւն կ՛ուզէ, եթէ արդարութեան համար ջանք կը թափէ, կարծեմ պիտի հետեւանքն ալ ընդունի:

Հ.- Ինչպէ՞ս կը յիշէք ձեր այցը Հայաստան, ապրիլ 24-ի ոգեկոչումը…

Պ.- Ես 24 ապրիլին առաջին անգամ, 1999-ին կարծեմ, հոն եղած էի եւ շատ ազդուած էի այդ մեծ յարգանքով, առանց ձայնի, առանց աղմուկի, առանց հրմշտուքի: Շատ մեծ ազդեցութիւն ձգած էր վրաս: Ճիշդ այդ խորհուրդով ես յուղարկաւորութեան ատեն ուզեցի այդ յարգանքը, ինչպէ՞ս բացատրեմ… Ամուսինիս յուղարկաւորութեան… այդ անձայնութիւնը, եւ ոչ հրմշտուք: Ամէն բան հանգիստ եւ յարգանքով ըլլայ, յուղարկաւորութեան ընթացքին: Անոր համար ես ալ փափաքեցայ եւ նամակիս մէջ այդ երկու բառերը ըսի` «Ո՛չ մէկ պոռալ, կանչել…»:

Հարցազրոյցը` ԴԱՒԻԹ Պ. ՎԱՐԴԱԶԱՐԵԱՆԻ

Share this Article
CATEGORIES