Ըստ Ֆրանս-Ֆութպոլի Տրոկպա Պիտի Լքէ Չելսին

Տիտիէ Տրոկպա

Նախորդ շաբաթավերջին իր ակումբին` Չելսիի հետ «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին տիրացած փղոսկրեայ ափունքցի յառաջապահ Տիտիէ Տրոկպա շատ հաւանաբար լքէ իր ակումբը, կը յայտնէ Ֆրանս- ֆութպոլ ֆրանսական մարզաթերթը:

34 տարեկան Տրոկպա, որ Պայէրն Միւնիխի դէմ փենալթիներով արձանագրուած յաղթանակին մէջ նշանակեց վերջին փենալթին, իր խմբակիցներուն ըսած է, որ «յառաջիկայ տարեշրջանին միասին պիտ չըլլանք»:

2004-ին Մարսէյէն Չելսիի միացած Տրոկպա լոնտոնեան կազմին հետ երեք անգամ տիրացաւ Անգլիոյ ախոյեանութեան, իսկ չորս անգամ ալ` Անգլիոյ բաժակի մրցաշարքի տիտղոսին:

 

Share this Article
CATEGORIES