«Նոր Հայաստան» Օրաթերթի Հիմնադրութեան 20-Ամեակը

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Հայրենի ու աշխարհի տարածքին ցրուած սփիւռքներու հայութիւնը ներկայիս կը գտնուի իր նորագոյն պատմութեան ամէնէն ճակատագրական պահի սեմին: Ազգային այլ լծակներու կողքին, հայ մամուլին դերը ակներեւ է հայուն առօրեային մէջ: Որովհետեւ մեզի համար հայ թերթերը կամ հայ լրագիրները իրենց բազմազան «գոյներով», պարզ ու լուսաւոր պատուհաններ չեն բացած միայն աշխարհին, այլ մեր գոյութիւնը իմաստաւորող եւ մեր հայելին արտացոլող կամ պատկերացնող գլխաւոր ազդակներ են, որոնց համար անոնք արժանի են մեր բոլորին խոր յարգանքին, մեծ սիրոյն, ջերմ գնահատանքին եւ անսակարկ քաջալերանքին:

Մէկ խօսքով` հայ մամուլը մեծագոյն վկան է մեր գոյութեան եւ մեր տարած աշխատանքին:

Այս բոլորը յիշեցինք, որովհետեւ կիրակի, ապրիլ 29-ին, կ.ե. ժամը 4:30-ին Կլենտէյլի Իրանահայ միութեան շքեղ սրահին մէջ ներկայ գտնուեցանք «Նոր Հայաստան» օրաթերթի հիմնադրութեան 20-ամեակին նուիրուած յատուկ տօնակատարութեան:

Պատմական այս ձեռնարկին, Միացեալ Նահանգներու եւ Քանատայի հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Միքայէլ եպս. Մուրատեանին կողքին, ներկայ էին նաեւ Յովսէփ քհնյ. Յակոբեանն ու Կոմիտաս քհնյ. Թորոսեանը, որոնք կը ներկայացնէին գաղութիս զոյգ առաջնորդներ Յովնան եւ Մուշեղ սրբազան հայրերը, ինչպէս նաեւ` շրջանի հայ կաթողիկէ ժողովրդապետ Գրիգոր վրդ. Շահինեանն ու օգնական Արմենակ վրդ. Պետրոսեանը, քաղաքական երեք կուսակցութիւններու, շրջանի հայ մամուլի, Քալիֆորնիոյ հայ գրողներու, ինչպէս նաեւ` կրթական ու բարեսիրական զանազան միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հոծ բազմութիւն մը:

Օրուան հանդիսավար Սարգիս Մաճառեան բարի գալուստի իր խօսքէն ետք յիշեցուց, թէ` «հայ ժողովուրդը յատուկ արտայայտութիւն մը ունի որեւէ ազգային մեծ իրագործում կատարողներու հասցէին` զանոնք անուանելով «սրբազան խենթեր»: Հանդիսավարը այս առթիւ «Նոր Հայաստան» օրաթերթի հիմնադիր, արտօնատէր եւ խմբագիր Վահան Վահանեան-Ճանսըզեանը դասեց նշեալ «խենթերու» կարգին` իր քաջութեան, համարձակութեան, յարատեւ ճիգին ու աշխատանքին համար:

Իբրեւ երկրորդ հանդիսավար Օֆելիա Հովեան, իր կարգին, բանաստեղծական ոճով ու շունչով գովաբանեց խմբագիր Ճանսըզեանն ու անոր քսանամեայ օրաթերթը:

Յանուն Կլենտէյլի քաղաքապետութեան` Արտաշէս Քացախեան սրտի յատուկ ու տպաւորիչ իր խօսքերէն ետք, առ ի երախտագիտութիւն, քաղաքապետութեան անունով խմբագրին յանձնեց գնահատագիր մը:

Հանդիսավար Մաճառեան յայտնեց, թէ օրաթերթին պատմական յիշատակութեան առթիւ յատուկ շնորհաւորականներ առաքած են փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանը, Արամ Համբարեանն ու ՀԲԸՄ-ի նախագահ Պերճ Սեդրակեանը:

Ապա սրտի կարճ խօսքերով ելոյթներ ունեցան Թորգոմ Փոսթաճեան, Փանոս Թիթիզեան, տոքթ. Վարդան Թաշճեան, Տիգրան Սաֆարեան, Արա Ահարոնեան ու Սամուէլ Դաւայեան:

Բոլոր խօսք առնողներն ալ նախ վեր առին հայ թերթին ներկայութիւնը, տեղն ու դերը` մեր ազգային կեանքին մէջ, ապա ջատագովեցին խմբագիր Ճանսըզեանին ճիգն ու աշխատանքը ու յարատեւութեան եւ յաջողութեան մաղթանքներ ըրին «Նոր Հայաստան» օրաթերթին:

Օրուան գլխաւոր բանախօսն էր Անտոն ծ. վրդ. Ադամեան, որ յատկապէս Տիթրոյիթէն հրաւիրուած էր: Հայր սուրբը կուռ եւ ամբողջական ձեւով ներկայացուց «Նոր Հայաստան»-ն ու անոր պատուարժան խմբագիրը: «Հարսանեկան օր է այսօր «Նոր Հայաստան», եւ մենք քու հարսնեւորներդ ենք», խօսքը սկսաւ բանախօսը եւ պարզեց, թէ խմբագիրը ճրագը ձեռքին` մութը կը հալածէ ու «մարդ» կը փնտռէ, եւ, աւելի՛ն, երանի՜ մեզի, եթէ գտնենք:

Ապա հայր Անտոն յիշեց, թէ օրաթերթի հիմնադրութիւնը կը զուգադիպէր այն օրերուն, երբ Արցախն ու մայր հայրենիք Հայաստանը իրենց անկախութեան կը տիրանային:

«Նոր Հայաստան» անունը իբրեւ անշահախնդիր դրամագլուխ` մեր շրթները օծող, մեր սրտերը յուզող ու մեր հոգին կենսաւորող սքանչելի անուն մըն է: Հպարտ ենք իրմով, իր գիտակից մեծութեամբ, որ թարգմանը դարձած է հայրենի կանչերուն»:

Ապա բանախօսը, օրաթերթին կողքին, գովաբանեց նաեւ անոր խմբագիրն ու յատկապէս անոր ազատ խօսքի ու մտածողութեան նկարագիրը: Ջերմապէս գնահատելէ ետք խմբագիր Վահան Վահանեանին մեծ ճիգն ու հայ մամուլի կեանքին մէջ անոր անսակարկ ներդրումը, հայր Անտոն նաեւ գնահատեց օրաթերթի ամբողջ անձնակազմը, ու ծաղկելու, բարգաւաճելու, յարատեւելու բարի մաղթանքներ հասցէագրեց անոնց:

Վերջաւորութեան վաստակաշատ խմբագիր Վահան Վահանեան-Ճանսըզեան իր սրտի խօսքին ընթացքին, յուզուած սրահի խանդավառ մթնոլորտէն եւ մեծ գնահատանքէն, նախ շնորհակալութեան յատուկ խօսքեր յայտնեց օրուան ճոխ յայտագիրի բոլոր մաս կազմողներուն, ձեռնարկը հովանաւորող առաջնորդ սրբազան հօր եւ բանախօսին, սրտի խօսքերով ելոյթ ունեցող ազգայիններուն, օրաթերթի տարիներու հովանաւորներուն եւ մանաւանդ` այս տօնակատարութեան նախագահ Հերի Տրամերեանին, որ առ ի երախտագիտութիւն օրաթերթին եւ անոր խմբագիրին` այս առթիւ տասը հազար տոլար կը նուիրէր:

Ապա բեմ հրաւիրեց նախագահ Տրամերեանը, որ իր կարգին վեր առաւ մամուլին դերը եւ մանաւանդ «Նոր Հայաստան»-ն ու անոր խմբագիրը, ու թելադրեց, որ օրաթերթը ունենայ նաեւ անգլերէնով յատուկ էջ մը` նոր սերունդն ալ հաղորդակից դարձնելու միտումով:

Ձեռնարկի աւարտին, առաջնորդ Միքայէլ եպս. Մուրատեան նախ բարի յիշեց խմբագիր Ճանսըզեանի` Պէյրութի Զմմառու վանքի սանի օրերը եւ շեշտեց անոր անսակարկ, անխոնջ, «լուր տալ եւ լռել» նկարագիրն ու նուիրումը, ապա բարի մաղթանքներէ ետք, ջերմապէս շնորհաւորեց զայն, իր օրաթերթի երկրորդ տասնամեակին առթիւ:

Պատմական այս ձեռնարկը ունէր նաեւ գեղարուեստական ճոխ յայտագիր մը, որուն ընթացքին ելոյթ ունեցաւ Կլենտէյլի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ երգչախումբը` ղեկավարութեամբ խմբավար Կրեկ Սարոյեանի, որ հրամցուց «Ո՜վ հայոց աշխարհ», «Հայաստան» եւ «Երեւան-Էրեբունի» երգերը, դաշնակի ընկերակցութեամբ Ռիթա Քէշիշեան-Թերզեանի: Միջոցին երգչախումբի անդամուհիներէն Ատրինէ եւ Անահիտ Խաչիկեան քոյրերը, դաշնակի ընկերակցութեամբ Հմայեակ Յովհաննիսեանի, «Դու ինչպէս մի աստղ» զուգերգը հրամցուցին: Հանրայայտ երգիչ Ատիս Հարմանտեան, դաշնակի ընկերակցութեամբ Հմայեակ Յովհաննիսեանի, յաջորդաբար մեներգեց «Սիրելի ուսուցիչ», «Դու նորից եկել ես», «Դու անմեղ ես» եւ «Սեւ աչերը մի՛ սիրեր» երգերը:

Զուարճախօսութիւններով ելոյթ ունեցաւ նաեւ Լոս Անճելըսի ՀԲԸՄ-ի «Արտաւազդ» թատերախումբի դերասան-բեմադրիչ Գրիգոր Սաթամեանը: Գեղարուեստական յայտագիրի բոլոր մասնակիցները արժանացան սրահի ջերմ գնահատանքներուն եւ ծափահարութիւններուն:

Աւանդական սովորութեան համաձայն, պատմական այս տօնակատարութիւնը ունեցաւ նաեւ իր մոմավառութեան բաժինը, որուն մասնակցեցան 16 նուիրատու մոմավառներ:

Աւարտին տեղի ունեցաւ նաեւ հիւրասիրութիւն:

Մեր կողմէ ի սրտէ յարատեւութեան եւ բարգաւաճման յատուկ բարի մաղթանքներ կը հասցէագրենք Լոս Անճելըսի հայ մամուլի քսանամեայ երիտասարդ անդամ «Նոր Հայաստան»-ին եւ անոր աշխուժ խմբագիր Վահան Վահանեան-Ճանսըզեանին:

 

 

Share this Article
CATEGORIES