Սեւծովեան Տնտեսական Համագործակցութեան Կազմակերպութեան Ընդհանուր Քարտուղարը` Երեւանի Մէջ
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Աշոտ Յովակիմեան երէկ ընդունեց Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Լեոնիտաս Քրիզանթոփուլոսը, որ յաջորդ ամիս կ՛աւարտէ իր պաշտօնավարութիւնը:
Աշոտ Յովակիմեան եւ Լեոնիտաս Քրիզանթոփուլոս քննարկեցին Կազմակերպութեան շրջագիծին մէջ համագործակցութեան եւ օրակարգային այլ հարցեր:
Քրիզանթոփուլոս Երեւան կը գտնուի կազմակերպութեան խորհրդարանական վեհաժողովին` երէկ սկսած 39-րդ լիագումար նիստին առիթով:
CATEGORIES Հայկական

