Ընդունելով Ֆրանսացի Ծերակուտականներ «Լեռնային Ղարաբաղի Անվտանգութեան Միակ Կարելիութիւնը Անկախութեան Միջազգային Ճանաչումն Է» Կ՛ըսէ Աշոտ Ղուլեան
Ֆրանսայի ծերակոյտի անդամներ Սոֆի Ժուասեն, Ֆիլիփ Մարինի եւ Պեռնար Ֆուրիէ, որոնք նախանցեալ օր ժամանեցին Արցախ եւ հանդիպում ունեցան Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ, երէկ հիւրընկալուեցան Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին եւ կառավարութեան մէջ:
Պատգամաւորներու եւ գործադիր իշխանութեան ներկայացուցիչներու հետ հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուեցան Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին քաղաքականութեան, Արցախ-Ֆրանսա կապերուն եւ շրջանային հոլովոյթներուն վերաբերող հարցեր:
Բացման խօսքին մէջ Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան` կարեւոր նկատելով Ֆրանսայի եւ բարեկամ այլ երկիրներու կողմէ ցուցաբերուած մարդասիրական օժանդակութիւնը, շեշտեց, որ առանց անոր Հայաստանը եւ հայ ժողովուրդը հազիւ թէ կարենային աջակցիլ Լեռնային Ղարաբաղի` Ազրպէյճանի հետ անհաւասար պատերազմին մէջ: Ազգային ժողովի նախագահը ընդգծեց նաեւ, որ Արցախի մէջ կարեւոր կը նկատեն Ֆրանսայի միջնորդական առաքելութիւնը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի շրջագիծին մէջ:
«Պարտադրուած պատերազմին մէջ ինքնապաշտպանուելով եւ դիմագրաւելով քանի մը անգամ գերազանցող հակառակորդին յարձակումը` մենք Արցախի մէջ կանխած ենք նոր ցեղասպանութեան իրական սպառնալիքը, եւ անկախութեան հաստատումէն ետք մեր անցած ճամբան, ինչպէս նաեւ այսօր գործադրուող ջանքերը ուղղուած են այս հողակտորին վրայ մեր ժողովուրդի ազատ եւ արժանապատիւ ապրելուն», աւելցուց Աշոտ Ղուլեան` շեշտելով, որ Լեռնային Ղարաբաղի ապահովութեան, անոր ժողովուրդին խաղաղ ապրելուն եւ զարգանալու միակ կարելիութիւնը փաստացի անկախութեան միջազգային ճանաչումն է:
Ֆրանսայի ծերակոյտի անդամ, տնտեսական յանձնախումբի նախագահ Ֆիլիփ Մարինի իր ելոյթին մէջ նշեց, որ Հայաստան այն երկիրներէն է, որուն սահմանները շատ յաճախ փոխուած են: «Բայց որքան կարդացած եմ` ամէն տեղ գրուած է, որ այս շրջանը մշտապէս Հայաստանի մաս կազմած է եւ բնակուած եղած է քրիստոնեայ հայ բնակչութեամբ: 20-րդ դարը վատ դար էր` պատերազմներու, ամբողջատիրութեան եւ ջարդերու: Եւ այդ դարուն ահաւոր դէմքերէն մէկը Խորհրդային Միութեան մէջ ներքին սահմաններու գծման նախահայրն էր` Ստալինը, որ սահմանները գծած է սկզբունքէ մը մեկնելով` բաժնէ, որ տիրես: Ղարաբաղի հարցը ծագած է այն պատճառով, որ սահմանները այդ ձեւով գծուած են», նշեց ֆրանսացի ծերակուտականը:
«Բարեբախտաբար պատերազմը աւարտեցաւ ձեր փոքրիկ ազգին միասնական յաղթանակով: Ձեր եւ ձեր հայրերուն քաջութեան շնորհիւ է, որ Լեռնային Ղարաբաղը 20 տարի է ի վեր կը յաջողի մնալ խաղաղութեան պայմաններուն մէջ: Եւ այն, ինչ որ ձեռք բերուած է այդ տարիներուն ընթացքին, ինչ որ շատ սուղ է ձեզի համար, տակաւին վերջնականապէս ճանչցուած չէ միջազգային հանրութեան կողմէ: Ճիշդ է, միջազգային հանրութիւնը չի ժխտեր ձեր երկրին գոյութիւնը, բայց միեւնոյն ժամանակ չի ճանչնար անկախութիւնը: Ես միայն կ՛ուզէի մաղթել, որ խաղաղութիւնը յարատեւ ըլլայ ձեր երկրին մէջ եւ կարենանք ամրապնդել այն, ինչ որ ձեռք բերած էք 20 տարիներու ընթացքին», աւելցուց Ֆիլիփ Մարինի` ընդգծելով, որ միջազգային յարաբերութիւնները պէտք է ենթարկուին իրականութեան տրամաբանութեան:
Ըստ ծերակուտականին, միջազգային հանրութեան բոլոր դերակատարները, եթէ ազնիւ ըլլան, պէտք է անպայման ընդունին Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին սեփական ճակատագիրը տնօրիներու հանգամանքը:
Ֆրանսացի ծերակուտականները հանդիպումներ պիտի ունենան նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի որոշ շրջաններուն մէջ, երիտասարդական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ:


