Թենիս. Մարկարիթա Գասպարեան Տիտղոսակիր` Մոսկուայի Մրցաշարքին
Ռուսահայ 17 տարեկան թենիսվումըն` Մարկարիթա Գասպարեան Մոսկուայի մէջ աւարտած թենիսի միջազգային աւարտականին 2-0 արդիւնքով յաղթելով Տարիա Կաւրիլովային, տիրացաւ տիտղոսին:
Այս լուրը փոխանցեց «Արմենպրես» լրատու գործակալութիւնը` իր տեղեկութիւնը քաղելով Հայաստանի թենիսի ֆետերասիոնէն:
Տիրանալով այս մրցաշարքին, կը կարծուի, որ Գասպարեան թենիսի միջազգային նոր դասաւորման մէջ ոստում արձանագրելով առաջին 300-ին մէջ դիրք մը պիտի ապահովէ:
CATEGORIES Մարզական


