Թուրքիա «Մաւի Մարմարա»-ի Հարցով Իսրայէլացի Ղեկավարներու Դէմ Ամբաստանագիր Պատրաստած Է

Թրքական «Սապահ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ թուրք դատախազ մը պատրաստած է ամբաստանագիր մը, որ իսրայէլացի զինուորական չորս նախկին ղեկավարներու ցկեանս բանտարկութիւն կը պահանջէ` 2010-ին «Մաւի Մարմարա» նաւուն դէմ կատարուած յարձակումին պատճառով:

Օրաթերթը կը հաղորդէ, որ ծանօթացած է Պոլսոյ դատախազ Մուհամատ Աքեֆ Աքընճըի պատրաստած ամբաստանագիրին բովանդակութեան, որուն մէջ իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի նախկին պետ Կապի Աշքենազիի եւ երեք այլ բարձրաստիճան հանգստեան կոչուած զինուորականներ կ՛ամբաստանուին յարձակումին մեղսակցութեան համար եւ անոնց անունը կը նշուի իբրեւ «փախուստի դիմած կասկածելիներ»:

«Սապահ» կը նշէ, որ Պոլսոյ աւագ դատախազը պէտք է վաւերացնէ ամբաստանութիւնը, նախքան 144 էջերէ բաղկացած ամբաստանագիրը առնչակից դատարան ուղարկելը: Ամբաստանագիրին պատրաստութեան համար օգտագործուած են Թուրքիոյ վարչապետին, արտաքին գործոց ու արդարադատութեան եւ թրքական գաղտնի սպասարկութեան նամակագրութիւնները, ինչպէս նաեւ 600 անձերու վկայութիւնները:

 

 

Share this Article
CATEGORIES