Հակառակ Բարձր Մակարդակի Վրայ Տարուող Ճիգերուն Հալէպի Մէջ Առեւանգուած Լիբանանցիներու Ճակատագիրը Կը Մնայ Մտահոգիչ

Սուրիոյ մէջ լիբանանցի առեւանգեալներու հարցին գծով նախնական տեղեկութեանց «քանի մը ժամէն ազատ արձակելու» խոստումները հետզհետէ չքացան երէկ յետմիջօրէին, երբ անոնց ընտանեկան պարագաները, յուսահատ` դիմեցին «խաղաղ» նստացոյցի Թայեունէի մէջ, միաժամանակ այրած անիւներով փակելով Պէյրութի միջազգային օդակայանի ու յատկապէս Պէյրութի հարաւային արուարձաններու եւ Պիր Ապտի ճամբաները:

Արդարեւ, նախագահ Միշել Սլէյման բուռն կերպով դատապարտեց առեւանգումի դէպքը` անհրաժեշտ ցուցմունքներ տալով ապահովական թէ դիւանագիտական պատկան մարմիններուն` այս հարցին անյապաղ լուծման գծով:

Նմանապէս, նախագահ Միշել Սլէյման հեռագիր մը յղեց Թուրքիոյ նախագահ Ապատալլա Կիւլի` պարզելով այս հարցին լուծման անհրաժեշտութիւնը:

Ըստ կարգ մը լրատուական աղբիւրներու, լիբանանցի առեւանգեալները հասած են Թուրքիա եւ անոնց ազատ արձակման գծով քուլիսային սերտ ճիգեր կը տարուին Թուրքիոյ հետ:

Նոյն ծիրին մէջ, նախանցեալ գիշեր Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու կապի մէջ մտած էր վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի եւ լիբանանցի իր պաշտօնակիցին` Ատնան Մանսուրի հետ, խոր ցաւ յայտնելով առեւանգման դէպքին համար:

Իր կարգին, Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանդր Զասպիքին երէկ «Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանին տուած իր յայտարարութեամբ խիստ վտանգաւոր նկատեց լիբանանցիներու առեւանգումի դէպքը` դիտել տալով, որ որոշ ուժեր կը փորձեն խախտել Լիբանանի կայունութիւնը` Սուրիոյ մէջ նման քայլերու ձախողութենէն ետք:

Նմանապէս Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով զգուշացուց սուրիական դէպքերը Լիբանան «փոխադրելէ» եւ անոնց ծանր հետեւանքներէն:

Երէկ երեկոյեան առեւանգեալներու ընտանեկան պարագաներուն եւ համակիրներուն հետ խորհրդակցելով` Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Ալի Ամմար յայտնեց, որ հակառակ եռեւեփող ամբոխային տրամադրութեանց` ժողովրդային շարժումի գծով ոչ մէկ որոշում չէ առնուած:

«Նաշրա» կայքէջին համաձայն, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան պատուիրակութիւն մը մասնակցած է Թայեունէի նշեալ նստացոյցին:

Նախկին նախագահ Ամին Ժեմայէլ դատապարտեց առեւանգումի դէպքը` կոչ ուղղելով առեւանգող կողմերուն` անմիջապէս ազատ արձակելու լիբանանցիները:

 

 

Share this Article
CATEGORIES