19 Տարեկանէն Վար, 2012-Ի Եւրոպայի Ախոյեանութիւն. Հայաստան 2-1 Արդիւնքով Պարտուեցաւ Սպանիայէն
Եւրոպայի 2012-ի ախոյեանութեան 19 տարեկանէն վար ֆութպոլի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ Հայաստանի 19 տարեկանէն վար ազգային հաւաքականը, որ կը ճակատէր Սպանիոյ դէմ, անբախտ գտնուելով 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց անկէ: Անբախտ, որովհետեւ Սպանիա իր յաղթանակի կոլը նշանակեց մրցումին կորսուած` 94-րդ վայրկեաններուն` շնորհիւ Խուանմինի:
Սպանիա 64-րդ վայրկեանին շնորհիւ Սուսոյի բացաւ մրցումին հաշիւը, մինչ Հայաստանի հաւասարութեան կոլը նշանակեց Դաւիթ Յակոբեան (73-րդ):
Նշենք, որ Սպանիա Բ. կիսախաղը ամբողջութեամբ մրցեցաւ տասը մարզիկով, երբ 45-րդ վայրկեանին Ժերար Տելոֆէն կարմիր քարտ մը ստացաւ: Իսկ 83-րդ վայրկեանին անոր խմբակից Ռոտրիկես իր կազմին շնորհուած փենալթին չկրցաւ կոլի վերածել:
Երկրորդ մրցումը, որ իրարու դէմ հանեց Իտալիան եւ Պելճիքան, աւարտեցաւ Իտալիոյ յաղթանակով` 2-1 արդիւնքով:

