Ընթացիկ Հարցերու Կողքին Նախարարաց Խորհուրդը Քննեց Երկրի Ապահովական Վիճակը

Կառավարութեան նիստէն պահ մը

Նախարարաց խորհուրդը երէկ յետմիջօրէին Պաապտայի պալատին մէջ գումարեց իր նիստը: 49 կէտերէ բաղկացած ընթացիկ օրակարգին կողքին, ժողովականները քննարկեցին ապահովական վերջին իրադարձութիւնները: Անոնք նախանձախնդիր գտնուեցան, որ երկիրը զերծ պահուի երկպառակիչ պատերազմի ծուղակին մէջ իյնալու փորձութենէն:

Նախքան նիստին գումարումը, նախագահ զօր. Միշել Սլէյման եւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի մէկ ժամ տեւող դռնփակ խորհրդակցութիւն մը ունեցան` պարզելով վերջին իրադարձութեանց մանրամասնութիւններն ու այս գծով առնուելիք անհրաժեշտ քայլերը:

Այս առիթով նիստի բացումին ընթացքին արտասանած իր խօսքին մէջ նախագահ Սլէյման դատապարտեց Սուրիոյ մէջ լիբանանցիներու առեւանգումի դէպքը` «ընդվզեցուցիչ» որակելով կարգ մը երկիրներու կոչը իրենց քաղաքացիներուն` Լիբանանէն հեռանալու գծով:

Այս ծիրին մէջ կը նախատեսուի, որ նախագահ Սլէյման ձեռնարկէ արաբական շրջապտոյտի մը` սկսելով Սէուտական Արաբիայէն:

Նախագահ Սլէյման միւս կողմէ գոհունակութիւն յայտնեց, որ երկրի վերջին դէպքերը խթան հանդիսացան այլազան կողմերու ղեկավարներուն միջեւ հաղորդակցութեանց եւ երկխօսութեան վերսկսման:

Իր կարգին, վարչապետ Միքաթի վերահաստատեց կառավարութեան պաշտօնավարութեան գոյատեւումը` հաւատարիմ մնալով իր որդեգրած սկզբունքներուն, յատկապէս` ներքին անդորրութեան ամրապնդման գծով:

Վարչապետ Միքաթի դրուատեց Սէուտական Արաբիոյ յղած հեռագիրի բովանդակութիւնը նախագահ Սլէյմանին:

Նիստին աւարտին տեղեկատուութեան նախարար Ուալիտ Տաուք ներկայացուց նախագահին ու վարչապետին խօսքերուն բովանդակութիւնը եւ ժողովին առնուած հիմնական որոշումները:

Ժողովականները շեշտեցին բանակին դերակատարութիւնը եւ պաշտպանութեան ու ներքին գործոց նախարարներուն յանձնարարեցին աշխուժացնելու ապահովական համապատասխան կառոյցներուն աշխատանքը` հարցերու բարւօք եւ շուտափոյթ լուծման նախանձախնդրութեամբ:

 

Share this Article
CATEGORIES