Փինկ Փոնկ. Լիբանանի Ա. Դասակարգի Խմբային Ախոյեանութիւն. Այսօր Տեղի Կ՛Ունենան Կիսաւարտականի Եւ Աւարտականի Մրցումները
Այսօր` չորեքշաբթի, 23 մայիսին, կ՛աւարտին Լիբանանի փինկ փոնկի տղոց եւ աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումները, երբ տեղի կ՛ունենան կիսաւարտականի եւ աւարտականի մրցումները: Մրցումները, որոնք տեղի կ՛ունենան Մոն լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ), պիտի սկսին երեկոյեան ժամը 18:00-ին` հասնելով մինչեւ տիտղոսներու եւ մետալներու տուչութիւն:
Տղոց աւարտական մրցումը իրարու դէմ պիտի հանէ ախոյեան Ռիատի Պէյրութը եւ Ժընուպ Թուլը:
Ինչ կը վերաբերի ՀՄԸՄ Պէյրութի տղոց խումբին, անիկա պիտի փորձէ տիրանալ երրորդ դիրքին, երբ ճակատի Պարաղեմի դէմ:
Իրենց կատարած հինգերորդ մրցումին, ՀՄԸՄ-ի տղաքը թէեւ արձանագրեցին իրենց հինգերորդ յաջորդական յաղթանակը` 3-2 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Ժամհուրը, սակայն Ռիատի Պէյրութէն խումբին կրած պարտութիւնը (3-0) պատճառ դարձաւ, որ տիտղոսին տիրանալու ՀՄԸՄ-ի յոյսերը վերջ գտնեն:
Նշենք, որ երէկ ՀՄԸՄ կատարեց երկու մրցում` առաջինին յաղթելով Նետուէի (3-1), իսկ երկրորդին պարտուելով Թուլէն (3-1):
Ինչ կը վերաբերի աղջկանց կիսաւարտականի մրցումներուն, առաջինին ՀՄԸՄ Պէյրութ պիտի ճակատի Ֆաուար Զղարթայի, իսկ Ժամհուր` Քֆարշիմայի դէմ:

