«Հայոց Լեզուի Փառատօն» Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ

Բարձր հովանաւորութեամբ Լիբանանեան համալսարանի տնօրէն տոքթ. Ատնան Սայիտ Հիւսէյնի, կազմակերպութեամբ Լիբանանեան համալսարանի լեզուներու եւ թարգմանութեան կեդրոնի մշակութային խմբակին եւ ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեանի եւ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, երկուշաբթի, 14 մայիս 2012-ին Լեզուներու եւ թարգմանութեան կեդրոնին մէջ բացումը կատարուեցաւ հայոց լեզուի փառատօնին: Քայլերգներէն ետք խօսք առաւ Լեզուներու եւ թարգմանութեան կեդրոնի տնօրէնուհի Հուտա Մաքնաս, որ նշեց, թէ հայոց լեզուն ընտրուեցաւ իբրեւ փառատօնի թեմա, որովհետեւ ատիկա ապրող լեզու մըն է, որ օգտակար դարձած է պահելու հայկական ինքնութիւնը Լիբանանի մէջ, ինչպէս նաեւ գոյատեւած է եւ զարգացած է հակառակ զայն ոչնչացնելու բոլոր փորձերուն: Ապա ան խօսքը փոխանցեց ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեանի ներկայացուցիչին, որ ընդգծեց, թէ հակառակ Ցեղասպանութեան` հայերը  չմեռան եւ ընտրեցին Լիբանանը իբրեւ երկրորդ հայրենիք եւ դիւրութեամբ շաղուեցան Լիբանանի ընկերութեան հետ` պահպանելով իրենց մշակոյթը, ինքնութիւնը եւ նշանաւոր դառնալով իրենց արհեստներով եւ արուեստով:

Անկէ ետք իր սրտի խօսքը արտասանեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան, որ յայտնեց, թէ Երեւանը քանի մը շաբաթ առաջ նշանակուեցաւ Գիրքի միջազգային մայրաքաղաք եւ ան դարձաւ հայկական 12-րդ մայրաքաղաքը, որ ստանձնեց աշխարհի 12-րդ գիրքի միջազգային մայրաքաղաք դառնալու տիտղոսը: Դեսպանը աւելցուց, որ փորձեր կատարուեցան հայոց լեզուն ջնջելու, գիրքեր այրուեցան, սակայն լեզուն ա՛լ աւելի զարգացաւ: Լեզուներու եւ թարգմանութեան բաժանմունքի պատասխանատու տոքթ. Ռանտա Շալիթա, որ նաեւ փառատօնին կազմակերպիչներէն մէկն էր, բեմ հրաւիրեց դաշնակահար Իզապէլ Գայայեանը, այլ կազմակերպիչ մը, որ ներկայացուց Կոմիտասէն եւ Առնօ Բաբաջանեանէն երկու կտորներ, որմէ ետք «Նոր Սերունդ»-ի «Արեգ» պարախումբը կատարեց քանի մը պար:

Դադարէ մը ետք շարունակուեցաւ փառատօնը եւ զեկուցումներ կարդացին տոքթ. Ապտ Ռուքուֆ Սաննու` «Հայերը իրենց ազգային տեսլականներուն եւ օսմանեան քաղաքականութեան միջեւ» թեմայով, իսկ տոքթ. Ֆայիզ Քայս` «Հայերը. բացառիկ ներկայութիւն մը Լիբանանի մէջ» նիւթով: Առաջին օրուան յայտագիրը փակուեցաւ Համազգայինի «Գայեանէ» պարախումբին եւ ՀԲԸՄ-ի «Արին» պարախումբին կատարումներով:

Երեքշաբթի, 15 մայիս 2012-ին փառատօնին բացումը կատարեց ճարտարապետ Րաֆֆի Չերչեան, որ ներկայացուց հայ ճարտարապետութեան յատկանիշները, որուն մէջ կեդրոնացաւ եկեղեցիներու, ինչպէս նաեւ Պուրճ Համուտի շէնքերուն տարբեր կառոյցներուն վրայ: Անկէ ետք ճարտարապետ Արփի Մանկասարեան ներկայացուց «Արհեստներու եւ ճարտարարուեստներու դերակատարութիւնը հայ մշակոյթի պահպանման մէջ» դասախօսութիւն:

Առաջին բաժինը փակուեցաւ Գէորգ Մանուկեանի տուտուկի եւ Հրայր Գալեմքերեանի կիթառի կատարումներով:

Փառատօնին երկրորդ բաժինը յատկացուած էր հայ բանաստեղծութեան: Արտասանուեցան կտորներ` Պարոյր Սեւակէն, Համօ Սահեանէն, Զարեհ Խրախունիէն, Զահրատէն, Յովհաննէս Գրիգորեանէն, Սարգիս Կիրակոսեանէն: Բանաստեղծութիւնները կը կատարուէին արաբերէնով եւ հայերէնով, ինչ որ հետաքրքրութիւն ստեղծեց արաբ հանդիսատեսին մօտ: Հայերէնով կ՛ասմունքէին` Սիլվա Քիւրքճեան եւ Սարգիս Տէր Խաչատուրեան:

Յայտագիրը փակուեցաւ երաժշտական բաժինով, կատարողութեամբ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» դպրոցի աշակերտներ` Հրակ Տեմիրճեանի (ջութակ), Բալիկ Լատոյեանի (դաշնակ), Մարինէ Հալլաճեանի (ջութակ), Գէորգ Քէշիշեանի (սրինգ) եւ Սարգիս Հալլաճեանի (դաշնակ):

Փառատօնին վերջին օրը` չորեքշաբթի, 16 մայիս 2012-ին ճարտարապետ Րաֆֆի Չերչեան ներկայացուց հայկական արուեստի գրականութեան վերաբերեալ նկարներ, ապա Շաղիկ Մկրտիչեան դասախօսեց «19-րդ դարու հայկական զարթօնքը եւ մշակութային գրականութիւնը» թեմային շուրջ: Անկէ ետք երգեր մեկնաբանեցին Նանօր Մաճառեան, Նժդեհ Պոտրումեան, Շողեր Թորոսեան եւ դաշնակ նուագեց Մարք Անթոնի Լահուտ:

Փառատօնին երկրորդ բաժինը շարունակուեցաւ Րաֆֆի Թոքաթլեանի զեկուցումով, որ ներկայացուց «ժամանակակից արուեստը. առասպել եւ իրականութիւն» նիւթը: Անկէ ետք դաշնակի վրայ կտորներ նուագեցին Լուք Ռաղեպ Ալամեհ, Էլենա Մանսուր, Մարիա Քիսոյեան եւ Գոհար Քիսոյեան:

Յատկանշական է, որ համալսարանի մուտքի սրահին մէջ կը ցուցադրուէին հայկական տարբեր արուեստի գործեր, ինչպէս նաեւ` հայկական ճաշեր:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )