Միհայլովիչ Նշանակուեցաւ Սերպիոյ Ֆութպոլի Ազգային Խումբի Մարզիչ

Սինիսա Միհայլովիչ

Եուկոսլաւիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին մարզիկ Սինիսա Միհայլովիչ նշանակուեցաւ Սերպիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ: 43 տարեկան Միհայլովիչ մարզիչ իր նշանակումէն անմիջապէս ետք յայտարարեց, որ եթէ չյաջողի իր կազմը հասցնել 2014-ի Մոնտիալի աւարտական հանգրուան, անմիջապէս պիտի ներկայացնէ իր հրաժարականը:

Նշենք, որ ան իր այս պաշտօնը ստանձնեց ժամանակաւոր մարզիչ Ռատովան Քուրքիչէն, որ նախորդ հոկտեմբերին ստանձնած էր իր այս պաշտօնը` յաջորդելով Վլատիմիր Փեթրովիչի, որ պաշտօնազրկուած էր` նկատի ունենալով, որ ձախողած էր իր կազմը հասցնել Եւրօ-2012-ի ֆութպոլի աւարտական հանգրուանին:

Սերպիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին հետ երկու տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրած Միհայլովիչ հրապարակեց իր 31 մարզիկներէ բացկացած խումբը, որ այս շաբաթ ֆութպոլի բարեկամական մրցում մը պիտի կատարէ Եւրոպայի ախոյեան Սպանիոյ դէմ: Ապա, անոր յաջորդ մրցակիցները պիտի ըլլան Ֆրանսա (31 մայիս) եւ Շուէտ (5 յունիս):

Share this Article
CATEGORIES