Հայրենի Վարպետներուն Մասնակցութիւնը` Տարբեր Մրցաշարքերու
Armchess.am ճատրակի յատուկ լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ հայրենի վարպետներ իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն տարբեր տեսակի ճատրակի մրցաշարքերու:
Ողիմպիականի ախոյեան Գաբրիէլ Սարգսեան իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ 25-29 մայիսին Շիքակոյի մէջ տեղի ունենալիք ճատրակի միջազգային կարեւոր մրցաշարքի մը:
26 մայիսէն 3 յունիս Ալպենայի մէջ (Պուլկարիա) տեղի ունենալիք այլ կարեւոր ճատրակի մրցաշարքի մը, հայրենի վարպետներուն թիւը պիտի ըլլայ շատ աւելի: Անոնք են` ողիմպիականի ախոյեաններ Վլատիմիր Յակոբեան, Տիգրան Լ. Պետրոսեան, Հրանդ Մելքումեան, Աւետիք Գրիգորեան, Նելլի Աղինեան, Կարէն Գրիգորեան, Յովհաննէս Կապուզեան եւ Վահէ Պաղտասարեան:
CATEGORIES Մարզական

