ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ. Հիթ – Փէյսըրզ` 3-2
Էն. Պի. Էյ.ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան փլէյ-օֆի Բ. հանգրուանի Արեւելեան շրջանի կիսաւարտականի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ Մայեմի Հիթ 115-83 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով 3-2 արդիւնքով յառաջացաւ Ինտիանա Փէյսըրզի վրայ:
Յաղթական կազմին մարզիկներէն Լեպրըն Ճէյմս նշանակեց 30 կէտ, 10 ռիպաունտ եւ 8 էսիթ, մինչ անոր խմբակից Տուայն Ուէյտ` 28 կէտ:
Այսօր իրարու դէմ կը մրցին Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ եւ Պոսթըն Սելթիքս: Վերջինս յաղթանակ մը արձանագրելու պարագային պիտի ապահովէ աւարտականի իր տոմսը, որովհետեւ այժմ 3-2 արդիւնքով կը գերազանցէ Սիքսըրզը:
CATEGORIES Մարզական

