Բազկամարտ. Հայաստանի Հաւաքականը Տիրացաւ 7 Մետալի

PanArmenian.Net լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի բազկամարտի ազգային հաւաքականը, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ Լեհաստանի մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի բազկամարտի ախոյեանութեան, յաջողեցաւ 7 մետալով (4 ոսկի, 2 արծաթ եւ 1 պրոնզ) վերադառնալ հոնկէ:

Այսպիսով, Հայաստանի հաւաքականը ընդհանուր դասաւորման մէջ հանդիսացաւ 11-րդ:

Նշենք, որ այս ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին 26 երկիրներէ աւելի քան 1000 մարզկներ:

 

Share this Article
CATEGORIES