Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – ՀՄԸՄ Պէյրութ` 44-50
Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն, երէկ ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ (Նաքքաշ) տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – ՀՄԸՄ Պէյրութ մրցումը: Պէյրութի կազմը, որ նախապէս իր կատարած առաջին երկու մրցումներուն պարտութիւն կրած էր, երէկ արձանագրեց իր առաջին յաղթանակը` 50-44 արդիւնքով: Ինչ կը վերաբերի Պուրճ Համուտի կազմին, անիկա կրեց իր առաջին պարտութիւնը` յաջորդական երկու յաղթանակներէ ետք:
Մրցումին չորս քորթըրները ընթացան հետեւեալ ձեւով` 17-11, 4-8, 9-18 եւ 14-15:
ՀՄԸՄ Պէյրութէն Ալին Լոշխաճեան նշանակեց 25 կէտ, իսկ անոր խմբակից Ալին Թունպուքեան` 18 կէտ:
CATEGORIES Մարզական

