Թուրքիա Սուրիան Կ՛ամբաստանէ Քակ-ին Օժանդակելու Յանցանքով
Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Իտրիս Նայիմ Շահին սուրիական վարչակարգը ամբաստանեց Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) օժանդակելու յանցանքով: Շահին Թրքական պետական պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ թրքական գաղտնի սպասարկութիւնները հիւսիսային Սուրիոյ Թուրքիոյ սահմանակից շրջաններուն մէջ ՔԱԿ-ի մեծաթիւ ներկայութիւն նշմարած են` նշելով, որ «Թուրքիոյ ունեցած տեղեկութիւնները ցոյց կու տան, որ սուրիական իշխանութիւնները նշեալ կուսակցութեան զինեալներուն ապաստան տրամադրած են, ինչպէս նաեւ անոնց նիւթական օժանդակութիւն տուած»:
Ան ընդգծեց, որ «այս քայլը վտանգաւոր է եւ շրջանի ապահովութիւնն ու կայունութիւնը կը վտանգէ»` աւելցնելով, որ «սուրիական վարչակարգը իր այս քայլով կ՛ուզէ Սուրիոյ մէջ սուրիացի ժողովուրդին ժողովրդավարութեան եւ ազատութեան պահանջներուն կողքին կանգնելուն համար Թուրքիայէն վրէժ լուծել»` վստահեցնելով, որ «իր հարաւային դրացիի հողամասերուն վրայ արձանագրուած դէպքերուն նկատմամբ Թուրքիոյ քաղաքականութիւնը պիտի չփոխուի»:
Ֆրանսայի նորընտիր նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ, պատասխանելով ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի Սուրիոյ հարցին գծով կատարելիքին եւ Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլի հետ իր հանդիպումին մասին «Հայաթ» օրաթերթի հարցումին, յայտնած է, որ ինք փափաքած է «Թուրքիոյ նախագահին հետ ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովին ընթացքին հանդիպում ունենալ, որովհետեւ Սուրիոյ կացութիւնը անընդունելի է, իսկ Թուրքիա այդ կացութեան զոհն է` սուրիացի մեծաթիւ գաղթականներու իր մօտ ապաստանելուն համար, եւ Թուրքիա կրնայ իր դերը խաղալ»:
Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Մոհամատ Քամել Ամրօ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնած է, որ «սուրիական վարչակարգը դէպի ետդարձ չունեցող կէտ կ՛ուղղուի եւ արտաքին միջամտութեան ճամբան կը հարթէ»:
Ամրօ սուրիական վարչակարգը զգուշացուցած է «բռնարարքները շարունակելու հետեւանքներէն»` սուրիական ընդդիմութեան կոչ ուղղելով իր շարքերը միացնելով արտաքին աշխարհին իբրեւ մէկ ճակատ ներկայանալու:
Ամրօ նշեց, որ իր երկիրը կը մերժէ տագնապի սկիզբէն ի վեր իր ժողովուրդին դէմ սուրիական վարչակարգին որդեգրած միջոցառումները` շեշտելով, որ իր երկրին կեցուածքը յստակ է եւ բռնարարքները կը մերժէ:
Եգիպտոսի դիւանագիտութեան պետը յայտնեց, որ «տագնապին լուծումը զինուորական միջամտութեան միջոցով պիտի չըլլայ», այլ` «միակ լուծումը վարչակարգին եւ մնացեալ բոլոր յարանուանութեանց միջեւ երկխօսութեան եւ ժողովուրդի պահանջներուն անսալու մէջ կը կայանայ»:
Միւս կողմէ, «Ժազիրա» պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Թուրքիա-Սուրիա սահմանի սուրիական կողմին վրայ կառավարական ուժերու եւ զինեալ ընդդիմադիրներու միջեւ բախումները կը շարունակուին: Այդ բախումներէն մէկուն ընթացքին այդ շրջանէն անցնող թրքական բեռնատար մը մնացած է փոխադարձ հրացանաձգութեան միջեւ եւ անոր ուղղութեամբ 36 փամփուշտ արձակուած է:
Վարորդը, որ հրաշքով փրկուած է, պատմած է. «Պահ մը չհասկցայ, թէ ի՛նչ կը կատարուի: Միայն մեքենայէն վար իջնելով գետին պառկելու հասայ: Աւելի ուշ ինծի մօտեցան Ասատի զինուորները, օգնեցին ոտքի կանգնիլ եւ վնասուած բեռնատարով շարունակել ճամբան»:
Դամասկոսի մէջ երէկ առաւօտեան տեղի ունեցաւ մեծ պայթում մը, որ նախնական տուեալներով 3 զոհ եւ 19 վիրաւոր խլեց: Պայթումը տեղի ունեցաւ Նասըր թաղամասին մէջ գտնուող ոստիկանութեան շէնքերէն մէկուն մօտ:


