«Իւրաքանչիւր Անհատ Կրնայ Դաւիթ Կարեճի Վանական Համալիր Այցելել, Նաեւ` Ազրպէյճանական Հատուած» Կ՛ըսէ Մանճկալածէ

Մանանա Մանճկալածէ

Վրաստանի նախագահի մամլոյ քարտուղար Մանանա Մանճկալածէ յայտարարեց, որ փափաքող իւրաքանչիւր անհատ արդէն կրնայ այցելել Ուտապնոյի մէջ գտնուող Դաւիթ Կարեճիի վանական համալիր: Ան նշեց, որ զբօսաշրջիկները կամ հաւատացեալները կրնան այցելել նաեւ վանական համալիրի այն հատուածը, որ կը գտնուի Ազրպէյճանի տարածքին մէջ:

Բանբերը նշած է, որ այդ հարցը քննարկուած է Վրաստանի նախագահ Միխայիլ Սահակաշվիլիի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի` Շիքակոյի մէջ ունեցած դռնփակ հանդիպումին ընթացքին:

«Մինչեւ վանքին շուրջ յառաջացած բոլոր խնդիրներուն վերջնական լուծումը, բոլոր փափաքողները կրնան այդտեղ այցելել, ներառեալ` այն մասը, որ կը գտնուի Ազրպէյճանի տարածքին մէջ», ըսած է ան:

Ըստ Մանճկալածէի, համաձայնութիւնը ուժի մէջ մտած է երկուշաբթի օրուընէ սկսեալ, եւ արդէն բազմաթիւ մարդիկ օգտուած են այդ կարելիութենէն:

«Մենք յոյսով ենք, որ սահմանազատման հետ կապուած բոլոր խնդիրները մեր ազրպէյճանցի գործընկերներուն հետ կը լուծենք հանգիստ եւ բարեկամական մթնոլորտի մէջ», ըսած է ան:

Վրացական-ազրպէյճանական սահմանին վրայ գտնուող վանական համալիրը երկար տարիներ երկու երկիրներուն համար վիճելի նկատուած է, սակայն իրավիճակը աւելի սրած էր, երբ երկու կողմերը այդ տարածքներուն մէջ սահմանապահներու թիւը աւելցուցած էին` թոյլ չտալով հաւատացեալներուն վանական համալիր այցելել:

 

Share this Article
CATEGORIES