Թուրք Երեսփոխան Մը Արձանագրութիւնները Կը Կապէ Ղարաբաղին Եւ Կը Մեղադրէ Սփիւռքը
Թուրքիոյ խորհրդարանի անդամ, Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ թրքական պատուիրակութեան ղեկավար Իսմայիլ Սաֆի երէկ Երեւանի մէջ յայտարարած է, որ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններու վաւերացման վրայ կ՛ազդեն շարք մը գործօններ, ներառեալ` ղարաբաղեան հարցը:
Ան իբրեւ խոչընդոտ նշած է նաեւ հայկական սփիւռքի աշխուժութիւնը:
«Կան նաեւ այլ խնդիրներ: Պէտք է զանոնք դիտարկել ընդհանրութեան մէջ, եւ հարցը կարելի պիտի ըլլայ լուծել: Վերջնական հանգրուանին մէջ որոշումին մասնակից պիտի ըլլան Թուրքիան, Հայաստանը, այլ երկիրներ, եւ Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան խորհրդարանական վեհաժողովը կրնայ բանակցութիւններու ասպարէզներէն մէկը ըլլալ: Ես կ՛ուզեմ, որ մեր երկիրներու յարաբերութիւնները վերջաւորութեան կարգաւորուին», ըսած է թուրք երեսփոխանը:


