Կիւլ Օթան-ի Ընդհանուր Քարտուղա՞ր Պիտի Դառնայ
Թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Անտերս Ֆոկ Ռասմուսենի պաշտօնավարութեան աւարտէն ետք չի բացառուիր, որ այդ պաշտօնը թուրք մը ստանձնէ:
ՕԹԱՆ-ի Ատլանտեան խորհուրդը առաջարկած է յառաջիկայ տասը տարիներուն ընթացքին ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնին վրայ նշանակել Թուրքիոյ ներկայացուցիչը:
Ըստ շրջանառութեան մէջ եղող լուրերուն, ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնին վրայ կրնայ նշանակուիլ Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլը:
1952-էն ի վեր ՕԹԱՆ-ի անդամ դարձած Թուրքիան, որ այս տարի այդ կառոյցին իր անդամակցութեան 60-ամեակը կը նշէ, նոյնպէս կ՛ուզէ ստանձնել ՕԹԱՆ-ի ղեկավարութիւնը:
ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնավարման ժամկէտը կ՛աւարտի 2013-ին, սակայն ան կ՛ուզէ այդ պաշտօնին վրայ մնալ մինչեւ 2014: ՕԹԱՆ-ի քուլիսներուն մէջ նոյնպէս կը խօսուի այն մասին, որ դաշինքի յաջորդ ընդհանուր քարտուղարը պիտի ըլլայ Ապտիւլլա Կիւլ, որուն իբրեւ Թուրքիոյ նախագահ պաշտօնավարութեան ժամկէտը կ՛աւարտի 2014-ին:

