Պիտի Շարունակենք Մայիսեան Յաղթանակի Երթը

«Եթէ Կրնաս` Բարձրացիր…
Եւ Քեզի Հետ Ուրիշներն` Եթէ Կրնաս Բարձրացո՛Ւր…»

Լիբանանի ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքին համար սովորութիւն դարձած է Հայաստանի անկախութեան տարեդարձը նշել Մայիսեան հանդիսաւոր եւ փառաշուք փառատօնով:

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի ընտանիքը` իր սկաուտներով, մարզիկներով, ԼԵՎԱՄ-ի մարզախաղերուն  մասնակցած դպրոցական աշակերտներով ոտքի կը կանգնի բարձրագոռ յայտարարելու, որ պիտի ընթանայ իր նախնիներու գծած նուիրական ուղիով, պիտի շարունակէ ՀՄԸՄ-ի սրբազան առաքելութիւնը` սփիւռքի մէջ թէ Հայաստանի` պատրաստելով հայութեան ու հայրենիքին համար ամէն ինչ նուիրաբերելու պատրաստ, ազգասէր, հայրենատենչ եւ անկախութեամբ արժէքին գիտակից երիտասարդներու «Կամար բանակ»:

… Եւ այսպէս գործը կը շարունակուի ու հպարտ քայլերով, միշտ նոր ծրագիրներով պիտի շարունակենք տողանցել, պիտի շարունակենք մեր առաքելութիւնը` շնորհիւ ՀՄԸՄ-ի հզօր կամքին, կորովին, հաւատքին ու պահանջին:

Իւրաքանչիւր ՀՄԸՄ-ականի բացարձակ իրաւունքն է բարձրանալ, ինչպէս նաեւ բարոյական պարտքն է իրեն հետ բարձրացնել իր շուրջինները: Իրաւունքի եւ պարտականութեան այս ըմբռնողութեամբ եւ գիտակցութեամբ ծաւալած է 97-ամեայ յոբելեարին գործունէութիւնը: Այդպէ՛ս է, որ արձանագրուած են յաջողութիւններ տարբեր մարզերու մէջ: «Բարձրացիր, բարձրացո՛ւր»-ը մնայուն ձգտում է ՀՄԸՄ-ականին համար, կեանքի ընթացք եւ գործունէութեան ուղեցոյց:

Դարձեա՛լ պիտի տողանցենք, պիտի տողանցենք խիտ շարքերով` միշտ հաւատարիմ մնալով  «Բարձրացիր բարձրացուր» նշանաբանին.

Կեցցէ՛ Սարդարապատը կերտող ժողովուրդը եւ կեցցէ Սարդարապատի ոգիով թրծուած ՀՄԸՄ-ը:

ՀՄԸՄ-ին եւ անոր ծաւալած գործունէութեան, ստանձնած առաքելութեան մասին շատ բան գրուած է եւ շատեր խօսած են: Ստորեւ կը ներկայացնենք միութեան մասին տարբեր անձնաւորութիւններու տուած վկայութիւններէն ոմանք:

 

ՀՄԸՄ-ը բազմաճիւղ եւ շքեղօրէն սաղարթախիտ ծառ մը դարձած է ազգային մեծ «անտառ»-ին մէջ: Թաղերու մէջ հիմնուած որբանոցները ժամանակն էր, որ բանային իրենց դռները` հոն հաւաքուած մեր որբերուն հասնելու համար: Այդ էր արդէն ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան մղում տուող առաջին գաղափարը:

ՏԻԳՐԱՆ ՔՀՆՅ. ԽՈՅԵԱՆ

 

ՀՄԸՄ-ը կը կրթէ, կը կերտէ անաղմուկ, անշշուկ: Ամենապարզ ու գործնական միջոցներով: Կեանք ու գործ, բնութիւն ու ճարպիկութիւն, խաղ ու վազք են միջոցները: Արձակ ասպարէզ կու տայ պատանիներուն` ցուցնելու, որ անարժէք չեն ու կը մղէ բարձրագոյն արժէքներու:

ՀԱՅՐ ՍԱՀԱԿ ԿՈԳԵԱՆ
1938

 

Անոնք, որոնք ՀՄԸՄ-ը հիմնեցին, կամեցան երիտասարդ Հայաստանին պարգեւ տանիլ կազմակերպութիւն մը եւ ոգի մը, որուն դրօշին տակ պէտք էր բոլորուէր ամբողջ հայ պատանեկութիւնն ու երիտասարդութիւնը` դառնալու համար մարմնով առողջ եւ կորովի, մտքով` պայծառ եւ արթուն, հոգիով` մաքուր եւ ամուր, նկարագրով` ուղիղ եւ գաղափարապաշտ. ու այսպէս հասակ նետած այդ սերունդը պիտի կոչուէր հայ ազգին ու հայ հայրենիքին իտէալներուն ծառայելու:

Այդ շրջանին ի՛նչ կանաչ լոյսեր կը ծաղկէին Հայ մարմնակրթական այս ընդհանուր միութեան շուրջ:

Աւա՛ղ, սակայն, հիմնական նպատակը չիրականացաւ:

Ու ՀՄԸՄ-ն ալ, հայ թափառականի ցուպը ձեռքին, կ՛ապրի դեռ օտար արեւներու տակ:

Բայց անոր նպատակն ու ոգին մնացած են ու պէտք է մնան նոյնը:

ՀՄԸՄ-ը պէտք է ապրի նոյն ոգիով, պէտք է հաւաքուի նոյն դրօշին տակ, պէտք է մարմնով ու հոգիով պատրաստուի` ծառայելու համար նոյն իտէալին:

Ահա թէ ինչո՛ւ Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութիւնը եղած է ու կը մնայ ամէնուն սիրած միութիւնը:

Ահա թէ ինչո՛ւ բոլորս պէտք է գուրգուրանք անոր վրայ ու պէտք է տանք անոր մեր անվերապահ, մեր ամբողջական օժանդակութիւնը:

ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՎԱԶԳԷՆ Ա. ՊԱԼՃԵԱՆ

 

ՀՄԸՄ-ը հայ դպրոց եղաւ, հայ ակումբ եղաւ, Հայաստան եղաւ, ազատ ու անկախ եռագոյնով Հայաստան դարձաւ, նոյնի՛սկ եկեղեցի եղաւ որոշ չափով: Այլ խօսքով, ՀՄԸՄ-ը մեր ժողովուրդի հոգեմտաւոր արժէքներուն ոչ միայն շտեմարանը դարձաւ, այլեւ եղաւ դպրոց մը, որուն արժէքներով կազմաւորուեցան ՀՄԸՄ-ին անդամակցողները: Ինչ որ կ՛ըսեմ, դուք լաւ կը զգաք իբրեւ ՀՄԸՄ-ականներ: Մենք այդ բոլորը տեսանք, ճիշդ է ՀՄԸՄ-ական չեղանք, բայց տեսա՛նք ու վկայեցինք գոյութենական կերպով:

Չեղաւ ան սոսկ միութիւն, այլ
Դպրոց` իր մարդակերտումի ու հայակերտումի ծրագրով:

Առաքելութիւն` իր վեհ սկզբունքներով ու ազնուագոյն իտէալներով:

Հայրենիք` իր ազգայնաշունչ մթնոլորտով, իր ազատութեան դրօշով, իր հայրենականչ պատգամով:

ՀՄԸՄ օրկանական իմաստով ու արտաքին բնոյթով մարմնամարզական կառոյց է, սակայն ազգային գաղափարախօսական իր նստուածքով շա՛տ աւելին է: Ան համակ գաղափարախօսութիւն է ու համակ ծառայութիւն` բառին վաւերական իմաստով:

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

 

Հայութեան կամքին խորհրդանիշ կազմակերպութիւնն է անիկա` ՀՄԸՄ-ը, որուն գլխաւոր հիմնադիրը նահատակ Շաւարշ Քրիսեանը պատգամեց.-

Հաւատքի գործ է անիկա:

Զայն ճանչնալու համար իւրաքանչիւր հայ թող իր մտքին դիմաց պատկերացնէ մեր կենսունակութեան խորհրդանիշ եւ համազգային գուրգուրանքի արժանի կազմակերպութեան` Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան չորս բառերու իւրաքանչիւրին իմաստը:

ՀԱՅ.- Ասպետական ցեղն է անիկա, որուն անուան «Արի»-ն, քաջ մարդն է. «Արմէն» հոլովումով: Հայը մարդկային պատմութեան մէջ յայտնաբերած իր արի գործերու բերումով տիրացաւ այս տիտղոսին եւ անով կոչուեցաւ ՀԱՅ:

ՄԱՐՄՆԱԿՐԹԱԿԱՆ.- Ցեղին մարմինն է անիկա, իր ամբողջական կազմութեամբ. մարմինը, որուն ներդաշնակութեան եւ կազմաւորման համար միտքն ու հոգին սերտ գործակցութեամբ կը ձեւաւորեն, կը դաստիարակեն ու կը կրթեն անձը դարձնելու համար կազմուածքով, տեսքով եւ էութեամբ վայելուչ, հմայիչ:

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ.- Համայն հայութեանն է, ոչ մէկուն սեփականութիւնն է անիկա, ո՛չ սեւին ու ճերմակին եւ ո՛չ ալ կարմիրին ու կապոյտին, ո՛չ առաքելականին եւ ո՛չ ալ կաթողիկէին ու աւետարանականին, այլ` բառին ամբողջական առումով ընդհանուրին:

ՄԻՈՒԹԻՒՆ.- Բովանդակ հայութեան արտայայտութիւնն է անիկա, միացած հոգւով ու սրտով, ապրումով եւ գործով, սիրով,  եղբայրութեան նուիրական ուխտով զրահուած, կազմակերպութեան շունչով սնանող, անոր գուրգուրանքով ու խնամքով աճող, ծլող-ծաղկող միութիւն:

ՇԱՒԱՐՇ ՔՀՆՅ. ՄԵՀՐԱՊԵԱՆ

 

Ազգային ծառայութեան անդաստանին մէջ անշահախնդիր նուիրեալը իր նկարագիրը կերտեց ՀՄԸՄ-ի դպրոցին մէջ:

Հայ ժողովուրդի անկորնչելի հարստութեան դրօշակակիրը դարձաւ ՀՄԸՄ-ի աւազանէն վերածնած հայ երիտասարդը:

Մռայլ հորիզոններու դիմաց ընդմիշտ յոյսի ջահակիրը մնաց պատուով երդուեալ ՀՄԸՄ-ականը:

Արդարօրէն առողջ դաստիարակութեան եւ նկարագիրի կերտման ձուլարանը եղաւ ՀՄԸՄ-ը:

Վաւերական ճշմարտութիւններ, որոնք այսօր կը բացայայտուին ողջ սփիւռքեան տարածքին ծաղկող հայ կեանքով եւ կատարած ազգային միութենական նուաճումներով:

Ջերմօրէն կ՛օրհնեմ յիշատակը բոլոր այն հիմնադիրներուն, որոնք ծնունդ տուին մարմնակրթական այս միութեան:

Կ՛օրհնեմ ՀՄԸՄ-ի անցեալի բիւր վաստակը եւ նորանոր յաջողութիւններ կը մաղթեմ բոլոր ՀՄԸՄ-ականներուն:

Ջերմ սիրով եւ օրհնութեամբ`

Աղօթարար`

ՍՈՒՐԷՆ ԱՐՔ. ԳԱԹԱՐՈՅԵԱՆ
Առաջնորդ Հայոց Բերիոյ Թեմի

 

ՀՄԸՄ եղաւ աշխարհացրիւ սփիւռքի հայրենազուրկ սերունդներուն հոգիներուն մէջ ապրող, շնչող ու մանաւանդ ներշնչող Անհող Հայրենիք:

ՀՄԸՄ եղաւ Մեծ եղեռնի ազգաջինջ սպառնալիքին զոհ գացած սերունդին աւերակուած հոգիներուն մէջ նոր սերունդներուն երթը երաշխաւորող Յոյս:

ՀՄԸՄ եղաւ սփիւռքի այլասերող գաղթավայրերու մէջ հետզհետէ բարեկեցիկ կեանք ապրող մեր նոր սերունդի կեանքը հայութեամբ կռանող կրանիթեայ Կամք:

ԳԵՂԱՄ Ծ. ՎՐԴ. ԽԱՉԵՐԵԱՆ
Առաջնորդ Լիբանանի Հայոց Թեմի

 

Մենք, մենք անմահներն ենք նահատակ ցեղին:

Այսպէ՛ս պիտի գոռաք ու ձեզ լսողները պիտի զարմանան, պիտի հիանան, սքանչանան ու յարգե՛ն:

Ու դուք պիտի շարունակէք, անսայթա՜ք, մնալ ունկնդիր ցեղի ձայնին:

Պիտի քալէ՛ գայլիկը, ու ծերունին պիտի հեկեկա՜յ:
Պիտի քալէ՛ մարզիկը, ու պառաւը պիտի օրհնէ:
Պիտի քալէ՛ սկաուտը, ու մայրիկը հպարտանայ:
Պիտի քալէ՛ արենուշը, ու հայրիկը փառաւորուի՛:

Ոսկի տղաք, ոսկի՛ դնդերներով, ոսկի սրտով.-

Պիտի տողանցէք` ու գետինը պիտի դողայ:
Պիտի տողանցէք` ու պիտի խայտան նահատակներու ոսկորները:
Պիտի տողանցէք` ու անիրաւուածները պիտի լեցուին յոյսով:
Պիտի տողանցէք` ու բոլո՛ր դրօշները պիտի ըլլան միեւնո՛յն սրբազան լերան պատկերով:
Պիտի տողանցէք, ու եթէ մարդիկ պահ մը քարացնե՛ն իրենց խիղճը, քարերը պիտի դառնան խիղճ ու աղաղակեն.

– Յառա՜ջ…

– Յառա՜ջ, նահատակ ցեղի անմահներ:

Ձեր երթը մաքուր է, ազգային է ու համամարդկային:

Դուք ծնունդն էք նահատակութեան մը մանաւանդ, ու հետեւաբար արդար է որ անմահութիւնը ըլլայ ձեր դափնին:

Յառա՜ջ ու ազգը ձեզի հետ,
Յառա՜ջ ու Աստուած ձեզի պահապան,

Դուք,
Նահատա՛կ ցեղի անմահներ,

Դուք,
Ուխտաւորնե՛ր Արարատի:

Ե. ԵՐԿԱԹ

 

Մեր իրականութեան մէջ դպրոցին քով կարելի է անվարան դնել միւս դպրոցը, որուն ճակատին գրուած է ՀՄԸՄ:

Հոս իւրաքանչիւր տարիք ունի իրեն համապատասխան մթնոլորտը եւ կարգը. գայլիկ, արծուիկ, արի, արենուշ, երէց, սկաուտ, պարմանուհի, մարզիկ, վարչական: Հոս իւրաքանչիւր աշակերտ միաժամանակ ուսուցիչ է ու տնօրէն, եւ վկայականները կը ստացուին տարիներու գումարով, աստղ, կարողութեան արտայայտութեամբ` աստիճան:

Մասնագիտական պեճերը բազմաթիւ են եւ բազմատեսակ:

Հոս մարզանքը տղոց սիրած խաղն է, միջոցն է, նպատակը չէ: Նպատակը միւսն է. նկարագրի կերտումը, ընկերային էակ դառնալու գրաւականը, ազգային մեծնալու հպարտանքը, մարդ դառնալու կիրքը:

Կ՛ուզէք` քննութեան տակ առէք ՀՄԸՄ-ականը, կ՛ուզէք` քննեցէք ՀՄԸՄ-ը:

Ասիկա այն միութիւնն է, որ իր ժողովուրդին տուաւ համազգեստի ճաշակ, պարզեց եռագոյն, հնչեցուց «Յառաջ, նահատակ»:

Ասիկա այն միութիւնն է, որ գօտիին ու գլխարկին վրայ կրեց Արարատ ու Արաքս եւ իր երթին մէջ բարձրացաւ ու բարձրացուց:

Եղեռնէն ետք, որպէս կազմակերպութիւն իր ժողովուրդի անդրանիկ զաւակ` ՀՄԸՄ իր խառնուածքով ու կեցուածքով մնաց հարազատ:

Ասիկա այն միութիւնն է, որ Աստուծոյ հաւատարմութեան եւ հայրենիքի ծառայութեան երդում ըրաւ:

Սորվեցուց կարգապահութիւն, բնութեան սէր, նկարագրի մաքրութիւն, սորվեցուց մարդ հայ մնալու արու կեցուածք:

Հայ դատի պատրաստութիւն տեսաւ փողով ու թմբուկով, որպէսզի «սառած սրտեր բորբոքի՛ն»:

ՀՄԸՄ-ը` այս միւս դպրոցը:

ԵՐՈՒԱՆԴ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ

 

Շնորհիւ հեռատես ղեկավարներու թափած ջանքերուն, ՀՄԸՄ թափանցեց հայ երդիքներէն ներս, ջերմացուց անոնց սրտերը հայրենիքին հանդէպ, բաժնեկիցը դարձաւ անոնց տառապանքներուն եւ ուրախութիւններուն, համատեղեց զանոնք ապահով վայրերու մէջ, տիրութիւն ըրաւ անոնց, ժողովուրդին կուռքը դարձաւ եւ սիրուեցաւ պաշտուելո՛ւ աստիճան:

Թիւով քիչ, բայց որակով հիասքանչ հայ ժողովուրդին արգանդին ծնունդն է ՀՄԸՄ-ը, որ շատ բան առաւ անկէ, սակայն նաեւ քիչ բան չտուաւ անոր: Հայ պատանիին սորվեցուց ըլլալ չարքաշ ու արի, ազնիւ եւ վեհանձն, պարկեշտ եւ նուիրուող: Սերունդներ փրկեց ձուլումի երախէն եւ դարձաւ հայրենի՛ք օտար երկինքներու տակ:

ՀՄԸՄ եղաւ մանաւանդ, եւ է՛ այսօր ալ, բարոյական յաղթանակներու անհաւասարելի ախոյեան միութիւն: Հաւատարիմ` իր հեթանոս պապերէն իսկ կտակուած աւանդներուն, մեր ժողովուրդին տուաւ բարոյական արժէքներու նոր հարստութիւններ:

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՏԷՐ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )