Պոսթընի Հայոց Ժառանգութեան Այգիի Պաշտօնական Բացման Արարողութիւն
Տասնամեակ մը շարունակ, հետեւողական աշխատանք տանելէ եւ զանազան արգելքներ դիմագրաւելէ ետք, ի վերջոյ Մասաչուսեցի հայութեան երազը իրականացաւ եւ կատարուեցաւ Հայոց ժառանգութեան այգիի պաշտօնական բացման հանդիսութիւնը` մասնակցութեամբ քաղաքի տեղւոյն հայ թէ օտար եւ Հայաստանէն ժամանած բարձրաստիճան պատուիրակութիւններուն:
Բացման արարողութիւնը կատարուեցաւ երեքշաբթի, 22 մայիս 2012-ին, քաղաքի կեդրոնական շրջանին մէջ, մասնակցութեամբ հարիւրաւոր հայորդիներու, որոնք հակառակ աննպաստ կլիմային, ժամանած էին հաւաքատեղին` ներկայ ըլլալու այս հանդիսութեան: Խօսք առին Պոսթընի քաղաքապետ Թոմ Մընինօ, Մասաչուսեցի կառավարիչ Տիվել Փաթրիք, ներկայացուցիչ Էտուըրտ Մարքի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան: Անոնք նշեցին, թէ պատմական օր մըն է այս օրը թէ՛ Պոսթընի եւ թէ՛ պոսթընահայութեան համար: Մընինօ դրուագներ ներկայացնելով իր անցեալի փորձառութենէն յայտնեց, որ այս իւրայատուկ քաղաքին մէջ որքան ներդրում կատարած են տեղւոյն ամերիկահայերը: Փաթրիք իր կարգին շեշտեց, թէ քաջատեղեակ է հայոց պատմութեան եւ ինքն ալ գաղթականի զաւակ ըլլալով, կը զգայ, թէ ի՛նչ դժուար պայմաններու տակ, տեղւոյն ամերիկահայութիւնը կրցած է գործել եւ ի վերջոյ կառուցել այս ժառանգութեան այգին: Շատ աւելի ազդեցիկ կերպով ներկայացուց Մասաչուսեցի հայութեան վիճակն ու գործունէութիւնը ներկայացուցիչ Մարքի, որ տասնեակ տարիներէ ի վեր, ամենայն համերաշխութեամբ եւ եռանդով կը գործէ բազմաթիւ հայորդիներու հետ: Ան անգամ մը եւս շեշտեց, թէ պատմութիւնը կարելի չէ կեղծել եւ ընդգծեց, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը պէտք է պատշաճօրէն ճանչցուի Սպիտակ տան կողմէ:
Փիթըր Գութուճեան` Միտըլսեքս շրջանի «շերիֆ» եւ Մասաչուսեցի Ներկայացուցիչներու տան նախկին պատգամաւոր, իր կարգին խօսք առաւ եւ նշեց, որ այս ժառանգութեան այգիին մտայղացումն ու աշխատանքը կը պատկանի ամէն մէկ հայորդիի: Ան աւելցուց, որ տարբեր գաղափարի կազմակերպութիւններ, հիմնարկներ, միութիւններ ու կուսակցութիւններ միասնաբար գործած են եւ քրտինք թափած այս յուշակոթողը կառուցելու համար:
Այս ժառանգութեան այգիի հիմնարկի գլխաւոր պատասխանատուներէն Ճէյմս Գալուստեան աւելի խօսեցաւ պատմութիւն կերտած պոսթընահայերու մասին` թուելով ծանօթ անուններ, որոնց կարգին` Արշիլ Կորքի, Ալըն Յովհաննէս եւ այլն:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան, յատկապէս կեդրոնացաւ գոյութիւն ունեցող հայկական գաղութներու հզօրացման մասին: Ան յայտնեց, որ Հայաստանի բնակչութեան թիւէն աւելի հայորդիներ կ՛ապրին զանազան գաղթօճախներու մէջ, եւ այս իւրայատուկ երեւոյթ մըն է, որուն համար աշխատանք կայ կատարելիք` պահելու համար ազգային կապուածութիւնն ու պատկանելիութիւնը:
Հայկական պատուիրակութեան մաս կը կազմէին նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան եւ Ուաշինկթընի մէջ Հայաստանի դեսպան` Թաթուլ Մարգարեան:
Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան շրջանի երկու առաջնորդներն ալ` Խաժակ արք. Պարսամեան եւ Օշական արք. Չօլոյեան, իրենց կարգին խօսք առին եւ կատարեցին պատարագ:
Այս ձեռնարկի աւարտէն ետք, հայրենի պատուիրակութիւնը այցելեց կարգ մը հաստատութիւններ, որոնց կարգին` Ս. Ստեփանոս ամէնօրեայ վարժարան, ուր խօսք առաւ տնօրէն Հուրի Պոյամեան, իսկ աշակերտներն ալ ներկայացուցին գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը:

