50 Տարի Առաջ ( 24 մայիս 1962 )

Ազգային Կեանքը Այնճարի Մէջ

Առաջնորդ Սրբազանին
Այցելութիւնը

Մայիս 18-ին մասնաւոր կարգադրութեամբ մը Այնճար այցելեց առաջնորդ սրբազանը, ընկերակցութեամբ Քալիֆորնիոյ Հայ կրթական հիմնարկութեան վարիչ-քարտուղար Բ. Կռանեանի, պետական երեսփոխան Մ. Տէր Գալուստեանի, Այնճարի ազգային երեսփոխաններ Բիւզանդ Թիւթիւնճեանի եւ երկրաչափ Գէորգ Էմմիեանի:

Հիւրերը ուղղուեցան ուղղակի ազգային «Յառաջ» վարժարանը եւ ընդունուեցան վարժարանի տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին եւ աշակերտութեան կողմէ: Յարգելի հիւրերը այցելեցին դասարանները եւ քաջալերական խօսքեր ուղղեցին աշակերտութեան: Այցելեցին նաեւ վարժարանի շրջանաւարտից միութեան գրադարանը:

Ապա անոնք ուղղուեցան դէպի նորակառոյց եկեղեցին եւ տեղւոյն վրայ քննուեցան այն անհրաժեշտ կարիքները, որոնց պէտք ունի նորակերտ եկեղեցին:

Ժամը 4:00-ին գումարուեցաւ նաեւ եկեղեցւոյ շինութեան յանձնախումբին նիստը` նախագահութեամբ սրբազան հօր եւ զբաղեցաւ շինութիւնը օր առաջ ամբողջացնելու հարցով:

Հիւրերը մեկնեցան եկեղեցիէն ժամը 5:00-ին:

Ելեկտրականութիւն.- Մտքերը թարմացնելու համար կրկին յիշեցնեմ «Ազդակ»-ի սիրելի ընթերցողներուն, թէ Այնճարի ելեկտրական ցանցին բացումը տեղի ունեցած էր մարտի 4-ին, կիրակի, ձեռամբ հանրօգուտ շինութեանց նախարար շէյխ Փիեռ Ժեմայէլի: Այդ օրէն ի վեր ամէն գիշեր ելեկտրական հարիւրաւոր լամբեր կը լուսազարդեն գիւղաքաղաքս` լայնքին ու երկայնքին, լուսապայծառ կերպարանք մը տալով անոր:

Եթէ Այնճարը ելեկտրականութեամբ օժտուեցաւ ու դարձաւ լուսաւորեալ գիւղաքաղաք մը, բնականաբար ատիկա կատարուեցաւ տքնաջան աշխատանքներուն շնորհիւ շէյխ Փիեռ Ժեմայէլի եւ Մովսէս Տէր Գալուստեանի:

Աստիճանաբար բոլոր բնակարաններն ալ կը լուսաւորուին: Գիշերային սքանչելի համայնապատկեր մը կը ներկայացնէ գիւղաքաղաքը` իր ուղղահայեաց գիծերու լայն ցանցովը:

«Յառաջ» վարժարան.- Ազգային «Յառաջ» վարժարանը, այս տարի իր հիմնադրութեան 22-րդ ամեակը կը բոլորէ: Ան 22 տարիներ շարունակ քալած է ու կը քալէ անսայթաք` յաղթահարելով ամէն տեսակ դժուարութիւններու ու զրկանքներու: Հայակերտումի տիպար վառարան մըն է:

Նախորդ թղթակցութիւններուս մէկուն մէջ ըսած էի, որ կազմած ենք Ը. դասարան, ու 1962-1963 կրթական տարեշրջանին կը պատրաստուինք կազմել նաեւ Թ. դասարան մը` բարձրագոյն նախակրթարանի մը մակարդակին հասցնելու համար վարժարանը: Ու աստիճանաբար վերածելու համար զայն բարձրագոյն վարժարանի:

Այժմ ուրախ եմ յայտարարելու, որ թաղական խորհուրդը, Թ. դասարանի կազմութեան կենսական հարցը մանրամասնօրէն քննելէ յետոյ, իր թիւ 82 պաշտօնագրով լիազօրեց վարժարանի հոգաբարձութիւնը, որ Թ. դասարանի համար հարկ եղածը տնօրինէ: Ուրեմն, իրականացած է մեր նպատակը: Մնացեալը, այսինքն` դէպի «Աղբիւրը լոյսին» երթալու մասին, ժամանակ ունինք խորհելու…

Յ. Գ. ՊՈՒՐՍԱԼԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES