«Թուրքիա 11 Տարուան Մէջ Աշխարհի Ամէնէն Զարգացած Տնտեսութիւններէն Մէկը Պիտի Դառնայ» Կ՛ըսէ Էրտողան
Թրքական «Իլհաս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Ասթանայի մէջ ընթացող տնտեսական համախմբումին ընթացքին յայտարարած է, որ Թուրքիա կը նախատեսէ մինչեւ 2023 մտնել աշխարհի մեծագոյն տնտեսութիւններու առաջին տասնեակին մէջ:
«Մենք համոզուած ենք, որ պիտի հասնինք այդ նպատակներուն եւ ջանքեր պիտի չխնայենք ատոր համար: Այդ պատճառով ալ մեծ ուշադրութիւն կը դարձնենք սեփական մարզին եւ արդէն այս առնչութեամբ մէջ յաջողութիւններ արձանագրած ենք», ըսած է Էրտողան:
Թուրքիոյ Կեդրոնական դրամատան դրամական պաշարները ներկայիս 93 միլառ տոլար են, մինչ 9 տարի առաջ այդ ցուցանիշը 27 միլիառ տոլար եղած է:
Էրտողան նաեւ յիշեցուցած է, որ տասը տարի առաջ երկրին պետական պարտքը կազմած է համախառն ներքին արտադրութեան 74 առ հարիւրը:
«Այժմ այդ թիւը էապէս կրճատուած է, ինչ որ կարելիութիւն պիտի տայ մեծցնել զբաղուածութեան մակարդակը, զարգացնել տնտեսութիւնն ու առեւտուրը` աւելցնելով նաեւ Թուրքիոյ նկատմամբ վստահութիւնը», ըսած է Էրտողան:
Ան իր արտասանած խօսքին մէջ խիստ քննադատութեան ենթարկած է միջազգային վարկանշային կազմակերպութիւնները: Անդրադառնալով «Սթանտարտ անտ Փուրզ» կազմակերպութեան կողմէ վերջերս Թուրքիոյ ցած նիշ տալու փաստին` Էրտողան ըսած է, որ այդ կազմակերպութիւնները պէտք չէ երկիրներու նկատմամբ գաղափարական մօտեցում ունենան:
«Ատիկա անարդար պայմաններ կը ստեղծէ եւ զարգացող երկիրներուն կրնայ վնասել: Ես այդ կազմակերպութիւնները կը զգուշացնեմ եւ կը տեղեկացնեմ, որ այդ հարցը պիտի բարձրացնեմ Քսաններու անդամ երկիրներու հերթական հանդիպումին ընթացքին», ըսած է ան:

