Հաղորդագրութիւն

Սոյն թուականի 25-26 մայիսին ՀԲԸՄ-ՀԵԸ «Արին» պարախումբը, հովանաւորութեամբ ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի շրջանակային յանձնաժողովին Տըպպայէի Էմիլ Լահուտի անուան համագումարներու պալատին մէջ հանդէս պիտի գայ ելոյթներով` լիբանանահայ գեղարուեստասէր հանրութեան ներկայացնելու համար ամբողջութեամբ նոր յայտագիր մը` պարային բեմադրութիւններու բազմազանութեան եւ գեղարուեստական հետաքրքրական լուծումներու յատկանիշներով:

Պարախումբի գեղարուեստական ղեկավար եւ պարուսոյց Գայեանէ Մածունեան ամբողջ մէկ տարուան վրայ երկարած պարուսուցման եւ պարադրման իր աշխատանքներով խումբը պատրաստած է ներկայացնելու 32 նոր բեմադրութիւններ` մօտաւորապէս 2 ժամ տեւողութեամբ:

«Ոսկէ ձայնապնակը» վերնագրեալ պարային այս ելոյթը բաղկացած է երեք մասերէ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը ունի իր թեմաթիք ուղղուածութիւնը եւ ամբողջութեան մէջ` իւրայատուկ ձօն մըն է հայ մշակոյթին, հայ բանաստեղծութեան, հայ ժողովուրդի անմահ արժէքներուն եւ գեղեցիկին` ընդհանրապէս:

«Ոսկէ ձայնապնակը» ներկայացնելու համար բեմ պիտի բարձրանան «Արին»-ի անդամ 110 տղաքն ու աղջիկները` տարիքային եօթը խումբերով, կատարելու համար հայ հնագոյն եւ ժամանակակից երգերու կշռոյթներուն տակ ստեղծուած նոր պարեր: Այս առիթով պարերուն կողքին «Արին» պարախումբը կը ներկայացնէ Այլին Խաչատուրեանի կատարողութեամբ հայկական ժողովրդական երգի մը նոր կատարումը` յատուկ պատրաստուած «Արին»-ին համար: «Ոսկէ ձայնապնակը» ներկայացման բեմագրութիւնը գրած է Վարդան Թաշճեան արուեստի արտադրութիւնը կատարած է Վարդան Մկրտիչեան, որմազդի հեղինակն է Րաֆֆի Թոքաթլեան:

Այս առիթով «Արին» պարախումբի վարչութիւնը յատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնէ պարախումբի անդամներու ծնողներուն` իրենց զօրակցութեան եւ տիկնանց օժանդակ յանձնախումբի անդամներուն` «Ոսկէ ձայնապնակը» ներկայացման պատրաստութեան մէջ իրենց ցուցաբերած անվերապահ աջակցութեան համար:

Կը հրաւիրենք լիբանանահայ արուեստասէր հանդիսատեսները ներկայ ըլլալու «Արին» պարախումբի «Ոսկէ ձայնապնակը» ներկայացման` սրահէն հաղորդուելու համար բեմին վրայ կատարուելիք պարերու վայելքին` ազնիւ հայկականութեամբ եւ գեղեցիկի փառաբանութեամբ լեցուն մթնոլորտի մը մէջ, այդպիսով քաջալեր հանդիսանալու նաեւ նոր սերունդին մօտ հայկական մշակութային արժէքներու առաւել գնահատման եւ տարածման:

ՀԲԸՄ-ՀԵԸ

 

 

Share this Article
CATEGORIES