Իսամ Մահֆուզ Կամ Միշտ Յանձնառու Տագնապահար Գրագէտը
Ս. ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆ
Ուղեղային կաթուածի ենթարկուելէ եւ իր ողբերգական մահէն շուրջ երկու տարի առաջ, 2004-2005 տարիներուն, բանաստեղծութեան, թատերգութեան, գրականագիտութեան եւ հրապարակագրութեան կալուածներուն մէջ իր յանձնառու, յառաջապահ, ապագայատեսիլ եւ տագնապահար գեղագէտի տաղանդն ու անհատականութիւնը բազմիցս արդարացուցած եւ փաստած Իսամ Մահֆուզ լծուած էր տենդագին ու կեդրոնացեալ աշխատանքի` հրատարակութեան պատրաստելու, վերանայելու եւ յառաջաբաններով օժտելու համար վեց նոր հատորներ, որոնց մէջ պիտի ամփոփուէին իր ըմբոստ, անշահախնդիր ու խիզախ մտաւորականի խառնուածքին եւ գրական ծրագիրին պերճախօս ապացոյցները հանդիսացող գրական, իմացական եւ մշակութային յօդուածները, ուսումնասիրութիւնները, հակաճառութիւններն ու երկխօսութիւնները: Շուրջ երեսուն երկար տարիներ «Ան-Նահար» օրաթերթի մշակութային առօրեայ էջի խմբագրութեան մաս կազմած այս «սեւ գառնուկը», ինչպէս կը սիրէր զինք կոչել իր երէց գրչեղբայրն ու «արաբական արդի բանաստեղծութեան պատրիարքը»` Եուսէֆ էլ-Խալ, հեռացուած էր իր պաշտօնէն` իր ընկերվարական սկզբունքային, իմա՛` արմատական կեցուածքներուն եւ ըմբոստ մտաւորականի նկարագրին պատճառով: Կ՛ապրէր գրեթէ անգործ եւ գրիչը իր գոյութեան, պայքարի եւ ապրուստի միակ զէնքն ու աղբիւրն էր:
«Զհաց մեր հանապազորդ»ի ծորակը ցամքած էր: Եթէ քիչ մը ճկունութիւն ցուցաբերած ըլլար` կրնար շարունակել իր հանգիստ գործը կամ ապահովել նոր եւ հաւանաբար աւելի պատասխանատու եւ բարեկեցիկ պաշտօն մը: Բայց դարձեալ տեղի չէր տուած:
Բռնատիրական վարչակարգերու անարդարութեանց, սուտին, կեղծիքին ու փտածութեան դէմ ապստամբած «Զանզալախդ»ի հերոսին` սրբազան խենթ Սա՛ատունի պարտադրուած էր թիավարել հոսանքն ի վեր: Յորովայնէ այս եղած էր անառակ ծնունդի իր ճակատագիրը` յար եւ նման յունական թատրոնի ողբերգական հերոսներուն: Եւ ան իրար ետեւէ պիտի հրատարակէր ցնցիչ ու բոլոր թապուները քանդող-շրջանցող զգայացունց հատորներ` «Զրոյց մշակոյթի անաստուածներուն հետ», «Քսաներորդ դարու իմացական բանավէճերը», «Պատմութիւն ունեցող դատավարութիւններ», «Քսաներորդ դարու մեր ուսուցիչները», «Քսաներորդ դարու վիպագիրները» եւ «Մշակութային ուղեւորութիւն` դէպի քսաներորդ դարու եօթանասունականները – Արեւելքի եւ Արեւմուտքի ուղղութեամբ»: Իր պատրաստած «Թատերական ամբողջական երկեր» հատորը լոյս պիտի տեսնէր աւելի ուշ` մահուան նախօրեակին:
Հիմա, երբ Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը հայերէնով բեմ կը բարձրացնէ արաբական արդի թատրոնի արժանաւոր հիմնադիր եւ Իսամ Մահֆուզի անդրանիկ թատերախաղը հանդիսացած «Զանզալախդ» անուն գոհարը, գոյութենապաշտ, անհեթեթ, քաղաքական ու հոգեվերլուծական թատերական ուղղութիւններու միաձուլումով իր անձնադրոշմ ու տարօրէն լիբանանեան թատրոնը հիմնած Իսամ Մահֆուզի թատերական արուեստին ու վաստակին անդրադառնալէ աւելի, կ՛ուզենք կանգ առնել այս զտարիւն ու վաւերական գրագէտին, յառաջապահ մտաւորականին եւ գաղափարապաշտ մարդուն ու քաղաքացիին ազգային ու մարդկային ընտիր կերպարին դիմաց: Պարզ մարդոց հարցերով ու տագնապներով, ընկերային շահագործումներով ու զոհերուն ճակատագիրներով, ցաւերով ու ողբերգութիւններով փոթորկող, ըմբոստացող կատաղի Մա՛րդ Գրագէտն էր ան, բանաստեղծութեան պայծառ ու մռայլ ոլորտներէն թատրոնին լայնածաւալ տարածքները գրաւելու տեսլականով եռեւեփող ազնիւ ու լիիրաւ, համեստ ու խոնարհ մարդոց անդաւաճան ընկերը: Զոհին դրացին ու հոգեղբայրը:
Ծանօթացած էինք 1973-ի բախտաւոր օր մը, Եուսէֆ էլ-Խալի «Կալերի Ուան» ցուցասրահին մէջ: Այնուհետեւ մեր բարեկամութիւնը եղած էր գրեթէ կանոնաւոր: Իրարու կը հանդիպէինք արուեստագէտներու, բանաստեղծներու, անգործ մտաւորականներու եւ նշանաւոր հրապարակագիրներու ամէնօրեայ ժամադրավայր «Հօրս շու» սրճարանին մէջ, երիտասարդ բանաստեղծներ Փօլ Շաւուլի, Սամիր աս-Սայէղի եւ Ուատիհ Սաատէի քաղցր ընկերակցութեամբ: Եւ ամէն անգամ, որ «Ան-Նահար» կ՛այցելէինք` Ունսի էլ-Հաժը կամ Շաուգի Ապի Շագրան տեսնելու համար, անպայմանօրէն կը հանդիպէինք Փօլ Կիրակոսեանի ոտքի արկածին ականատես եւ անուղղակի մասնակից Իսամ Մահֆուզի, որ միշտ խոր յուզումով կը վերյիշէր աղէտը, աւելի ճիշդ` կը վերապրէր յունական ողբերգական թատրոնէն կարծես փոխ առնուած այդ տեսարանը:
Մարդ էր Իսամ Մահֆուզ: Կատարեալ մարդ եւ հեզահամբոյր ու համեստ ընկեր: Այսօրուան պէս կը յիշեմ: Տարին` 1975, ամիսը` մարտ, օրը` երկուշաբթի կամ երեքշաբթի: Յետմիջօրէի դադարի ժամն էր: Նստած էինք մեր ժամադրավայրի միեւնոյն սեղանին շուրջ: Պարզեցի իրեն Հայկական Ցեղասպանութեան 60-ամեակին նուիրուած բացառիկ մը հրատարակելու «Բագին»ի ծրագիրը: Ապա, հազիւ իր աշխատակցութիւնը խնդրած` «Ես գացի, մէկ ժամէն խմբագրատուն հանդիպէ» եղաւ իր պատասխանը, անմիջապէս ոտքի ելաւ եւ մեկնեցաւ:
Ժամ մը չանցած` իր սրտի խօսքը երկարելէ ետք, ամչկոտ աշակերտի մը մեղաւոր երկչոտութեամբ ներողամտութիւն խնդրեց. «Կը ցաւիմ, որ ռումբի պէս պայթող ուժեղ խօսք մը չկրցայ գրել: Բայց սրտով գրեցի: Յուսամ կը հաւնիս: Եթէ չհաւնիս` զամբիւղ նետէ, նորը կը գրեմ»:
Անշո՛ւշտ չնետեցի:
Ափսո՜ս, որ Իսամ Մահֆուզի եւ իր գրչեղբայրներուն ապրիլեան արաբերէն ձեռագիրները զոհ գացին մեր անփոյթ տգիտութեան` բարեբախտաբար հայերէնի թարգմանուելէ եւ հրատարակուելէ ետք:
Յարգանք իր լուսապայծառ յիշատակին եւ ոսկի վաստակին:
Զանզալախդ
«Բացէ՛Ք, Բացէ՛Ք Դուռը»
(Սաատուն առանձինն է բեմի յառաջամասին վրայ. ծունկի կեցած է. գրագիրը անոր դանդաղօրէն կը մօտենայ եւ ձեռքերը կը դնէ ուսերուն վրայ):
ԳՐԱԳԻՐ.- Ոճիրը գործած ժամանակդ բռնեցի:
ՍԱԱՏՈՒՆ.- (կը դառնայ գրագիրին կողմը, բայց չի պատասխաներ):
ԳՐԱԳԻՐ.- Կը սպասե՞ս: Հը՞…
ՍԱԱՏՈՒՆ.-………………..
ԳՐԱԳԻՐ.- Տակաւին կը սպասե՞ս:
ՍԱԱՏՈՒՆ.- (բռնկելով) որո՞ւ կը սպասեմ:
ԳՐԱԳԻՐ.- Անո՛ր:
ՍԱԱՏՈՒՆ.- Ո՞վ է ան:
ԳՐԱԳԻՐ.- Ա՛ն: Ա՛ն:
(Սաատուն կը վերադառնայ իր նախկին վիճակին: Լռութիւն):
ԳՐԱԳԻՐ.- (յանկարծ) Ի՛նքը, ինքը:
ՍԱԱՏՈՒՆ.- (տեղէն կը ցատկէ եւ շուրջը կը նայի) Ստախօ՛ս:
ԳՐԱԳԻՐ.- Կարծես նշմարեցի զինք:
ՍԱԱՏՈՒՆ.- Հանգիստ ձգէ զիս:
ԳՐԱԳԻՐ.- Ամօթ է: Ե՛ս քեզի իրեն ծանօթացուցի:
ՍԱԱՏՈՒՆ.- Դուն իմ դէմս ես:
ԳՐԱԳԻՐ.- Ե՞ս:
ՍԱԱՏՈՒՆ.- Որովհետեւ գէշ ես: Մոռցա՞ր:
ԳՐԱԳԻՐ.- Ի՞նչը մոռցայ:
ՍԱԱՏՈՒՆ.- Դուն լաւ գիտես:
ԳՐԱԳԻՐ.- Այո՛, գիտեմ, բայց զգացումները մէկ բան են, պարտաւորութիւնները` ուրիշ բան: Վերջ ի վերջոյ, որոշումը իրեն կը մնայ. բոլոր վճիռները կախեալ են իրմէ:
ՍԱԱՏՈՒՆ.- Որմէ՞: Աստուծմէ՞:
ԳՐԱԳԻՐ.- Ո՛չ, ժեներալէն:
ՍԱԱՏՈՒՆ.- Ես ի՞նչ ըրած եմ ժեներալին:
ԳՐԱԳԻՐ.- Ո՛չ մէկ բան, բայց թերեւս ուրիշ մէկուն բան մը ըրած ես: Ժեներալը արդար մարդ է, օձիքդ պիտի չձգէ, մինչեւ որ դատդ վերջանայ:
ՍԱԱՏՈՒՆ.- Դատս վերջանայ… դատս վերջանայ:
ԳՐԱԳԻՐ.- Ամէն ինչ իր սկիզբը եւ վերջը ունի, Սաատուն: Քրոջս հետ հարցդ վերջացա՞ւ, թէ՞…
ՍԱԱՏՈՒՆ.- Տակաւին ինծի հանդէպ ոխ կը պահե՞ս:
ԳՐԱԳԻՐ.- Մեղքը վզիդ: Դուն շատ կոշտ կը վարուէիր անոր հետ:
ՍԱԱՏՈՒՆ.- Իմ ալ զաւակս էր, այնպէս` ինչպէս իր զաւակն էր:
ԳՐԱԳԻՐ.- Աստուած գիտէ:
ՍԱԱՏՈՒՆ.- Լաւագոյն կրթութեամբ օժտեցի զինք: Երբոր զարնէի` կը խնդար: Առանց ինծի չէր ճաշեր: Եւ ամէն մէկ ճաշ իր խորհուրդը ունէր: Տղա՛ս, հում հաւկիթը խաշած հաւկիթէն սննդարար է, իսկ խաշած հաւկիթը տապկուած հաւկիթէն աւելի սննդարար է: Խորոված հաւկիթը ամէնէն սննդարարն է: Իսկ հացը… հացը ամբողջակա՛ն սնունդ է: Ամէնէն կարեւորը ոսպն է… երբ ֆրանսական բանակը մեր երկիրը գրաւեց, երկրի ամբողջ ոսպին վրայ ձեռք դրաւ: Ոսպին մէջ երկաթ կայ, արիւնը կը զօրացնէ: Լոլիկի ջուրը… Անձեռոցը վիզիդ շուրջ պահէ՛: Թերթերը մի՛ պատռեր, պէտք կ՛ըլլայ պէտքարանին մէջ: Նախքան քնանալդ մի՛ մոռնար աղօթել: Ապրի՛ս: Երկա՜ր ապրիս:
ԳՐԱԳԻՐ.- Ո՞վ: Ե՞ս:
ՍԱԱՏՈՒՆ.- Ո՛չ, այդ տղան: Միայն գիտնաս դաս սորված ատեն որքա՜ն կը չարչարէր զիս: Սէ- Վօ-Րէ- Վեւ- Է` սորվէ՛… Աքլորը եւ աղուէսը: Կը պատմեն, թէ ճարպիկ աղուէս մը տան մը տանիքին վրայ աքլոր մը տեսաւ եւ ըսաւ. «Բարի լոյս, պարոն աքլոր, ինչո՞ւ վար չես իջներ, որպէսզի միասին խաղանք»: Աքլորը պատասխանեց. «Այդ երբ էր, որ աղուէսը սկսաւ հաւերուն հետ խաղալ», եւ աղուէսը պատասխանեց. «Չլսեցիր ի՞նչ պատահեցաւ քաղաքին մէջ»:
ԳՐԱԳԻՐ.- Ես լսեցի, որ նախքան գնելը կոտրուած էր:
ՍԱԱՏՈՒՆ.- Ո՛չ, երբոր ես գնեցի` շատ լաւ վիճակի մէջ էր, ստախօս է քոյրդ: Ճիշդ է, որ անգամ մը երբ զարկի` գլուխը ջարդուեցաւ, բայց փակցուցի եւ ետ առաջուան ձեւը ստացաւ: Ըստ քեզի` ստախօս է:
ԳՐԱԳԻՐ.- Իսկ քոյրս ըսաւ, որ դո՛ւն ստախօս ես:
ՍԱԱՏՈՒՆ.- Ի՛նքն է ստախօսը…
ԳՐԱԳԻՐ.- Դո՛ւն ես ստախօսը…
ՍԱԱՏՈՒՆ.- Լաւ, ես եմ:
ԳՐԱԳԻՐ.- Ընդունեցի՞ր, չէ՞: (Պոռալով) Յարգելի ժեներա՜լ, յարգելի՛ ժեներալ, ընդունեց: Ընդունեց:
(Ձայնին վրայ զօրավարը եւ իր մարդիկը կը շարժին):
ԶՕՐԱՎԱՐ.- Ո՞վ ընդունեց:
ԳՐԱԳԻՐ.- Սաատունը, յարգելի ժեներալ, Սաատո՛ւնը: Ընդունեց, որ ստախօս է:
ՎԿԱՆ.- Ինչու սուտը ոճի՞ր է:
ԳՐԱԳԻՐ.- Ընդունեց, որ քրոջս խաբած է:
ԶՕՐԱՎԱՐ.- Յարգելի գրագիր, քանի անգամ ըսած եմ, որ անձնական դատդ անջատես ընդհանուրի դատէն: Կը շարունակենք նիստը:
ԳՐԱԳԻՐ.- Մահքամա:
ԶՕՐԱՎԱՐ.- Վկաները:
ԳՐԱԳԻՐ.- Վկաները:
(Երեք հոգի կը յառաջանան)
ԶՕՐԱՎԱՐ.- (առաջինին) Կը ճանչնա՞ս դատապարտեալը:
(Կը ցուցնէ Սաատունը)
ԱՌԱՋԻՆ ՎԿԱՆ.- Այո, յարգելի ժեներալ:
ԶՕՐԱՎԱՐ.- (Երկրորդ վկային) Կը ճանչնա՞ս դատապարտեալը:
ԵՐԿՐՈՐԴ ՎԿԱՆ.- Այո՛, յարգելի ժեներալ:
(Երրորդը կը յառաջանայ)
ԵՐՐՈՐԴ ՎԿԱՆ.- Այո, յարգելի ժեներալ:
ԶՕՐԱՎԱՐ.- (Վկաներուն) Սկսինք: (Գրագիրին) Արձանագրէ՛: (Աչքերը կը գոցէ եւ քունի կ՛անցնի):
ԱՌԱՋԻՆ ՎԿԱՆ.- Ապու Ղազալին աղջիկը սպաննուած գտան բաղնիքին մէջ…
ՍԱԱՏՈՒՆ.- Սաատուն կ՛ըսէ մի՛ սպաններ:
ԵՐԿՐՈՐԴ ՎԿԱՆ.- Եւ իր վզնոցը գողցուած էր…
ՍԱԱՏՈՒՆ.- Սաատուն կ՛ըսէ մի՛ գողնար:
ԵՐՐՈՐԴ ՎԿԱՆ.- Հայրը նեղութենէն մահացաւ…
ՍԱԱՏՈՒՆ.- Սաատուն կ՛ըսէ յարգէ՛ հայրդ ու մայրդ:
ԵՐԿՐՈՐԴԸ.- Հայրը ողջ է, ամուսինն էր մեռնողը:
ԱՌԱՋԻՆԸ.- Ո՛չ, ամուսինը ողջ է, մայրն էր, որ սպաննուած գտան աղջկան ու սիրեկանին հետ, բաղնիքին մէջ:
ՍԱԱՏՈՒՆ.- Սաատուն կ՛ըսէ մի՛ սպաններ, մի՛ գողնար ու մի՛ դատեր:
ԵՐԿՐՈՐԴԸ.- Տարօրինակ է, հայրը, մայրը եւ սիրեկանը քովէս կը քալէին թաղման ատեն:
ԱՌԱՋԻՆԸ.- Թերեւս դրացիին թաղումն էր:
ԵՐՐՈՐԴԸ.- Վեց տարի է, գիւղին մէջ իրմէ զատ մէկը չէ մեռած:
ԵՐԿՐՈՐԴԸ.- Բայց ամէն օր թաղում կայ…
ԵՐՐՈՐԴԸ.- Թաղումը պատշաճ էր:
ԵՐԿՐՈՐԴԸ.- Իսկ մեռնողը շուն մըն էր:
ԱՌԱՋԻՆԸ.- Շո՛ւն: Ես հիւանդ շուն մը ունէի: Հազար ոսկիի ծախեցի:
ԵՐԿՐՈՐԴԸ.- Իմ հաջան շունս, որ անցեալ տարի սատկեցաւ, որսի շուներէն ալ լաւ էր:
ԵՐՐՈՐԴԸ.- Բոլոր շուները որսի շուն են:
ԱՌԱՋԻՆԸ.- Մարդը շունէն լաւ է:
ԵՐԿՐՈՐԴԸ.- Բայց շունը հաւատարիմ է:
ԱՌԱՋԻՆԸ.- Բայց եւ տեսակէն կախում ունի: Տանօն հաւատարիմ է եւ ձայնը բարձր է:
ԵՐՐՈՐԴԸ.- Տուկը հաւատարիմ է, բայց ձայնը ցած է:
ԵՐԿՐՈՐԴԸ.- Բոլոր զարդարանքի շուները հաւատարիմ են:
ԵՐՐՈՐԴԸ.- Քանիշը ամէնէն գեղեցիկն է:
ԱՌԱՋԻՆԸ.- Քանիշը եւ Լուլուն աղջկայ պէս են:
ԵՐԿՐՈՐԴԸ.- Եւ աղջիկը մօրը պէս է:
ԵՐՐՈՐԴԸ.- Եւ աղջիկը սպաննուա՞ծ գտան բաղնիքը:
ԱՌԱՋԻՆԸ.- Սպաննուած եւ կողոպտուած:
ԵՐԿՐՈՐԴԸ.- Սաատուն, ինչո՞ւ Ապու Ղազալին աղջիկը սպաննեցիր:
ՍԱԱՏՈՒՆ.- Ես չսպաննեցի:
ԱՌԱՋԻՆԸ.- Լաւ, ինչու թաղումին եկե՞ր էիր:
ՍԱԱՏՈՒՆ.- Եկած չէի:
ԵՐՐՈՐԴԸ.- Ինչպէս թէ եկած չէիր, երբ դուն ես սպաննողը:
ԱՌԱՋԻՆԸ.- Այո, ներկայ էիր:
ՍԱԱՏՈՒՆ.- Ներկայ չէի:
ԵՐԿՐՈՐԴԸ.- Այո, ներկայ էիր:
ՍԱԱՏՈՒՆ.- Ներկայ չէի:
ԵՐՐՈՐԴԸ.- Այո, ներկայ էիր:
ՍԱԱՏՈՒՆ.- Ներկայ չէի:
ԱՌԱՋԻՆԸ ԵՒ ԵՐԿՐՈՐԴԸ.- Այո, ներկայ էիր:
ՍԱԱՏՈՒՆ.- Ներկայ չէի:
ԱՌԱՋԻՆԸ ԵՒ ԵՐՐՈՐԴԸ.- Այո, ներկայ էիր:
ՍԱԱՏՈՒՆ.- Ներկայ չէի:
ԵՐԿՐՈՐԴԸ ԵՒ ԵՐՐՈՐԴԸ.- Այո, ներկայ էիր:
ՍԱԱՏՈՒՆ.- Ներկայ չէի:
ԱՌԱՋԻՆԸ, ԵՐԿՐՈՐԴԸ ԵՒ ԵՐՐՈՐԴԸ.- Այո, ներկայ էիր:
ՍԱԱՏՈՒՆ.- Լա՛ւ, ներկայ էի, ներկա՜յ էի: Աստուա՜ծ իմ, ներկայ էի, ներկայ էի:
(Դրան կողմ կը դառնայ ու կը թակէ):
ՍԱԱՏՈՒՆ.- (Պոռալով) Բացէ՛ք դուռը, բացէ՛ք դուռը: (Զօրավարը ձայնէն կ՛արթննայ):
(Մթութիւն)
ԻՍԱՄ ՄԱՀՖՈՒԶ
(Հատուած)
Ոճիրէն Աւելի
ԱհաւորըԱյն ջարդը, որուն ենթարկուեցաւ հայ ժողովուրդը իր հայրենիքի մէկ մասին` Արեւմտահայաստանի մէջ եւ որուն նահատակներուն յիշատակի ոգեկոչման վաթսունամեակը կը զուգադիպի այս օրերուն, այն հսկայ մղիչ ուժն է, որ այսօր կը մղէ մեզ բարձրաղաղակ հարց տալու 20-րդ դարու միջազգային հանրային կարծիքի հանդիսատեսի դիրքորոշման մասին` ի տես այս վայրագութեանց ու բարբարոսութիւններուն, որոնք պարզապէս մթին դարերու պատմութեան մէկ մասն են:
Այս այն դիրքորոշումն է, որ ամէնուրեք քաջալերեց ու կը շարունակէ քաջալերել անհատներու իրաւունքներուն ոտնակոխումը, ո՛ւր մնաց ժողովուրդներու իրաւունքները:
Եղբայրացումը հայ ժողովուրդին եւ անոր տառապանքներուն հետ, Լիբանանի մէջ եւ Լիբանանէն դուրս, ընկերակցելու եւ վիշտը բաժնելու սովորական զգացականութեան մը արդիւնք չէ միայն, այլ իրաւազրկուած մարդկութեան իրաւունքին վերադարձին ի խնդիր կատարուած դիրքորոշում մըն է, իրաւունք մը, որուն ներկայացուցիչներն են այս ժողովուրդի նահատակներուն թոռները, զաւակները ա՛յն ժողովուրդին, որուն մեծամասնութիւնը 20-րդ դարու սկիզբներուն բռնօրէն տարագրուեցաւ իր երկրէն` պատմական յետադիմականութիւնն ու համայնքային ատելութիւնը ներկայացնող Օսմանեան կառավարութեան կողմէ, որուն շարունակութիւնը այսօր կը գտնենք ցեղամոլ ու կրօնամոլ ներկայ բազմաթիւ վարչակարգերու մէջ:
Կրնայ ըլլալ, որ մանրամասնօրէն չեմ ճանչնար պատմութիւնը հայկական ջարդերուն, որոնք գործադրուեցան Օսմանեան պետութեան կողմէ, սակայն յստակօրէն գիտեմ ա՛յն, որ այս բարբարոսական ջարդերուն դիմաց միջազգային հանրային կարծիքին ցուցաբերած լռութիւնը աւելի՛ ահաւոր է, քան նոյնինքն ցեղասպանութիւնը:
Ես մասնաւորաբար իբրեւ բանաստեղծ երբ կը պատկերացնեմ հայ նահատակ բանաստեղծներուն արիւնը, կը յիշեմ ֆրանսացի բանաստեղծ Լօթրիամոնի հետեւեալ խօսքը. «Ծովերու բոլո՛ր ջուրերը չեն բաւեր` լուալու համար նահատակ մտաւորականի մը արեան մէկ կաթիլը»:
ԻՍԱՄ ՄԱՀՖՈՒԶ
(«Բագին», Ապրիլ 1975, թիւ 4)
Իսամ Մահֆուզ
(1939-2006)
Բանաստեղծ, թատերագիր, թարգմանիչ, գրականագէտ, գրականութեան ու արուեստի քննադատ եւ մտաւորական Իսամ Մահֆուզ ծնած է 1939-ին, Հարաւային Լիբանանի Ճտէյտէթ Մարժա՛յուն գիւղաքաղաքը: Նախնական եւ երկրորդական ուսումը ծննդավայրին մէջ ստանալէ ետք, քսան տարեկան հասակին կը նետուի մամլոյ ասպարէզ եւ շուրջ երեք տասնամեակ կը պաշտօնավարէ «Ան-Նահար» օրաթերթին մէջ` իբրեւ գրականութեան ու մշակութային առօրեայ էջի եւ «Յաւելուած»ի խմբագիր: Միաժամանակ մաս կը կազմէ լիբանանցի յառաջապահ բանաստեղծ Եուսէֆ էլ-Խալի 1957-ին հիմնած «Շը՛ըր»` (Բանաստեղծութիւն) անուն զուտ բանաստեղծական հանդէսին, որ մեծ յեղափոխութիւն առաջացուց ո՛չ միայն լիբանանեան, այլեւ` արաբական բանաստեղծութեան մէջ, եւ 1970-էն մինչեւ իր մահը կ՛աւանդէ թատերական ստեղծագործութեան նիւթը` Լիբանանեան Պետական Համալսարանի մէջ: 1959-ին լոյս կը տեսնէ բանաստեղծ Իսամ Մահֆուզի «Մեռած բաներ» քերթողագիրքը, որուն կը յաջորդեն «Ամրան խոտեր» (1961), «Սուրը եւ կոյսի աստղը» (1963) եւ «Առաջին մահը» բանաստեղծական ժողովածուները: Տակաւին Պէյրութ չտեղափոխուած` ծննդավայրի թատերասէրներու բեմական փորձերուն իր գործօն մասնակցութիւնը բերած Իսամ Մահֆուզ 1963-ին կը գրէ իր անդրանիկ թատերախաղը` «Զանզալախդ»ը, որուն բեմադրութիւնը մէկէ աւելի անգամ կը յետաձգուի` բախելով գործնական եւ վարչական արգելքներու: Այս թատերգութիւնը կը բեմադրուի միայն հինգ տարի ետք` 1968-ին, գլխաւորութեամբ բեմադրիչ Պերճ Ֆազլեանի: «Զանզալախդ»ի մէջ հանդէս կու գան լիբանանեան թատրոնի երիտասարդ գլխաւորագոյն ուժերը, ինչպէս ապագայի նշանաւոր հեղինակ ու բեմադրիչ Ռեմոն Ժպարա, վաղամեռիկ դերասանուհի Մատոնա Ղազի եւ ուրիշներ: Այնուհետեւ Իսամ Մահֆուզ կը յօրինէ նոր թատերախաղեր` «Սպանութիւնը» (1968), «Քարթ պլանշ» (1970), «Տիքտաթորը» (1972), «Ինչո՞ւ Սարհան Սարհան մերժեց ինչ որ Զա՛իմը ըսաւ իրեն Ֆարաժալայի մասին, թիւ 71 սթե- րիոյին մէջ» (1972), «Ժպրան. անձնական պատկեր» (1983), «Մերկացումը» (2003) եւ շարք մը միարար թատերախաղեր: Հեղինակ է նաեւ չորս երկխօսութիւններու` արաբ դասական դէմքերու եւ մանաւանդ ըմբոստ ու յառաջապահ գրողներու եւ փիլիսոփաներու հետ: Բանաստեղծական եւ թատերական հատորներուն զուգահեռ` յառաջապահ մտաւորական Իսամ Մահֆուզի ստորագրութիւնը կը վայելեն գրաքննադատական, գրականագիտական, քաղաքական, թարգմանական եւ պատմուածքներու բազմաթիւ հատորներ, որոնք հեղինակին հրատարակուած մեծածաւալ, միջակ տարողութեամբ եւ փոքրածաւալ գիրքերուն թիւը կը բարձրացնեն 48-ի: Բանաստեղծ եւ թատերագիր Իսամ Մահֆուզի բնորոշ գործերէն բազմաթիւ նմուշներ թարգմանուած են զանազան լեզուներու, ինչպէս ֆրանսերէնի, անգլերէնի, գերմաներէնի, հայերէնի եւ այլ լեզուներու: Իր հեղինակած կարգ մը թատերախաղերուն բեմականացումները արժանացած են մրցանակներու: Ան նաեւ իր գործօն մասնակցութիւնը բերած է արաբական եւ միջազգային թատերական փառատօներու: Վաղաժամօրէն կը մահանայ 2006-ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան:

