Հետաքրքրական Լուրեր

Պենկալական վագր

– «Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ Չինաստանի մայրաքաղաք Փեքինի քաղաքապետարանը որդեգրած է նոր որոշում մը, ըստ որուն, քաղաքի հասարակական լուացարաններէն ոչ մէկուն մէջ պէտք է միաժամանակ երկու ճանճ ըլլայ: Ճանճերու դէմ պայքարը, ըստ քաղաքապետարանին, պիտի բարելաւէ հասարակական լուացարաններու տեսքը: Քաղաքապետարանը նաեւ պիտի վերահսկէ լուացարաններու մաքրութեան եւ սպասարկող անձնակազմի ուսուցման: Օրէնքը արդիական է յատկապէս Փեքինի հին թաղամասերու բնակիչներուն համար, որոնցմէ շատեր սեփական լուացարաններ չունին եւ ստիպուած են հասարակականներէն օգտուիլ: Միեւնոյն ժամանակ, օրէնքը չի նշեր, թէ ճանճերու քանակը ինչպէ՛ս պիտի ստուգուի:

– ԱՖՓ կը հաղորդէ, որ Հնդկաստանի արեւմտեան Մահարաշթրա նահանգին մէջ անտառապահներուն թոյլատրուած է տեղն ու տեղը գնդակահարել բոլոր անոնք, որոնք կը փորձեն վագր, փիղ կամ այլ վայրի անասուններ որսալ: Որսագողերը վիրաւորելը կամ սպաննելը այսուհետեւ այդ նահանգին մէջ յանցանք չի նկատուիր: Հնդկաստանի մէջ 70-ական թուականներուն յատուկ արգելանոցներ ստեղծուած են, սակայն վագրերու որսը կը շարունակէ սպառնալ այդ վագրերու գոյութեան, մասնաւորաբար աւանդական չինական բժշկութեան մէջ վագրի անդամներու օգտագործման պատճառով: Այս տարի արդէն 14 վագր սպաննուած է: 2011-ին այդ թիւը 15 էր:

 

Share this Article
CATEGORIES