Գաղութէ – Գաղութ
Ամման
Մեծ Եղեռնի Ոգեկոչում
Ամէն տարուան նման, այս տարի եւս, ամմանահայութիւնը իր ձայնը միացնելով համայն հայ ժողովուրդին` պատշաճօրէն նշեց Մեծ Եղեռնի 97-րդ տարելիցը:
Նախաձեռնութեամբ Ամմանի Ազգային տեղական խորհուրդին եւ կազմակերպութեամբ ամմանահայ միութիւնները համախմբող մարմինին (ԱՄՄ, ՀՄԸՄ, ՀՕՄ, Ազգ. վարժարանի տնօրէնութիւն), երեքշաբթի, 24 Ապրիլի երեկոյեան, Ս.Թադէոս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, որուն նախագահեց յորդանանահայոց առաջնորդ եւ պատրիարքական փոխանորդ Վահան արք. Թօփալեան:
Հոգեհանգստեան արարողութենէն ետք, եկեղեցւոյ բակին մէջ` Մեծ Եղեռնի զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշաքարին մօտ, տեղի ունեցաւ մոմավառութիւն եւ ծաղկեպսակներու զետեղում:
Նոյն օրը երեկոյեան տեղի ունեցաւ Ապրիլ 24-ի գլխաւոր ձեռնարկը, ՀՄԸՄ-ի ակումբի սրահին մէջ (ամմանահայ միութիւններուն համաձայնութեամբ, միջմիութենական այս ձեռնարկը, ամէն տարի հերթաբար կը կատարուի հայկական ակումբներէն մէկուն սրահին մէջ):
Յորդանանի եւ Հայաստանի պետական քայլերգներէն ետք, Նշան Մխճեան կատարեց հանդէսին բացումը: Ձեռնարկի գեղարուեստական բաժինին իրենց մասնակցութիւնը բերին Յասմիկ Տէմիրճեան, Սարին Չորպաճեան եւ Դալար Խանոյեան` ասմունք, Մարտին եւ Սաթենիկ Ուլիխանեաններ` նուագ, Նաթալի Սանճեան` երգ: Ցուցադրուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած տեսաերիզ: Յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Ազգ. Իւզպաշեան-Կիւլպէնկեան վարժարանի աշակերտութիւնը:
Օրուան գլխաւոր բանախօսն էր, այս առթիւ Պէյրութէն հրաւիրուած տոքթ. Եղիկ Ճէրէճեան: Ան իր ելոյթին մէջ նախ տուաւ Հայոց Ցեղասպանութեան պատճառները` նշելով, որ Համաշխարհային Ա.պատերազմին հայոց հանդէպ կատարուածը, իսկական ցեղասպանութիւն էր: Ապա, Հայոց ցեղասպանութեան եւ Հայ դատի հետապնդման ծիրին մասին խօսելով` ան թուարկեց կարգ մը նոր իրավիճակներ եւ երեւոյթներ, ինչպիսիք են` Հայաստանի Հանրապետութեան առանցքային դերակատարութիւնը այս բնագաւառին մէջ, թուրք մտաւորականներու համարձակ ելոյթները, ճանաչումէն հատուցում անցնելու տրամադրութիւնները եւ այլն: Ան եզրակացուց, թէ Հայ դատի հետապնդումը կը գտնուի որակական նոր հանգրուանի մը սեմին: Նոր հանգրուանի պահանջքներէն թելադրուած, տոքթ. Ճէրէճեան որպէս կարգախօս առաջադրեց «Ազգայնասիրութենէն հայրենասիրութիւն, զգացողականութենէն գիտականութիւն» կարգախօսը:
Ճէրէճեան իր ելոյթը եզրափակեց հայ ժողովուրդին արդարութեան վերատիրանալու հանդէպ հաւատքով եւ լաւատեսութեամբ:
Ոգեկոչումը փակուեցաւ Վահան արք. Թօփալեանի փակման խօսքով եւ «Պահպանիչ»-ով:
Յունաստան
Յակոբ Գոլանեանին
Համերգը
Հովանաւորութեամբ Յունաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան եւ աջակցութեամբ Աթէնքի քաղաքապետարանին, 12 մայիսին Աթէնքի «Փենակի» թանգարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ յունահայ կիթառահար Յակոբ Գոլանեանին մենահամերգը: Համերգին հասոյթը ամբողջութեամբ պիտի փոխանցուի Գիւմրիի մէջ տեղի ունեցող երիտասարդ երաժիշտ-կատարողներու «Վերածնունդ» ամէնամեայ միջազգային մրցոյթ-փառատօնին:
Համերգին ընթացքին ներկայացուեցան Պախի, Պարրիոսի, Ժուլիանիի, Փրաուերի, Լաուրոյի, ինչպէս նաեւ հայկական ժողովրդական ստեղծագործութիւններէ կտորներ:
Վրաստան
Եռատօնին Նուիրուած Ձեռնարկ
Հովանաւորութեամբ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնադրամին, նախաձեռնութեամբ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ վիրահայոց թեմի «Հայարտուն» մշակութային կեդրոնին, աջակցութեամբ Վրաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան եւ Հայաստանի սփիւռքի եւ մշակոյթի նախարարութիւններուն 9 մայիսին Թիֆլիսի Նոտար Տումպածէի անուան Պատանի հանդիսատեսի թատրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Բ. Համաշխարհային պատերազմի յաղթանակի, Շուշիի ազատագրման եւ ԼՂ պաշտպանութեան բանակի կազմաւորման 20-րդ տարեդարձի եռատօնին նուիրուած տօնական համերգ:
Համերգին ընթացքին ցուցադրուեցաւ արցախեան ազատամարտին նուիրուած վաւերագրական ժապաւէն:
Գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որմէ ետք պատմաբան Ենովք Թադէոսեան ներկայացուց Հայրենական Մեծ պատերազմի եւ Շուշիի ազատագրման վերաբերեալ դրուագներ: Ապա յուշամետալներ եւ դեսպանութեան պատուոյ գիրեր յանձնուեցան Երկրորդ աշխարհամարտի վեթերաններուն եւ արցախեան հերոսամարտի շարք մը մասնակիցներուն:
Ձեռնարկի ընթացքին ուղիղ կապ հաստատուեցաւ Ստեփանակերտի մէջ գտնուող արցախեան հերոսամարտի մասնակից, Վրաստանի հայ համայնքի ներկայացուցիչ Գագիկ Գինոսեանի եւ Արցախի մշակոյթի նախարարութեան հրաւէրով Ստեփանակերտի մէջ գտնուող թիֆլիսահայ խումբ մը երիտասարդներու հետ:
Ռումանիա
Հայոց Ցեղասպանութեան Նուիրուած
Ձեռնարկներ
14 մայիսին Պուքրէշի Հայոց միութեան մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած ձեռնարկներու տեղական յանձնաժողովին նիստը, որուն ընթացքին տեղի ունեցաւ կարծիքներու փոխանակում` յառաջիկայ 3 տարուան ընթացքին տեղի ունենալիք ձեռնարկներուն կապակցութեամբ:
Նոյն օրը Պուքրէշի համալսարանին մէջ ելոյթ ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանի տնօրէն Հայկ Դեմոյեան:
Իր խօսքին մէջ տոքթ. Դեմոյեան ընդգծեց, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը պատմական անցեալ չէ, այլ` ներկայ, որովհետեւ թրքական իշխանութիւնները կը շարունակեն քաղաքական, տնտեսական եւ դիւանագիտական ճնշումներ գործադրել Հայաստանի վրայ, կը հետապնդեն պատմական արդարութեան մասին արտայայտուողները, միջազգային մակարդակով կ՛որդեգրեն ժխտողականութեան քաղաքականութիւն:
Նշենք, որ Հայկ Դեմոյեան դեսպան Համլեթ Գասպարեանին հետ ներկայ գտնուեցաւ Պուքրէշի Հայոց կեդրոն մշակոյթի տան նոր մասնաշէնքի բացման արարողութեան, որուն ընթացքին ներկայացուեցան «Արարատ» հրատարակչութեան լոյս ընծայած ակադեմիկոս Նիքոլա Յովհաննէսեանի «Հայոց ցեղասպանութիւն» եւ Ռաֆայէլ տը Նոկալեսի «Չորս տարի կիսալուսնի տակ» գիրքերուն ռումաներէն թարգմանութիւնները:
Մինսք
Հայ Համայնքի Ներկայացուցիչներու
Պարգեւատրման Արարողութիւն
16 մայիսին Մինսքի «Շարժապատկերի տան» մէջ տեղի ունեցաւ «Արարատից Սիոն» վաւերագրական ժապաւէնին ցուցադրութիւնը, ինչպէս նաեւ` Պիելոռուսիոյ հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան եւ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան պարգեւատրման արարողութիւնը:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Պիելոռուսիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Արմէն Խաչատուրեանը:
Հայ մշակոյթի պահպանման, տարածման եւ էսդրատային երաժշտութեան զարգացման գործին մէջ ունեցած ներդրումին համար Պիելոռուսիոյ անուանի երգչուհի Իսկուհի Աբալեանին յանձնուեցաւ Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան ոսկէ մետալը:
Պիելոռուսիոյ «Էրեբունի» պարային համոյթի գեղարուեստական ղեկավար Ռուզաննա Յովհաննիսեանին եւս յանձնուեցաւ Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան ոսկէ մետալը` հայ մշակոյթի պահպանման, տարածման եւ պարարուեստի զարգացման գործին մէջ ունեցած ներդրումին համար:
Իտալիա
Հայկական Խաչքարի
Բացման Արարողութիւն
9 մայիսին Իտալիոյ Պաւիա քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ հայկական խաչքարի բացման արարողութիւն: Խաչքարը նուիրուած էր Գիւմրիի քաղաքապետարանին կողմէ:
Պաւիայի քաղաքապետ Ա. Կատտանիոյ իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ հայ ժողովուրդի բացառիկ պատմութեան ու մշակոյթին` նշելով, որ Պաւիան հարստացաւ հայկական խաչքարի տեղադրմամբ, որ շօշափելի յաւելում է քաղաքի պատմամշակութային ժառանգութեան:
Իր կարգին Հայաստանի դեսպան Ռուբէն Կարապետեան հաստատեց, որ Պաւիա գրադարանը արժէքաւոր եղած է եւ անոր մուտքին տեղադրուած հայկական խաչքարը գտած է իր արժանավայել տեղը եւ կը սրբացնէ այդ պատմական վայրը: Ան նաեւ անդրադարձաւ եռատօնի խորհուրդին եւ հայ ժողովուրդի համար անոր ունեցած նշանակութեան: Դեսպանը հաստատեց, որ խաչքարը կը խորհրդանշէ ոչ միայն մայիսի 9-ին հայ ժողովուրդին արձանագրած յաղթանակները, այլեւ` հայ-իտալական բազմադարեայ բարեկամութիւնը:
Ֆրանսա
Հայոց Ցեղասպանութեան Ոգեկոչման
Երեկոյ «Անաքօ» Տափանաւուն Մէջ
29 ապրիլին Փարիզի «Անաքօ» տափանաւի վրայ, «Երկիր եւ մշակոյթ» կազմակերպութեան համագործակցութեամբ, տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 97-րդ տարելիցի ոգեկոչման գրական-երաժշտական միասնական ձեռնարկը:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Գեղամ Գեւոնեան, որ ներկայացուց ձեռնարկին ծրագիրը: Այնուհետեւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:
Նիսի «Հայ Մշակութային Օճախ»-Ին
40-Ամեակը
Վերջերս Նիսի «Պարսամեան» սրահին մէջ նշուեցաւ «Հայ մշակութային օճախ» միութեան 40-ամեակը: Միութիւնը տարիներ շարունակ կրցած է ապրեցնել հայ լեզուն եւ հայ մշակոյթը: Ան իր բեղուն գործունէութեամբ ջանք չէ խնայած` պահպանելու հայկական աւանդոյթները եւ իր առաքելութիւնը եղած է հայ հոգեւոր մշակութային ժառանգութիւնը փոխանցել ներկայ եւ գալիք սերունդներուն:
Ձեռնարկին ընթացքին ելոյթ ունեցաւ երգիծաբան Վարդան Պետրոսեան:
Միացեալ Նահանգներ
Արցախին Տրամադրուելիք Օժանդակութիւնը
Աւելի Քան Կրկնապատկելու Առաջարկ
Քոնկրեսական Էտըմ Շիֆի առաջնորդութեամբ տարուած ջանքերուն շնորհիւ, Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան պետական եւ արտաքին գործողութիւններու յատկացումներու ենթայանձնախումբը վաւերացուցած է շարք մը հայանպաստ առաջարկներ, որոնց շնորհիւ` Արցախին տրամադրուելիք օժանդակութիւնը կրնայ 2 միլիոն տոլարէն 5 միլիոն տոլարի բարձրանալ. միաժամանակ կը մերժուի Հայաստանի տրամադրուելիք օժանդակութիւնը 7.5 միլիոն տոլարով կրճատելու նախագահ Պարաք Օպամային առաջարկը, որպէսզի Հայաստանի տրամադրուելիք օժանդակութիւնը մնայ առնուազն 40 միլիոն տոլարի շուրջ:
Ենթայանձնախումբի ատենապետուհին է Թեքսասէն հանրապետական Քէյ Կրենճըր, իսկ անոր ամենաբարձրաստիճան դեմոկրատ ներկայացուցիչն է Նիթա Լօուի` Նիւ Եորքէն: Իր որոշումներուն մէջ ենթայանձնախումբը պահանջեց պահպանել Հայաստանին եւ Ազրպէյճանին տրամադրուող ռազմական օժանդակութեանց հաւասարութիւնը, միաժամանակ կոչ ուղղեց որդեգրելու այնպիսի ծրագիր մը, որ 2013-ին Վրաստանին տրամադրուելիք ամերիկեան օժանդակութեան մէկ մասը ուղղակիօրէն տրամադրուի հայաբնակ Ջաւախքին:
Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան Ամերիկայի եւ յատկապէս Քալիֆորնիոյ հայութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնեց այս առաջարկները վաւերացնելու աշխատանքին մէջ քոնկրեսական Էտըմ Շիֆի ունեցած դերակատարութեան համար: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ քոնկրեսականներ` Սթիւ Ռաթմընին, Նիթա Լօուիին, Ֆրենք Ուլֆին, Ճեսի Ճեքսընին եւ Քէյ Կրենճըրին, որոնք նոյնպէս նպաստեցին այս գործին:
Այս տարուան ընթացքին, Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ, խումբ մը հանրապետական եւ դեմոկրատ քոնկրեսականներ, գլխաւորութեամբ Ֆրենք Փալոնի, նամակ մը յղած էին նշեալ ենթայանձնախումբի ատենապետուհի Կրենճըրին ու Նիթա Լօուիին` պահանջելով. «Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ ռազմավարական կարեւորութիւն ներկայացնող յարաբերութիւնները շարունակել` տնտեսական զարգացման եւ ապահովական մարզին տրամադրուելիք օժանդակութիւններով»: Հոն նաեւ կը շեշտուէր, թէ Արցախին տրամադրուելիք օժանդակութիւնը պէտք է 5 միլիոն տոլարի բարձրացուի, ինչպէս նաեւ Ջաւախքի հայութեան օժանդակութիւն տրամադրուի, եւ պահպանուի Հայաստանին եւ Ազրպէյճանին տրամադրուելիք ռազմական օժանդակութեանց հաւասարութիւնը, իսկ Հայաստանին տրամադրուի յաւելեալ օժանդակութիւն:
Հայերէնը Պաշտօնական Լեզու`
Լոս Անճելըսի Ընտրութիւններուն
Լոս Անճելըսի քաղաքական խորհուրդը մօտ օրէն հայերէնը պիտի աւելցնէ ընտրական համակարգի լեզուներու ցանկին մէջ, որպէսզի քաղաքին աւելի քան 30 հազար հայ քուէարկողները կարենան իրենց մայրենի լեզուով քուէարկել: Եթէ ամէն ինչ ընթանայ ըստ նախատեսուած կարգին, հայերէնը քուէաթղթիկներուն վրայ տեղ պիտի գրաւէ Լոս Անճելըսի 2013-ի ընտրութիւններուն: Նշենք, որ աւելի փոքր չափի վրայ Կլենտէյլի մէջ, ուր հայ բնակչութեան համեմատութիւնը շատ աւելի մեծ է, արդէն ի գործ դրուած է այդ կարգադրութիւնը:
Աղայեանի, Սուքիասեանի Եւ Աճառեանի
Բառարանները Համացանցի Վրայ
2005 թուականէն ի վեր անվճար գործող «Նայիրի» բառարանի կայքէջին (www.nayiri.com) վրայ զետեղուած են նաեւ Էդուարդ Աղայեանի «Արդի հայերէնի բացատրական բառարան»-ի եւ Աշոտ Սուքիասեանի «Հայոց լեզուի հոմանիշների բառարան»-ին թուայնացուած տարբերակները, որոնք կու տան որոնման լայն կարելիութիւններ` ըստ գլխաբառերու:
Առաջին անգամ է, որ «Նայիրի» կայքը կը ներկայացնէ «սովետական» կամ «հայաստանեան» ուղղագրութեամբ գրուած բառարաններու թուայնացուած տարբերակները:
Ծրագիրը հովանաւորած է Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութիւնը (www.hamazkayin.com):
Այս տարի կայքէջին վրայ նաեւ զետեղուեցան Ստեփան Մալխասեանցի «Հայերէն բացատրական բառարան»-ին եւ Հրաչեայ Աճառեանի «Հայերէն արմատական բառարան»-ին թուայնացուած տարբերակները:
Քանատա
«Անդրադարձ` Հայաստանին» Խորագիրով
Ձեռնարկ
11 մայիսին Քանատայի Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան մէջ տեղի ունեցաւ թատերա-երաժշտական ձեռնարկ` «Անդրադարձ` Հայաստանին» խորագիրով, որ նուիրուած էր հայկական գրատպութեան
500-ամեակին: Ձեռնարկին նպատակն էր օտար երկիրներու կին պաշտօնեաներուն ծանօթացնել հայկական հարուստ մշակոյթը:
Ձեռնարկին ընթացքին ցուցադրուեցաւ Հայաստանի մասին տեսերիզ, գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր եւ տեղի ունեցաւ հայկական տարազներու ցուցադրութիւն:
Արժանթին
Շուշիի Ազատագրութեան Եւ Վիգէն
Զաքարեանի Մահուան 20-Ամեակ
Կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի «Արագած» սկաուտական խումբին, Շուշիի ազատագրման եւ Վիգէն Զաքարեանի նահատակութեան 20-ամեակին առիթով, 12 մայիսին, Քորտոպայի «Անդրանիկ» ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ:
Բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Իկնասիօ Անալեան, որ ներկայացուց տեսերիզ մը` Վիգէն Զաքարեանի կեանքին եւ Շուշիի ազատագրութեան մասին:
Այնուհետեւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:
«Արագած»-ի խմբապետութեան անունով խօսք առաւ Ֆեռնանտօ Աւագեան, որ կոչ ուղղեց աշխատելու Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ամրապնդման համար: Ան նկատել տուաւ, որ Շուշիի ազատագրման յիշատակը կը մնայ գերագոյն դէպքը եւ վճռական ճակատամարտը, որ ոչ միայն ճշդեց ամբողջ արցախեան պայքարին ուղղութիւնը, այլեւ դաս մը հանդիսացաւ բոլոր անոնց, որոնք կասկած ունէին հայերու ռազմագիտական ու մարտական կարողութիւններուն վրայ, ինչպէս նաեւ` անոնց, որոնք կ՛անտեսէին հայերու ազատութեան անխոնարհ կամքը, նոյնիսկ` մեծագոյն բանակներուն դէմ:
Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

