Քուէյխաթի Դէպքին Գծով Ճիգերը Կը Շարունակուին
Աքքարի ճամբաները գրեթէ ամբողջութեամբ վերաբացուեցան, սակայն ճիգերը կը շարունակուին երկու շէյխերու սպանութեան դէպքի պատասխանատուներու ճակատագիրին գծով:
Այս գծով սպաննուած շէյխերու ընտանեկան պարագաներու Պիրէի մէջ որոշուած մամլոյ ասուլիսը երէկ վերածուեցաւ քաղաքական փառատօնի, ուր խօսք առին շէյխերու եղբայրներն ու ցաւակցութեան ժամանած պատուիրակութեանց ներկայացուցիչները:
Այս իմաստով, Մարտ 14-ի ուժերու ընդհանուր քարտուղար, նախկին երեսփոխան Ֆարես Սուէյտ շեշտեց, որ բոլորն ալ կը զօրակցին բանակին, սակայն շէյխերու սպանութեան դէպքին գծով իրականութիւնը պէտք է բացայայտուի: «Դուք մինակ չէք, ձեր հարցը ամբողջ Լիբանանի հարցն է», ընդգծեց Ֆարես Սուէյտ:
Մինչ այդ, յատուկ վրան մը լարուեցաւ Պիրէ գիւղաքաղաքին հրապարակը, եւ ուրիշ մը` Հալպայի մէջ, մօտէն հետեւելու համար Քուէյխաթի դէպքին առնչուող վերջին զարգացումներուն:
Նախկին նախարար Պութրոս Հարպ նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի անունով ցաւակցութիւն յայտնեց` դատապարտելով սպանութեան դէպքը:
Իր կարգին, երեսփոխան Խալետ Տահեր կոչ ուղղեց պետութեան պատկան կողմերուն արդարօրէն մօտենալու այս հարցին` նշելով, որ շէյխ Ահմետ Ապտել Ուահետ զոհ գնաց Սուրիոյ վարչակարգին դէմ ցուցաբերած իր կեցուածքին:
Երեսփոխան Քասեմ Ապտել Ազիզ իր կարգին խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի անունով ցաւակցութիւն յայտնեց Քուէյխաթի դէպքին առիթով:

