Այսօր Կը Սկսին Լիբանանի Պասքեթպոլի Տղոց Ազգային Խումբին Փորձերը

Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը հաղորդէ, որ այսօր` հինգշաբթի, 24 մայիսին, կը սկսին Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի ազգային խումբին փորձերը` հսկողութեամբ մարզիչ Ղասսան Սարգիսի եւ անոր օգնականին` Էլի Սֆէյրի: Փորձերը տեղի պիտի ունենան Շանվիլի դաշտին վրայ (Տիք Մըհտի):

Այս փորձերը գլխաւոր նպատակ ունին պատրաստել հաւաքականը յառաջիկայ 11-16 օգոստոսին Յորդանանի մէջ տեղի ունենալիք Արեւմտեան Ասիոյ պասքեթպոլի ախոյեանութեան: Նշենք, որ առաջին երկու դիրքերը գրաւող խումբերը կ՛ապահովեն Ասիոյ (ճանչցուած` Սթանքովիչի բաժակի մրցաշարք անունով) բաժակի մրցաշարքին իրենց տոմսերը: Անիկա տեղի պիտի ունենայ 14-22 սեպտեմբերին` Ճափոնի մէջ:

Նշենք, որ Արեւմտեան Ասիոյ պասքեթպոլի ախոյեանութեան կը մասնակցին Լիբանան, Իրաք, Յորդանան, Իրան, Սուրիա, Եմէն եւ Պաղեստին:

Նախքան իր փորձերուն սկսիլը, Լիբանանի ազգային խումբին մարզիկներէն շատերը, Սարգիս եւ Սֆէյր, Լիբանանի ազգային խումբերու ընդհանուր պատասխանատու Ֆետի Թապեթ, Լիբանանի ազգային խումբին պատասխանատու Ժորժ Քըլզի, ֆետերասիոնի կեդրոնատեղիին մէջ երէկ ունեցան կարճ հանդիպում մը, որուն ընթացքին անոնք խոստացան իրենց ամէն կարելին ընել լաւապէս պատրաստելու համար ազգային խումբը:

 

Share this Article
CATEGORIES