Նախարարներ Քարամէ Եւ Շարպել Ապահովութեան Երաշխիքներ Տուին ՖԻՖԱ-ին

Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Հաշեմ Հայտար, յատուկ այցելութիւն մը տուաւ Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ֆայսալ Քարամէի, որուն հետ քննարկեց ֆութպոլի վերաբերեալ հարցեր եւ ի մասնաւորի 2014-ի Մոնտիալին գծով տեղի ունենալիք զտումի Դ. եւ վերջին հանգրուանին հետ առնչուող նիւթեր:

Այս հանդիպումին ներկայ եղաւ նաեւ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան ընդհանուր տնօրէն Զէյտ Խիամի:

Հայտար նախարար Քարամէն եւ Խիամին տեղեակ պահեց ՖԻՖԱ-ին ուղարկած այն նամակէն, ըստ որուն անիկա ապահովութեան երաշխիքներ կ՛ուզէ Լիբանանի մէջ տեղի ունենալիք 2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցումներուն գծով:

Քարամէ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Մարուան Շարպելի հետ, որ իր կարգին իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց    ՖԻՖԱ-ին փոխանցելու այն բոլոր գրաւոր տուեալները եւ փաստերը, որոնք ապահովութեան երաշխիքներ պիտի տան Լիբանան այցելող խումբերուն:

Հայտար երկու նախարարներէն ապահովութեան երաշխիքները ստանալով զանոնք անմիջապէս պիտի փոխանցէ ՖԻՖԱ-ին

 

Share this Article
CATEGORIES