Զօրակցական Խօսքեր` Հարաւի Ազատագրութեան Եւ Դիմադրութեան Տօնին Առիթով
25 մայիսի 2000-ին Հարաւի ազատագրումէն ի վեր 12-րդ տարին ըլլալով լիբանանցիք, ժողովրդային թէ պաշտօնական մակարդակներով յատուկ խօսքերով ու տօնախմբութեամբ կը յիշեն յաղթանակի այդ օրը:
Այս ծիրին մէջ, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի շեշտեց Լիբանանի հողային ամբողջականութեան թէ ծովային, սահմաններու պաշտպանութեան անհրաժեշտութիւնը` նշելով, որ անցեալի պատերազմական դառն փորձառութիւնները կը թելադրեն ըլլալ աչալուրջ եւ կանխարգիլել Լիբանանը շրջանային իրադարձութեանց զոհ դարձնելու փորձերը: Պըրրի մերժեց Լիբանանը վերադարձնել (19-րդ դարուն Լիբանանի վրայ իշխած Օսմանեան կայսրութեան) «մութասարիֆներու» իշխանութեան օրերուն:
Զօր. Ժան Քահուաժիի Խօսքը
«Հիւսիսի վերջին իրադարձութեանց ցաւալի դէպքերը եկան անգամ մը եւս ապացուցելու, որ բոլորը ձեր վրայ դրած են իրենց գրաւը», յայտնեց լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի, երէկ Հարաւի ազատագրութեան 12-րդ տարեդարձին առիթով իր փոխանցած պատգամին մէջ «Այնպէս ինչպէս կը գուրգուրանք մեր հողին եւ ջուրերուն ու կը պաշտպանենք զանոնք, նոյնպէս ալ պէտք է նախանձախնդիր ըլլանք պահպանելու քաղաքացիի ազատութիւնը, արժանապատուութիւնն ու ապահովութիւնը», ընդգծեց զօր. Քահուաժի` կոչ ուղղելով բանակի տարրերուն թումփ կանգնելու երկպառակութեան ծուղակին եւ իրենց հարազատները պաշտպանելու առաւելագոյն նախանձախնդրութեամբ` կատարելով իրենց պարտականութիւնը:
Զօր. Աունի Խօսքը
Իր կարգին Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն, Լիբանանեան համալսարանի Հարեթի կրթական համալիրին մէջ այս առիթով իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, թէ ոմանք կը փորձեն Լիբանանի մէջ զուգահեռ գծել Սուրիոյ դէպքերուն հետ եւ զանոնք փոխանցել լիբանանեան հրապարակ` խախտելու եւ հարուածելու համար այս երկրին կայունութիւնն ու անդորրութիւնը, «եւ այս, որպէսզի Իսրայէլ հանգիստ մնայ: «Դիմադրութեան եւ բանակի դերերուն փոխլրացումով կը զօրանայ բանակը», շարունակեց զօր. Աուն` նշելով, որ կառավարութիւնը պիտի շարունակէ գործել, «որովհետեւ այլապէս երկիրը վտանգի կ՛ենթարկուի»:

