Ապահովական Վերջին Իրադարձութիւնները Առանցքը Կազմեցին Պատասխանատուներու Ձեռնարկած Շփումներուն
Հիւսիսի մէջ Շատի Մաուլաուիի հարցէն եւ Քուէյխաթի երկու շէյխերու սպանութենէն ետք Հալէպի մէջ լիբանանցիներու առեւանգումը, Պաղտատի մէջ լիբանանցիներու դէմ յարձակումը, լիբանանեան եւ Սեն Ժոզեֆ համալսարաններու միջադէպերն ու այս բոլորին ընկերացող ճամբաներու փակման երեւոյթն ու բողոքի ցոյցերը լիբանանցիներուն յիշեցուցին 13 ապրիլ 1975-ի լիբանանեան պատերազմի նախօրեակի մթնոլորտը` խոր մտահոգութիւն պատճառելով երկրին եւ անոր զաւակներուն ապահովութեան նախանձախնդիր լիբանանցիներուն:
Այսուհանդերձ, այս դէպքերը իրենց վրայ կեդրոնացուցին տեղական թէ արտաքին բարձր մակարդակի ճիգերը: Այս ծիրին մէջ, նախագահ զօր. Միշել Սլէյման ձեռնակեց բազմակողմանի շփումներու` անջատ հաղորդակցութիւններ ունենալով Սէուտական Արաբիոյ թագաւորին, Քաթարի իշխանին ու արաբ թէ օտար դեսպաններու հետ:
Նախագահ Սլէյման նաեւ խորհրդակցութիւններ ունեցաւ Լիբանանի մօտ Պաղեստինի դեսպանին հետ: Անոնք միասնաբար քննարկեցին պաղեստինցիները լիբանանեան ապահովական վերիվայրումներէն զերծ պահելու միջոցառումները:
Ապահովական իրադարձութիւնները նոյնպէս առանցքը կազմեցին լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի գլխաւորութեամբ գումարուած ապահովական նիստին` մասնակցութեամբ ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն զօր. Աշրաֆ Ռիֆիի, ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն զօր. Ապպաս Իպրահիմի, բանակի գաղտնի սպասարկութեանց պետ զօր. Էտմոն Ֆատելի, պետական անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէն զօր. Ժորժ Քարաայի եւ տեղեկատուութեանց բաժանմունքի ընդհանուր տնօրէն գնդ. Ուիսամ Հասանի:
Ժողովականները պարզեցին Լիբանանի այլազան շրջաններուն մէջ արձանագրուող ապահովական իրադարձութիւնները` քննարկելով անոնց դիմակալման ու քաղաքացիներու հանգստացման եւ ապահովութեան վերամրապնդման անհրաժեշտ միջոցառումները:
Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլի ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն զօր. Աշրաֆ Ռիֆիի հետ ունեցաւ հանդիպում մը, որուն ընթացքին խորհրդակցութիւնները կեդրոնացան ապահովական վերջին իրադարձութեանց վրայ:

