Հանդիպում` «Զանզալախդ»-ի Բեմադրիչ Յակոբ Տէր Ղուկասեանի Հետ
Համազգայինի «Գ. Իփէկեան» թատերախումբը 70 տարեկան է: Լիբանանի թատերական կեանքին մէջ անիկա ունի մեծ ներդրում եւ դերակատարութիւն: Արդարեւ, անիկա իր գործունէութեան 70 տարիներուն ընթացքին կազմաւորեց դերասաններու բանակ մը, որուն անդամները իրենց խաղարկութեամբ եւ ստանձնած դերերով հայ թատրոնը ծանօթացուցին օտարներուն եւ մեր գաղութին պարգեւեցին մշակութային ուրոյն եւ յիշատակելի օրեր:
Վաստակաւոր բեմադրիչներն ու Համազգայինի մեծ ընտանիքը անսահման համբերութեամբ եւ մեծ ճիգերով պահեցին այս խումբը` նոր սերունդին փոխանցելով հայ մշակոյթին տէր կանգնելու եւ զայն տարածելու նախանձախնդրութիւնը:
Այսօր երեկոյեան «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ անգամ մը եւս բեմ կը բարձրանայ Համազգայինի «Գ. Իփէկեան» թատերախումբը` նոր բեմադրիչով եւ նոր ու իւրայատուկ գործով: Բեմադրիչին համաձայն, Իսամ Մահֆուզի «Զանզալախդ» թատերական գործը ո՛չ մէկ լիբանանցի բեմադրիչ համարձակութիւնն ու քաջութիւնը ունեցած է բեմադրելու, բացի լիբանանահայ ծանօթ բեմադրիչ Պերճ Ֆազլեանէն, որ տարիներ առաջ բեմ հանած է այս գործը` տեղացի նշանաւոր դերասաններու կատարողութեամբ:
Ներկայացումներու նախօրեակին «Ազդակ» յատուկ զրոյց մը ունեցաւ բեմադրիչ Յակոբ Տէր Ղուկասեանին հետ: Մեր առաջին հարցումը եղաւ այն, որ ի՞նչ հանգրուաններէ անցան այս ներկայացումի նախապատրաստական աշխատանքները: Բեմադրիչը յայտնեց, որ նախ եւ առաջ կար այն մտահոգութիւնը, թէ ինչո՞ւ լիբանանահայ բեմադրիչները չեն աշխատիր այս խումբին հետ, հակառակ անոր որ մենք ունինք այս վստահելի ուժերը, զորս կրնանք բեմ բարձրացնել եւ ներկայացնել բարձր մակարդակի խաղարկութիւն: Շարունակելով իր խօսքը` Յ. Տէր Ղուկասեան յայտնեց, որ այս գաղափարին շուրջ համախմբուեցան վեթերան դերասանները, որոնց նպատակն էր որակաւոր գործով մը ներկայանալ: Քանի մը հանդիպումներէ ետք առաջարկ ներկայացուած է բեմ բարձրացնելու «Վերախաչուած Յիսուս» գործը` իբրեւ բեմադրիչ ունենալով զինք, որ թէեւ տարբեր առիթներով առաջարկներ ստացած էր, սակայն կարելիութիւն չէր ունեցած «Գ. Իփէկեան» թատերախումբին հետ աշխատելու:
Յակոբ Տէր Ղուկասեան յայտնեց, որ օրին «Վերախաչուած Յիսուս»-ը յարմար չէ նկատուած` նիւթական եւ այլ դժուարութիւններու պատճառով: Ուստի իբրեւ այլընտրանք առաջարկուած է «Զանզալախդ»-ը ներկայացնել, որովհետեւ ինք դերասաններուն հետ ունեցած հանդիպումներէն ետք վստահ եղած է, որ անոնք ատակ են թատերախաղը լաւապէս ընկալելու եւ մարմնաւորելու:
Ան դիտել տուաւ, որ գործը արաբերէնէն հայերէն թարգմանած է Հրակ Տեմիրճեան, իսկ Սարգիս Կիրակոսեան զայն խմբագրած եւ պատշաճեցուցած է հայոց լեզուի: Բեմադրիչին համաձայն, բնագիրին հետ բաղդատելով շատ քիչ բան փոխուած է, նոյնիսկ անունները մնացած են նոյնը. այս գործը բոլոր ժամանակներուն յարմար է, չի կորսնցներ իր այժմէականութիւնը: Ան դիտել տուաւ, որ Իսամ Մահֆուզի խենթերու կերպարը ընտրած է, որպէսզի կարենայ ամէն բան ըսել եւ պատգամը ճիշդ ձեւով փոխանցել` առ որ անկ է: Բեմադրիչը փոխանցեց, որ բաւական խորունկ նիւթ է, իւրաքանչիւրը ուզած ձեւով կրնայ մեկնաբանել, անիկա ունի քննադատական խորք:
Այդ պատճառով ալ, հանդիսատես մը կրնայ դիտել ու խնդալ, ուրիշ մը ազդուիլ կատարուած քննադատութիւններէն: Անոր համաձայն, այս գործին բեմադրութեան նպատակներէն է նաեւ օտար հանդիսատեսին ցոյց տալ հայ դերասաններուն կարողութիւնները, որովհետեւ թէեւ թատրոնը հայերէնով է, սակայն պաստառին վրայ արաբերէնով թարգմանութիւն պիտի կատարուի, նաեւ պիտի պատրաստուին ֆրանսերէնով յատուկ թղթիկներ` թատրոնին նիւթը ամփոփող: Տէր Ղուկասեան շեշտեց, որ հիմնական թիրախը արաբ հանդիսատեսը մեր թատրոնը բերելն է, որպէսզի անոնք ծանօթանան մեր արուեստին եւ հաստատեն մեր դերն ու տեղը լիբանանեան թատրոնին մէջ, նաեւ փաստենք, որ 50 տարի առաջ «Կրանտ թեաթր»-ի մէջ 2 շաբաթ «Հին աստուածներ» ներկայացուցած «Գ. Իփէկեան» թատերախումբը այսօր ալ ունի մեծ ներուժ եւ կարողականութիւն:
Դերասաններուն մասին խօսելով` բեմադրիչը յայտնեց, որ զանոնք կարելի է վերածել թատերական խումբի մը, եւ եթէ ճիշդ ուղիի վրայ դրուի ամէն ինչ, մեծ յաջողութիւններ կարելի կ՛ըլլայ արձանագրել: Իբրեւ բեմադրիչ եւ արուեստագէտ` Յ. Տէր Ղուկասեան իր գոհունակութիւնը յայտնեց դերասաններուն եւ անոնց խաղարկութեան նկատմամբ` շեշտելով, որ միշտ ալ արուեստագէտը պէտք է ձգտի աւելիին:
Անդրադառնալով դժուարութիւններուն` բեմադրիչը դիտել տուաւ, որ դերասաններուն հետ աշխատիլը դիւրին չէ եղած, մանաւանդ որ մեծամասնութիւնը Վարուժան Խտըշեանի աշակերտները եղած են եւ դիւրին չէ եղած այդ դպրոցէն իր ոճին կատարուելիք անցումը: Իր ոճին մասին խօսելով` Յ. Տէր Ղուկասեան յայտնեց, որ ինք երկու ձեւով կ՛աշխատի. նախ իւրաքանչիւր դերասանի հետ առանձինն, անոր յիշատակներէն պեղելով դէպք մը, եղելութիւն մը, որ կրնայ օգտագործուիլ լաւապէս մարմնաւորելու համար կերպարը: Երկրորդ` տարածութիւնն է: Արդարեւ, բեմն ու հանդիսատեսը մէկ են իրեն համար, եւ այդ տարածութիւնը կարեւոր է եւ պէտք է զայն լաւապէս օգտագործել, ինչպէս նաեւ ընտրել տարբեր լուսաւորումներ: Այլ խօսքով` տարածքը օգտագործել լաւագոյն կերպով իմաստ տալով անոր: Ըստ բեմադրիչին, այս ներկայացման պարագային հանդիսատեսը առաջին բաժինով հաւանաբար չհասկնայ բեմայարդարումին իմաստը, սակայն աւարտին անպայման պիտի գիտնայ անոր ներկայացուցած իմաստը:
Իր խօսքը ուղղելով հանդիսատեսներուն` բեմադրիչ Յակոբ Տէր Ղուկասեան յայտնեց, որ անոնք անպայման պէտք է դիտեն այս ներկայացումը` հաւատալով, որ մեր ժողովուրդը ունի կարողութիւնը արժեւորելու այս թատերախաղը եւ քաջալերելու նման գործեր: «Առանց հանդիսատեսի թատրոն չկայ. ես թերեւս ըսելիքս չկարենամ ուղղակի ըսել հանդիսատեսին, բայց թատրոնի միջոցով կրնամ կատարել այդ մէկը», հաստատեց բեմադրիչը` դիտել տալով, որ հանդիսատեսին դերակատարութիւնը շատ մեծ է:
«Ազդակ» նաեւ զրոյց ունեցաւ «Գ. Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան ատենապետ Վարդան Ազնաւուրեանի հետ, որ յայտնեց, թէ այս նախաձեռնութեան հիմնական նպատակն է թատերախումբի 70-ամեակին առիթով համախմբել հին դերասանները, եւ ներկայացումով մը զանոնք նորերուն հետ բեմ բարձրացնել: Ան դիտել տուաւ, որ իրենք դիմած են Յակոբ Տէր Ղուկասեանին` գործ մը բեմադրելու համար, իսկ ան «Զանզալախդ»-ը առաջարկած է: Թէեւ հիներուն եւ նորերուն միացումը մէկ գործի մէջ դժուար եղած է, սակայն կարելի եղած է արգելքները յաղթահարել եւ երեք ամսուան փորձերէն ետք ներկայանալ հանդիսատեսին:
Այս առիթով ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր դերասաններուն, որոնք ոչ միայն իրենց ժամանակը տրամադրեցին, այլ նաեւ իրենց մասնակցութիւնը բերին սեւ գործին` բեմայարդարումի պատրաստութեան:
Ան թատերախումբին անունով շնորհակալութիւն յայտնեց Հրաչ Թոքաթլեանին, Ծովիկ Թորիկեանին, Ռոստոմ Գույումճեանին, Պերճ Թորոսին, Ժոզեֆ Ստամպուլեանին, որոնց շնորհիւ կարելի եղաւ իրականացնել այս գործը:
Վարդան Ազնաւուրեան մարտահրաւէր մը նկատեց այս ներկայացումը, որուն յաջողութեան գրաւականը կը մնայ հանդիսատեսին մօտ:
Յայտնենք, որ «Զանզալախդ»-ի ներկայացումները տեղի կ՛ունենան 24 մայիսէն սկսեալ` «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ:

