Կռփամարտ. Արթուր Քիրաճեան` Մինսքի Միջազգային Մրցաշարքի Տիտղոսակիր
PanARMENIAN.Net լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ Մինսքի մէջ (Պիելոռուսիա) տեղի ունեցած կռփամարտի միջազգային մրցաշարքին 11 երկիրներու կարգին եղած է նաեւ Հայաստան, որ իր մասնակցութիւնը բերած է հինգ մարզիկով:
Այս մրցաշարքին մասնակցող մարզիկները եղած են որակաւոր` նկատի ունենալով, որ անոնց կարգին եղած են Լոնտոնի 2012-ի Ողիմպիական խաղերու 16 մասնակցող, ինչպէս նաեւ` աշխարհի չորս ախոյեան, կը տեղեկացնէ Հայաստանի Ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքէջը:
Հայաստանի մարզիկներէն ամէնէն յաջող արդիւնքը արձանագրած է Արթուր Քիրաճեան, որ 64 քկ դասակարգին մէջ հանդիսացած է տիտղոսակիր` աւարտականին յաղթելով իր ղազախ մրցակիցին` Սապիթ Տուլեպփելքենովիին:
CATEGORIES Մարզական

