Հայաստանի 19 Տարեկանէն Վար Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականը Մեկնեցաւ Իտալիա
Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէջէն կը տեղեկանանք, որ երէկ Իտալիա մեկնեցաւ Հայաստանի 19 տարեկանէն վար ազգային հաւաքականը` իր մասնակցութիւնը բերելու համար Եւրոպայի 2012-ի ախոյեանութեան զտումի մրցումներուն:
Իտալիոյ մէջ Հայաստան յաջորդաբար պիտի մրցի Սպանիոյ (23 մայիս), Պելճիքայի (25 մայիս) եւ Իտալիոյ (28 մայիս) դէմ: Բոլոր մրցումներն ալ պիտի սկսին ժամը 17:00-ին` Երեւանի ժամանակացոյցով:
Ստորեւ կու տանք Հայաստանի գլխաւոր մարզիչ Վարազդատ Աւետիսեանի կողմէ նկատի առնուած կազմը, որ երէկ մեկնեցաւ Իտալիա.
ԲԵՐԴԱՊԱՀՆԵՐ.- Ալպերթ Օհանեան եւ Գոռ Մանուկեան (Փիւնիկ):
ՅԵՏՍԱՊԱՀՆԵՐ.- Էդուարդ Թաթոյեան (Խիմքի, Ռուսիա), Արարատ Պօղոսեան, Արամ Շահնազարեան (Բանանց), Տարօն Ոսկանեան, Արման Յովհաննիսեան եւ Վասպուրակ Մինասեան (Փիւնիկ):
ՄԻՋՆԱՊԱՀՆԵՐ.- Գրիգոր Յովհաննիսեան, Դաւիթ Մինասեան, Արթուր Գրիգորեան, Գոռ Մալաքեան, Գագիկ Պօղոսեան, Ղուկաս Պօղոսեան (Փիւնիկ), Դաւիթ Յակոբեան (Շիրակ), Արմէն Դերձեան (Իմփուլս) եւ Աղուան Պապիկեան (Լոց, Լեհաստան):
ՅԱՌԱՋԱՊԱՀՆԵՐ.- Յովհաննէս Յովհաննիսեան (Փիւնիկ):

