Ապահովական Դէպքերը Իրենց Արձագանգը Գտան Համալսարաններուն Մէջ Եւս

Բանակը եւ ապահովութեան ուժերը կը հանդարտեցնեն լարուածութիւնը

Վերջին օրերուն Լիբանանի զանազան շրջաններուն մէջ արձանագրուած ապահովական դէպքերը իրենց առթած ոչ բաղձալի հետեւանքներով լարուած մթնոլորտ ստեղծեցին նաեւ համալսարաններու ուսանողութեանց մօտ:

Արդարեւ, նշեալ դէպքերուն զուգահեռ կարգ մը ուսանողներ` մեկնելով իրենց գաղափարական թէ դաւանական պատկանելիութենէն «Դիմատետր»-ի («ֆէյսպուք») էջերուն վրայ սկսան հակասական, թշնամական ու վիրաւորական փոխադարձ ակնարկութիւններ կատարել, ինչ որ թարգմանուեցաւ անախորժ բախումներով, յատկապէս Սեն Ժոզեֆ համալսարանին մէջ: Բանակը փութաց միջամտել եւ յաջողեցաւ անդորրութիւնը վերահաստատել համալսարանին մէջ:

Իրենց կարգին, համալսարանի ուսանողական միաւորները, յատկապէս` Հըզպալլայի եւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան անունով, յայտնեցին, թէ հարցը փակուած է եւ թէ իրենց մտադրութիւնը կացութիւնը առաւել եւս վատթարացնել չէր:

 

Share this Article
CATEGORIES