Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու տեղեկութեանց բաժանմունքը յաջողեցաւ ազատ արձակել Ահմետ Սախրը, որ անցնող հինգշաբթի օր անծանօթներու կողմէ առեւանգուած էր իր տան առջեւէն` Պեքաայի Պաալուլ շրջանին մէջ:
ՄԷԿ զոհ եւ երկու վիրաւոր արձանագրուեցաւ երէկ յետմիջօրէին Ժտէյտէի Մար Թաքլա շրջանին մէջ, երբ ոսկեգոյն «ռենճ ռովըր» տիպի ինքնաշարժէ մը չորս զինեալներ անհատական վէճի հետեւանքով կրակ բացին Նաաման ընտանիքէն երեք եղբայրներու եւ սուրիացի աշխատաւորի մը վրայ` իրենց մոթորսիքլեթին նորոգման ատեն:
Երեկոյեան Տըքուենէի եւ Սին էլ Ֆիլի Միրնա Շալուհի մայրուղիները փակուեցան այրած անիւներով` իբրեւ բողոք դէպքին ընթացքին Էլի Ժոզեֆ Նաամանի սպանութեան:
ՈՒԶԱՀԻԻ մէջ (Պէյրութի օդակայանին մօտ) սփունգի գործարան մը հրդեհի մատնուեցաւ անծանօթ պատճառներով: Մարդկային կորուստներ չեն արձանագրուած ըստ նախնական տեղեկութեանց:
ԱՆԾԱՆՕԹՆԵՐ երէկ կանուխ առաւօտուն հրկիզած են Տըքուենէի շրջանի քաղաքապետ Անթուան Շախթուրայի «Մերսետես» տիպի ինքնաշարժը:
ԼԻԲԱՆԱՆՑի երեք կիներ զոհուեցան եւ ութ ուրիշներ վիրաւորուեցան, երբ «Տուհա Շամս» ուխտագնացութեան փոխադրակառք մը ականահարուեցաւ երէկ Պաղտատի մէջ:
Երէկ երեկոյեան Համրայի շրջանին մէջ անհատական գետնի վրայ ծանր բախումներ եւ կրակոցներ արձանագրուեցան Ղովմի կուսակցութեան կեդրոնի մը առջեւ:

